ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդկային բնաւորութեան ամենէն յայտնի արտայայտութիւններէն մէկն է՝ անյա՛գ ըլլալ՝ բաւարարութիւն, յագենալ չգիտցող կիրքերու գերին ըլլալ, անսահման եւ երբեմն ալ անկարելի փափաքներ ունենալ։ Կ՚ըսուի թէ մարդուն աչքը ծակ է՝ երբեք չի կշտանար, եւ նոյնիսկ որովայնը կշտանայ՝ աչքը չի կշտանար եւ անսահման, անհատնում պահանջներով միշտ աւելիին տիրանալ կ՚ուզէ։
Այս անյագութիւնը որքան մարմնական, նոյնքան ալ բարոյական է. մարդ երբեք չի բաւարարուիր իրեն տրուած փառք եւ պատիւով, եւ միշտ աւելին կ՚ուզէ։
Դիրք, աստիճան, տիտղոս, փառք… միշտ աւելի՛ն, միշտ աւելի բարձրը եւ միշտ աւելի տիրականին կը ձգտի, եւ ինչպէս ըսինք, մարդուն աչքը երբեք չի կշտանար իր ունեցածներով։ Ուստի մարդուն հոգին ալ անյագ է՝ անշուշտ ասիկա հետեւանքն է անոր մարմնական տկարութեան եւ բարոյական թերութիւններուն, ընդհանրապէս անկատարութեա՛նը։ Եւ մարդ քանի որ անկատար է, ապա ուրեմն «կատարեալ» ըլլալու անվերջ փափաք մը ունի, եւ այդ փափաքն է որ անոր կեանքին ընդհանուր ընթացքը կ՚որոշէ, անոր կեանքին նպատակը կը ծրագրէ եւ վերջապէս իր կեանքին իմաստ մը կու տայ, եւ բոլոր ասոնք կը կազմեն անոր ընդհանուր նկարագիրը։ Եւ քանի որ միշտ կատարեալ ըլլալու ձգտում մը կայ մարդոց մէջ, այս պատճառով մարդիկ ընդհանրապէս անյագ են իրենց փափաքներուն եւ պահանջներուն նկատմամբ։ Ասիկա նիւթական գետնի վրայ աւելի յայտնի կը դառնայ, բայց հոգեւոր եւ բարոյական մարզի մէջ ալ կարելի է տեսնել, որոնք մարդուս ապերջանկութեան պատճառ կ՚ըլլան, քանի որ իր ուզածին չտիրացած մարդը միշտ յուսախաբ կ՚ըլլայ եւ դժբա՛խտ։
Փափաքիլ եւ չտիրանալ, ուզել եւ չունենալ յուսախաբութեան պատճառներ են՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան երջանկութեան։
Այս ուղղութեամբ եթէ խորհինք, երջանկութիւն կը նշանակէ՝ նպատակին հասնիլ, փափաքածին տիրանալ եւ կատարեալ ըլլալ՝ անթերի եւ զօրաւո՛ր։ Եւ որովհետեւ մարդ միշտ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի եւ պիտի ունենայ, ուրեմն կատարեալ եւ տեւական երջանկութեան հասնիլ գրեթէ անկարելի՛ է։
Եւ այս պատճառով, երբ մարդ անկարելիին իրականացման յուսայ, եւ որքան շատ յոյս ունենայ անկարելիին՝ այնքան յուսախաբ կ՚ըլլայ եւ ի վերջոյ կը յուսալքուի եւ դասալիք կ՚ըլլայ՝ դժբախտ եւ թշուառ կեանք մը ապրելու կը ստիպուի…։
Մարդ էակը ընդհանրապէս մեծ ցանկութիւններ կը սնուցանէ իր ներաշխարհին մէջ, սակայն այդ ցանկութիւնները՝ փափաքները մարդուն կը պատկանին՝ «մարդկային» չե՛ն։ Մարդկային չեն՝ քանի որ մարդուս կարողութիւնը սահմանափա՛կ է։
Մարդ իր սահմանաւոր կարողութիւնով չի կրնար տիրանալ իր ամէն փափաքած բանին, թէեւ փափաքը անսահման է, բայց անոնց իրականացման կարելիութիւնը որոշ եզր մը ունի, քանի որ մարդ որոշ տարողութիւն մը ունի։ Արդարեւ, ո՞վ պիտի չուզէր տիրանալ առատ ստացուածք իրեն եւ իրեններուն համար։ Ո՞վ պիտի չուզէր ամենէն բարձր դիրքը գրաւել ընկերութեան մէջ՝ մեծ աստիճաններ, պատուաբեր տիտղոսներ, նախանձելի դիրքեր։
Այս իմաստով, ինչ որ մարդուն կը վերաբերի մարդկային չէ։ Ուրիշ խօսքով, մարդուն ամէն ուզածը, ամէն փափաքածը՝ մարդուն կը պատկանի եւ սակայն մարդկային չէ՛։ Որովհետեւ մարդ «կեանք» կոչուած ընթացքին կամ իրողութեան դէմ երկու կեցուածք կը ներկայացնէ ընդհանրապէս. մին իր անձէն անդին ուզելու եւ տիրելու-տիրանալու արարքը՝ որ իրեն սեփականացնել կ՚ուզէ բոլոր այն բարիքները որ աշխարհի վրայ կը գտնուին, իսկ միւսը՝ տիրապետո՛ւմն է ինքզինքին, որով կը խորհի հասնիլ իր նպատակին՝ առաքինութեան եւ ազնուութեան առաքինութեան յաղթանակին։
Առաջին պարագային՝ կը յաղթանակէ «առնո՛ղ Ես»ը, իսկ երկրորդին՝ «տուող Ես»ը։ Եւ տալը միշտ աւելի՛ երանելի է քան առնելը։ Բայց մարդուս համար առհասարակ առնելը սովորական է, իսկ տալը՝ բացառիկ եւ հազուադէպ։ Բայց աւելի արժէք ունին «հազուադէպ» իրերը եւ իրողութիւնները, քան սովորականները։ Ուստի Յիսուս այս մասին է որ կ՚ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է բոլորին ծառան ըլլայ» (ՄԱՐԿ. Ժ 43-44), եւ շարունակելով կու տայ Իր իսկ տիպարը այս մասին. «Որովհետեւ, Մարդու Որդին, ի՛նքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է տարբերութիւնը «առնել»ու եւ «տալ»ու եւ «մեծ»ի եւ «փոքր»ի։ Արդարեւ, հոգիին ճշմարտութիւնը պէտք չունի «տիրող»ներու եւ «գերի»ներու, «իշխող»ներու եւ «հպատակ»ներու, քանի որ հոն իշխողը եւ գերին, տիրողը եւ հպատակը հաւասար են եւ որեւէ գերազանցութիւն չունին իրարու նկատմամբ։
«Բառեր կան մարդկային կեանքի մէջ, որոնց բերած յեղաշրջումը աւելի խոր է եւ ընդարձակ, քան մեծ արշաւանքներուն եւ յեղափոխութիւններուն իրագործումը», կ՚ըսէ Եղիշէ Արքեպս. Տէրտէրեան։ Եւ շարուակելով, կ՚ըսէ թէ՝ այդ բառը «ծառայել» բառն է։
Արդարեւ, բառը, կերպով մը կը յիշեցնէ մարդուն սկզբնական կոչումը՝ թէ ան ստեղծուած «իրերօգնութեան» կոչումով, իւրաքանչիւր անհատի սկզբնական պարտքն է ուրիշին օգնել իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով, ինչ որ կը նշանակէ՝ ծառայե՛լ։ «Ծառայել» բառը երբեք պէտք չէ՛ առնուի նուաստացուցիչ իմաստով, քանի որ ծառայել ստորին աստիճանի մարդոց յատուկ արարք մը չէ, ան քրիստոնէական վարդապետութեան ամենէն հիմնական արարքներէն մին է, քանի որ Ի՛նք Քրիստոս չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու։ Ուստի «ծառայութիւն»ը, Քրիստոսի տիպարով՝ մեծութի՛ւն է, առաքինութի՛ւն է, ազնուութի՛ւն է։ Ծառայել, արդարեւ, կը նշանակէ՝ հաւատարիմ ըլլալ իր կոչումին, քանի որ մարդ իր նմաններուն ծառայելու կոչումով եւ պարտաւորութեամբ ստեղծուած է։
Մարդ ինչ դիրք, աստիճան կամ դասակարգ ալ ունենայ, իր դիրքին, աստիճանին եւ դասակարգին համեմատ պէտք է ծառայէ ուրիշներուն, որպէսզի հաստատուի ընկերային ներդաշնակութիւնը՝ առանց որու կարելի չէ տիրէ խաղաղութիւն՝ ի՛նչ որ առաջնակարգ պահա՛նջքն է մարդուն։
Վերջացնենք դարձեալ Եղիշէ Արքեպս. Տէրտէրեանի սա իմաստալից խօսքով. «Միայն փոքրոգիները, մակաբոյծները, միտքով աղքատները կը սիրեն որ ուրիշնե՛րը ծառայեն իրենց…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 8, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024