ԱՆՍԿԻԶԲԸ ԵՒ ԱՆՎԱԽՃԱՆԸ
Ամրան պայծառ արեւը վկայ մըն է յաւիտենականութեան։ Այն արեւը՝ որ մարդոց գլխուն վրայ կը փայլի, կը փայլէր աշխարհի սկիզբէն ի վեր, երբ Ադամ եւ Եւա իրենց դրախտային երանութեան մէջ՝ դեռ իրարու երես չէին նայած, շլացան այդ նոյն արեւէն։
Եւ գիշերուան աստղերը՝ նոյնպէս յաւիտենական վառած կանթեղները եղած են երկինքի երեսը, երբ այս աշխարհը տակաւին անձեւ պարապութիւն մըն էր։ Ամէն անգամ որ կը խորհրդածենք տեւականութեան խորհուրդին վրայ՝ յաւիտենականութենէն, զայն կ՚արժէքազրկենք։ Ուրիշ բացատրութեամբ՝ ոչ մէկ բան տեւական է ու «յաւիտենական» չէ։ Այս ուղղութեամբ, պահ մը վերցնենք մեր աչերը լեռներու բարձունքներուն եւ նոյն խորհուրդը կը պարզուի մեր միտքերուն մէջ։ Այդ լեռները չեն փոխուած՝ միշտ նոյն տեսարանը, նոյն դիրքը, մարդկային ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ հազարաւոր տարիներու ընթացքին։ Ո՛չինչ փոխուած է. լեռները նստած իրենց «խարիսխ»ներուն վրայ՝ դիտած են մարդկային պատմութիւնը իր յարափոփոխ փուլերովը։ Մարդկային կեանքեր փոխուած են, բայց լեռները ո՛չ երբեք։ Թագաւորութիւններ, իշխանութիւններ, միլիոնաւոր մարդիկ՝ ապրեր մեռեր են՝ յաղթականներ եւ նուաճեալներ, պարտուողներ՝ հաւասարապէս ժամանակի մէջ կորսուած, տարուած են. սերունդներ սերունդներու յաջորդեր են… եւ յաւիտենականութեան եզերքը փշրուեր՝ եւ կորսուեր են։ Լեռները, ահաւասիկ, վկաներ են Արարիչին եւ Անոր ստեղծագործութիւններուն յաւիտենականութեան։
Մարդկային կեանքին համար յատկանշական է եւ նոյնքան անխուսափելի՝ փոփոխութի՛ւնը։ Արդարեւ, մարդ տեւական բարեփոխութեան ենթակայ է, մարդկային բնութեան բնական հետեւանքն է ասիկա։ Թէեւ էականը չի փոխուիր, սակայն ձեւականօրէն շատ բան կը փոխուի մարդկային կեանքին մէջ։
Եւ այս իմաստով կարելի է ըսել՝ թէ քաղաքակրթութիւնը էապէս «յառաջդիմութիւն» չէ, այլ՝ բարեփոխութիւն, ապրելակերպի փոփոխութիւն։
Մարդիկ, երբեմն հաւաքապէս աւելի դանդաղօրէն կը փոխուին, երբեմն ալ՝ արագօրէ՛ն։ Ուստի ընկերաբաններ եւ պատմաբաններ կը հաստատեն, թէ մարդկային ընկերութիւնը աւելի շատ արագ փոխուած է սա վերջին հարիւր տարուան ընթացքին քան մարդկային նախընթաց պատմութեան ընթացքին։ Զոր օրինակ, մէկը որ ասկէ յիսուն տարի առաջ կ՚ապրէր, ներկայիս հիմնովին եւ ամբողջովին փոխուած կը գտնէ աշխարհը, նոյնիսկ այն միջավայրը՝ որուն մէջ կ՚ապրի այսօր։ Եւ ամէն օր ալ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի այդ միջավայրը զգալի եւ երբեմն անզգալի կերպով։
Ուստի՝ փոփոխութիւն՝ անցաւորին, ժամանակաւորին եւ յաւիտենականութիւն՝ անանցանելիին, անժամանակաւորին։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, Աստուծոյ նման յաւիտենական է ի՛նչ որ աստուածային է. սէ՛ր, արդարութիւն, ճշմարտութիւն, ինչպէս ալ որ անոնք արտայայտութիւն գտնեն, մարդոց մէջ, եւ կամ մարդոց գործերուն մէջ։ Եւ այդ պատճառաւ, յաւիտենակա՛ն է Աստուծոյ Որդին՝ որպէս յայտնութիւնը յաւիտենական Աստուծոյ։
Արդարեւ, մարդը, իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ բարութիւնը, իր զգացումներով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնին հնազանդութեամբ, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, մա՛րդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս ամէնուն ընդմէջէն ան կը նշմարէ նշանները իր «աննիւթական հոգի»ին։ Իր հոգին, «սերմ յաւիտենականութեան»՝ որ կը կրէ իր մէջ եւ որ անվերածելի է լոկ նիւթին, իր ծագումը չի կրնար գտնել եթէ ոչ միայն Աստուծոյ մէջ։
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը աշխարհին, հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը ծովուն, հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը համասփռուող օդին, հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը երկինքին. հարցաքննէ՛ այս բոլոր գոյակները։ Ամէնքը կը պատասխանեն քեզի.- Տե՛ս, մենք գեղեցիկ ենք։ Անոնց գեղեցկութիւնը դաւանութիւն մըն է։ Փոփոխականութեան ենթակայ այս գեղեցկութիւնները ո՞վ ստեղծեց եթէ ոչ Գեղեցիկը՝ որ ենթակայ չէ փոփոխութեան»։
Մեկնելով աշխարհի ցուցաբերած շարժումէն, լինելիութենէն, պատահմունքներէն, կարգաւորութենէն եւ գեղեցկութենէն, կարելի է ճանչնալ Աստուած իբրեւ Սկիզբը եւ Վախճանը ամբողջ տիեզերքին։
Պօղոս առաքեալ եւս կը հաստատէ, երբ կը խօսի հեթանոսներու մասին. «Աստուծոյ մասին ինչ որ կարելի է գիտնալ՝ Աստուծոյ Գիտութիւնը գիտեն արդէն, քանի Աստուած Ի՛նք յայտնեց անոնց։ Արդարեւ, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ՚իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ որեւէ արդարացում չունենան» (ՀՌՈՄ. Ա 19-20)։
Աստուած առաքեց Իր Որդին, բայց Անոր մարմին մը կերտելու համար արարածի մը ազատ գործակցութիւնը ուզեց։ Ասոր համար Աստուած Իր Որդիին ի յաւիտենից իբր Մայր ընտրեց Իսրայէլի մէկ դուստրը, Գալիլիոյ Նազարէթէն երիտասարդ հրէուհի մը. կոյս մը, յաւիտենական կոյս մը։
Քրիստոս Տէ՛րն է յաւիտենական կեանքին։
Ան, իբրեւ Աշխարհի Փրկիչ, Անոր կը պատկանի մարդոց գործերը եւ սրտերը վերջնականապէս դատելու ամբողջ իրաւունքը։ Ան տիրացաւ այս իրաւունքին Իր Խաչով։ Հայրն ալ ամբողջ դատաստանը Որդիին յանձնեց։ Արդ Որդին չեկաւ դատելու այլ փրկելու եւ իր մէջ եղող կեանքը տալու յաւիտենապէս։ Շնորհքին մերժումովն է, որ իւրաքանչիւր մարդ ներկայ կեանքին մէջ ինքզինք կը դատէ, կը ստանայ ըստ իր կատարած գործերուն եւ կրնայ նոյնիսկ յաւիտենապէս դատարկել ինքզինք՝ մերժելով Սիրոյ Հոգին։
Արդարեւ, «գոյացութիւն» կամ «էութիւն» եւ կամ «բնութիւն» եզրը կ՚արտայայտէ աստուածային էութիւնը իր միութեան մէջ, իսկ «անձ» եզրը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, իսկ «յարաբերութիւն» եզրը՝ անոնց զանազանութիւնը՝ որ կը կայանայ իրարու յարակցութեան մէջ։ Եւ ահաւասիկ յաւիտենականութեան իրականացումը կը գոյանայ այս գոյացութեան, անձին եւ յարաբերութեան մէջ…։
- Օգտուեցանք՝ Ա. Ա. Պետիկեանի «Յաւիտենականութիւնը» յօդուածէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 2, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024