ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Յարատեւութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ հաստատ կամքով, առանց կասելու, առանց վհատելու եւ առանց յուսալքուելու նպատակ մը հետապնդելու ջանք։
Յարատեւութիւնը յաջողութեան առաջնակարգ պայմաններէն մէկն է. նպատակի մը հասնելու համար անհրաժեշտ հոգեվիճակ մը, տրամադրութիւն մը…։
Յարատեւութիւնը Աստուծոյ հետ հաշտուած ըլլալու մէկ նշանն է. «Դուք ալ ժամանակին Աստուծմէ օտարացած էիք եւ թշնամացած իրեն՝ ձեր մտածելակերպով ու չար գործերով։ Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ։ Ուստի յարատեւեցէ՛ք ձեր հաւատքին մէջ, զայն ամուր հիմերու վրայ հաստատելով, անխախտ պահելով այն յոյսը՝ որ ունեցաք Աւետարանի քարոզութիւն լսելով։ Ես՝ Պօղոս, ինքս ալ ծառայ մըն եմ այդ Աւետարանին, որ երկինքի տակ գտնուող բոլոր արարածներուն կը քարոզուի», (ԿՈՂ. Ա 21-23)։
Հաւատքի մէջ յարատեւութիւնը հաստատ հաւատքի մը նախապայմանն է։ Արդարեւ, Աստուծոյ մարդուն տուած «Հաւատք»ը ձրի պարգեւ մըն է։ Մարդ կրնայ կորսնցնել այս անգնահատելի պարգեւը։ Ուստի Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ Տիմոթէոսը. «Մղէ՛ գեղեցիկ պայքարը, պահպանէ՛ հաւատքդ եւ մաքուր խիղճդ. ոմանք մերժեցին զայն եւ ասոր համար հաւատքին մէջ նաւաբեկ եղան», (Ա ՏԻՄ. Ա 18-19)։
Հաւատքին մէջ ապրելու, աճելու եւ մինչեւ վերջ յարատեւելու համար, մարդ պարտաւոր է զայն սնուցանել Աստուծոյ Խօսքով։ Մարդ պարտաւոր է աղերսել Տէրը որ աւելցնէ զայն։ Հաւատքը պէտք է գործէ «սիրով» (ԳԱՂ. Ե 6), պաշտպանուի յոյսով եւ արմատանայ Եկեղեցւոյ հաւատքով։
Հաւատքի մէջ յարատեւելով մարդ նախաճաշակելու առիթը կ՚ունենայ ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան վայելելու, որ այս աշխարհի վրայ իր ճանապարհորդութեան վախճանն է. հաւատքը յաւիտենական կեանքին արդէն իսկ սկի՛զբն է։ Այս մասին Սուրբ Բարսեղ Մեծ կ՚ըսէ. «Հաւատքին օրհնութիւնները հայելիին արտացոլումին մէջէն այժմէն իսկ սեւեռելով, մենք կարծես արդէն իսկ կը տիրանանք այս սքանչելիքներուն, որոնց մասին մեր հաւատքը կը հաստատէ, թէ օր մը պիտի վայելենք զանոնք»։
Աղօթքի մէջ ալ յարատեւութիւնը անհրաժեշտ է. մարդուս պայքարը պէտք է դիմակալէ ինչ որ կը նկատէ իբր իր ձախողութիւնները աղօթքին պահուն։ Վհատութիւնը՝ մարդուն սրտի ցամաքումին դիմաց. տխրութիւնը, որ ինքզինք լման չի նուիրեր Տիրոջ, քանի որ ինք ալ «մեծահարուստ է» (ՄԱՐԿ. Ժ 22). յուսախաբութիւնը, որ մարդ իր ուզածը չէ ընդունած ըստ իր բաղձանքին. իր հպարտութիւնը, իր հպարտութեան խոցը, որ կ՚ընդվզի մեղաւորը իր անարժանութեան դիմաց, տարզգայնութիւնը աղօթքին ձրիութեան դիմաց, եւ այլն։ Եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ միշտ նոյնը. ուրեմն ի՞նչ բանի համար աղօթել։
Յաղթահարելու համար այս արգելքները, հարկ է պայքար մղել խոնարհութիւն, վստահո՛ւթիւն եւ յարատեւութիւն ձեռք ձգելու համար։
Ուստի աղօթքին սովորական դժուարութիւնը մարդուն մտածո՛ւմն է. ան կրնայ պատահիլ բառերուն եւ անոնց իմաստին շուրջ, ձայնիւ աղօթքին պահուն, կամ աւելի խորապէս՝ մարդուս աղօթած Աստուծոյ մասին՝ ծիսական-հաւաքական կամ անհատական, ձայնիւ աղօթքի պահուն, կամ մտածականի եւ հայեցողական աղօթքին պահուն։ Մտացրումներուն պատճառը հետապնդել՝ պիտի նշանակէր իյնալ անոնց թակարդին մէջ, մինչդեռ բաւ է վերադառնալ սրտին։ Ահաւասիկ հո՛ս ալ կարեւոր դեր կը խաղայ յարատեւութիւնը՝ առանց վհատելու շարունակել աղօթքը։ Մտացրումը կը յայտնէ մարդուն այն ինչը, որուն ան կառչած է։ Տիրոջ դիմաց այս խոնարհ գիտակցումը պիտի զարթուցանէ մարդուն մէջ զԻնք նախընտրող իր սէրը, վճռակամօրէն Իրեն նուիրելով իր սիրտը, որպէսզի Ինք սրբէ զայն։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «միշտ աղօթեցէ՛ք» (Ա ԹԵՍ. Ե 17), ինչ որ կ՚ենթադրէ յարատեւ աղօթել։ Եւ. «միշտ եւ ամէն առիթով գոհութիւն մատուցէ՛ք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (ԵՓՍ. Ե 20)։ Նաեւ՝ «ապրեցէ՛ք աղօթքին եւ պաղատանքներուն մէջ, միշտ աղօթեցէք… Հոգիով, անխոնջ հսկումով աղօթեցէ՛ք բոլոր սուրբերուն համար» (ԵՓՍ. Զ 18)։ Այս մասին Եւագր Պոնտացի կ՚ըսէ. «Մեզի չէ՛ հրամայուած աշխատիլ, հսկել եւ յարատեւօրէն ծոմ պահել, մինչդեռ մեզի համար օրէնք է անդադար աղօթել»։ Այս անխոնջ եռանդը կրնայ գալ միայն սէրէն։ Մարդուս հոգեկան ծանրութեան եւ իր ծուլութեան դէմ, աղօթքին պայքարը՝ վստահող եւ յարատեւող խոնարհ ՍԻՐՈՅ պայքա՛րն է։ Այս սէրը մարդուս սիրտը կը բանայ հաւատքի լուսաւոր եւ կենդանարար երեք ակներեւ իրողութիւններուն վրայ. աղօթելը՝ միշտ կարելի է. քրիստոնեային ժամանակը յարուցեալ Քրիստոսի ժամանակն է, որ «մեզի հետ է, ամէն օր» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20) ի հեճուկս փոթորիկներուն։ Մարդուս ժամանակը Աստուծոյ ձեռքին մէջն է։ Աղօթելը՝ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է. աղօթք եւ «քրիստոնեայ կեանք»՝ անբաժանելի են իրարմէ, քանի որ անոնք կախում ունին նոյն սէրէն եւ այն անձնուրացութենէն, որ սէրէն կը բխի։ «Ան որ կը միացնէ աղօթքը գործերուն եւ գործերը աղօթքին, միշտ կ՚աղօթէ։ Միայն այսպէս մեզի համար գործադրելի կը դառնայ անդադար աղօթելու սկզբունքը», կ՚ըսէ Որոգինէս։
Ուրեմն կ՚երեւի որ յարատեւութիւնը սերտօրէն կապուած է սիրոյ զգացումին հետ։ Յարատեւութիւնը նաեւ հաստատ համոզումի եւ վստահութեան արդիւնք է՝ այն ինչ որ «հաւա՛տք» է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 19, 2019, Իսթանպուլ