ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Աւագ երեքշաբթին «ներքին ընդհանրութեամբ» մը կապուած է նախորդ օրուայ՝ Աւագ երկուշաբթիի հետ։

Արդարեւ, Աւագ երեքշաբթին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ այն՝ թէ մեր առաքինի գործերու պտուղները հոգեպէս պէտք է պատրաստ պահենք, եւ այդ պտուղներով պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան, այլապէս չկորսուինք եւ չչորնա՛նք թզենիի պէս եւ երբ չորնանք՝ դուրս կը մնանք երկինքի արքայութենէն՝ ինչպէս դուրս մնացին հինգ «անխոհեմ» կոյսերը։

Աւագ երեքշաբթիի խորհրդանիշն է ուրեմն տասը կոյսերը՝ հինգը խոհեմ եւ հինգը՝ անխոհեմ, կամ հինգը պատրա՛ստ եւ հինգը՝ անպատրաստ։ Արդարեւ, օրուան Աւետարանին պատգամն է. արթո՛ւն մնալ, որովհետեւ չենք գիտեր Տիրոջ գալստեան եւ բարի կամ չար գործերու քննութեան օրը եւ ոչ ալ ժամը։

Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Քու խօսքերդ ճրագ են իմ ոտքերուս համար»։ Այս պատճառով, Աւագ հինգշաբթի օր մանուկներուն ձեռքը վառուած մոմ կը տրուի, որ կը նշանակէ՝ հաւատքի լոյսը, Աստուծոյ պատուիրանները աչքի առջեւ ունենալը ե՛ւ գործելը։

Արդարեւ, օրուան Աւետարանը (ՄԱՏԹ. ԻԵ 1-3), «Տասը կոյսեր»ը կը նմանցնէ Երկինքի արքայութիւնը մտնողներու եւ մտնելու անարժաններու։ Հինգը՝ արժանի եւ միւս հինգը՝ անարժա՛ն։ (ՄԱՏԹ. ԻԵ 1)։

Կոյսերը տասը են, որովհետեւ կուսութիւնը այն ժամանակներուն մեծ եւ պատուական էր միւս բոլոր առաքինութիւններէն՝ երեք հանգամանքներով։

Նախ՝ քիչեր ընտրուած եւ սրբութեամբ օժտուած՝ սրբացած են կուսութեամբ, ինչպէս Եղիան, Եղիսէն Հին Ուխտի մէջ, եւ Յովհաննէս Մկրտիչ՝ նոր Ուխտի մէջ. իսկ ուրիշ առաքինութիւններ մարգարէներէն եւ առաքեալներէն շատեր ունէին։

Երկրորդ՝ Աւետարանը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի են եղած, եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի են դարձուցած երկինքի արքայութեան համար» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 12)։ Նաեւ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ամուսիններուն վերաբերող ձեր հարցումին կապակցութեամբ Տիրոջմէ հրաման մը չունիմ։ Բայց ես՝ իբրեւ Տիրոջմէ ողորմութիւն գտած մէկը, որուն կարելի է վստահիլ…» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 25), եւ. «Հետեւաբար կը խնդրեմ ձեզմէ, ինծի նմանեցէք» (Ա ԿՈՐՆԹ. Դ 16)։

Ուստի «Տասը կոյսեր» ըսելով, նկատի առնուած է բոլոր հաւատացեալները, նաեւ՝ ամբողջ մարդկային ցեղը, ինչպէս նաեւ՝ չարը եւ բարին։

Երրորդ՝ ինչպէս աշխարհի մասերը տասն են, եւ տասներորդը երկինքն է, հրեշտակներու դասերն ալ ինն են, եւ մարդը՝ տասներորդը, ինչ որ ցոյց կու տայ որ միա՛յն կոյսեր կրնան միանալ հրեշտակներու դասին եւ լրացնելու ինկած հրեշտակներու տեղերը, քանի որ կուսութեան գործը հրեշտակներունն է։

Չորրորդ՝ մարդ ունի տասը զգայարան, որոնցմէ հինգը հոգիինն է, եւ հինգը՝ մարմինին, եւ որոնցմով մարդուս մէջ կը գործէ բարին եւ չարը։ Այս պատճառով է որ «տասը կոյս»ին հինգը անխոհեմ, իսկ միւս հինգը խոհեմ կ՚անուանուին։

Լապտերը, այսինքն լոյսը սուրբ է եւ յստա՛կ, կուսութիւնն ալ մարդուն հոգին եւ մարմինը կը սրբէ եւ կը յստակեցնէ։ Իսկ իւղը կը խորհրդանշէ ողորմութիւնը եւ մարդասիրութիւնը։ Ինչպէս իւղը լոյսի նիւթ է, ողորմութիւնն ալ մշտնջենաւոր կեանքի լո՛յսն է։ Իսկ երկինքի արքայութիւնը Դրախտն է, ինչպէս Յիսուս ըսաւ աւազակին՝ իր քովը խաչուած. «Այսօր Ինծի հետ Դրախտի մէջ կ՚ըլլաս», (ՂՈՒԿ. ԻԳ 43), այսինքն՝ արքայութեա՛ն մէջ։

Առակը հինգ «իմաստուն» եւ հինգ «յիմար» կոյսեր կը ներկայացնէ, որոնք լապտերներով կ՚երթան «փեսայ»ն դիմաւորելու։ Հինգ «իմաստուն»ները իերնց հետ ունին պահեստի՝ լրացուցիչ ձէթ, իսկ «յիմար»ները՝ ո՛չ։ Եւ երբ փեսան դիմաւորելու ժամանակը կը հասնի, արդէն լապտերներու ձէթը վերջացած է, եւ անոնք որ ձէթ չէին պահած իրենց հետ որպէս լրացուցիչ, վերադարձան ձէթ գնելու։ Ահա այդ ժամանակ փեսան եկաւ, եւ անոնք որ պատրաստ էին, անոնց հետ փեսան հարսանիքի սրահը մտաւ, եւ դռները փակուեցան։

Իմաստուն կոյսերը, խոհեմութեամբ ամբողջ կեանքի ընթացքին ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ եւ բարի գործերով ամբարած էին «ձէթ»ը, որ առակին մէջ կը խորհրդանշէ  «հաւատքի գործեր»ը։

Իւրաքանչիւր հաւատացեալի հաւատքի գործերը կը լուսաւորեն իրենց հոգեւոր ճամբան, հոգեւոր ընթացքը, որպէսզի անոնք կարողանան դիմաւորել Քրիստոսը։ Իսկ միւս հինգ կոյսերը՝ անխոհեմ, անպատրաստ եւ թերեւս անտարբեր, անհոգ, կը խորհրդանշեն անոնք՝ որ կը լսեն Տիրոջ խօսքը, բայց հոգեւոր կեանքի մէջ կը ծուլանան, պէտք եղած հոգը չեն տանիր եւ կ՚ապրին խաւարի մէջ։ Անոնց բաժինը մո՛ւթն է կեանքի մէջ։

Աւագ երեքշաբթի օր, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ ատեանը՝ դուրս եկած տասը մանուկներէն հինգ մանուկին ձեռքը կան վառուող մոմեր՝ որոնք կը խորհրդանշեն հինգ իմաստուն կոյսերը, իսկ միւս հինգի ձեռքը մարած մոմեր, որոնք կը խորհրդանշեն հինգ «յիմար», անխոհեմ կոյսերը։ (Ծ.- Սիդա Գէորգեան)։

Տասը կոյսերը կը խորհրդանշեն արդարները եւ անիրա՛ւները։ Հետեւաբար իմաստունները՝ խոհեմները կը համարուին մաքուր հոգիի զգայարանները. իսկ յիմարները՝ անխոհեմները՝ մարմնի զգայարանները։ Լոյսը հոգիի եւ մարմնի մաքրութեան, անբծութեան նշանն է, իսկ իւղը՝ մարդասիրութեան եւ ողորմութեան, ինչպէս աւելի առաջ յիշուեցաւ։

Իւղը այն նիւթն է, որուն շնորհիւ կը վառուի լապտերը. ողորմութիւնը այն միջոցը՝ ճամբան է, որ կը տանի դէպի ապաշխարութիւն, մեղքերու քաւութիւն՝ մեղքերու արդարացո՛ւմ։ Ինչպէս կ՚ըսէ Դանիէլ մարգարէ. «Քու մեղքերը քաւէ՛ ողորմութեամբ, եւ քու անօրէնութիւնները՝ աղքատներուն գթալով, թերեւս Աստուած համբերատար ըլլայ քու յանցանքներուն նկատմամբ»։

Իւղը մեր կարեկցութիւնն է, եւ պատրոյգը՝ պահքը, որու ընթացքին մարդ հեռու կը մնայ մարմնական ցանկութիւններէ. բոցավառութիւնը՝ կրակը այն սէ՛րն է, որով մարդ կը քալէ դէպի Աստուած։

Չնայած այն հանգամանքին՝ որ միւս հինգ կոյսերը մանկութենէն ի վեր պահած են իրենց կուսութիւնը, սակայն բարի գործերու բացակայութիւնը բաւակա՛ն էր, որպէսզի մարած լապտերներու պատճառով կիսատ թողէին այն ճանապարհը՝ որ կը տանի դէպի աստուածային լո՜յսը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 9, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2019