ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ
«Վերջին ընթրիք»ին ժամանակ, Ի՛նք Տէրը Իր աշակերտներուն ակնարկը հրաւիրեց Զատիկին լրումին վրայ՝ Աստուծոյ արքայութեան մէջ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, այսուհետեւ երբեք պիտի չխմեմ այգիին բերքէն մինչեւ այն օրը երբ ձեզի հետ զայն դարձեալ պիտի ըմպեմ Հօրս Արքայութեան մէջ» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 29)։ Ամէն անգամ որ Եկեղեցին Սուրբ Պատարագի խորհուրդը հանդիսակատարէ, այս «խոստում»ը կը յիշէ եւ իր ակնարկը կ՚ուղղէ «Անոր որ կու գայ» (ՅԱՅՏ. Ա 4)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կու գայ Վերջին ընթրիքով, իսկ Սուրբ Պատարագի խորհուրդով մե՛ր միջեւ կ՚ըլլայ։ Սուրբ Կիպրիանոս կ՚ըսէ. «Հնարաւոր է նաեւ որ Աստուծոյ Արքայութիւնը նշանակէ նոյն Ինքն Քրիստոսը, զոր մեր բաղձանքներով ամէն օր կը կանչենք եւ մեր սպասումով կ՚ուզենք Անոր գալուստը փութացնել։ Ան մեր Յարութիւնն է, քանի մենք Անոր մէջ Յարութիւն կ՚առնենք, ուստի Ան կրնայ նաեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը ըլլալ, քանի որ Անով մենք պիտի թագաւորենք»։ Արդարեւ, Քրիստոս Իր մատնութեան գիշերը, Վերջին ընթրիքի ատեն, Իր Մարմինին եւ Իր Արեան «գոհաբանական զոհ»ը հաստատեց, յաւերժացնելու համար Խաչին զոհաբերումը դարերու ընթացքին մինչեւ Իր գալուստը, եւ յանձնելու համար Իր սիրելի Հարսին՝ Եկեղեցւոյ Իր մահուան եւ յարութեան յիշատակը, այսինքն՝ սուրբ խորհուրդը սիրոյ, նշան միութեան, կապ եղբայրսիրութեան, խնջոյք զատկական, որուն մէջ Քրիստոսը կ՚ընդունինք իբր սնունդ, իսկ մեր հոգին կը լիանայ շնորհքով, վերջապէս հանդերձեալ փառքին գրաւականը կը տրուի մեզի։ Ս. Հաղորդութիւնը գագաթնակէտը եւ ակնաղբիւրն է քրիստոնեայ ամբողջ կեանքին։
Քրիստոս Իր առաքելութեան սկիզբէն Ինքն Իրեն նուիրուած էր «զոհողութեան» գաղափարին։ Արդարեւ Քրիստոս պարտ էր, որ մեռնէր, բայց այդ մահը ոչնչացումը չէր Անոր առաքելութեան։
Քրիստոսի խաչելութեան օրը յայտնի է, աւետարանիչները բացայայտ վկայութեամբ կ՚ըսեն, որ ան պատահած է ուրբաթ օրը։ Գիտենք նաեւ, որ հրէական զատիկը կը սկսի զատկական գառին զենումով, իսկ յաջորդ օրը՝ նիսանի 15-ին, համախմբումի եւ հանգիստի օրն էր՝ շաբաթ օրը։ Ըստ համատես աւետարաններու՝ նիսանի 14-ին առաւօտեան աշակերտները կը հարցնեն վարդապետին, թէ ո՞ւր կ՚ուզէր, որ կատարէին զատիկը։ Հաւանական է, որ նոյն օրուայ երեկոյին տեղի ունեցած ըլլար վերնատան ընթրիքը, իսկ գիշերը՝ Քրիստոսի ձերբակալութիւնը եւ դատապարտութիւնը եւ յաջորդ օրը՝ չարչարանքը։
Համատես աւետարաններու համաձայն՝ վերնատան ընթրիքի կատարման օրը պէտք է ըլլայ հինգշաբթի օրը՝ ամսու 14-ին, եւ ուրբաթ օրը՝ 15-ին՝ Քրիստոսի մահուան օրը։ Սակայն այստեղ չորրորդ աւետարանի հեղինակը՝ Յովհաննէս կը հակասէ կամ կ՚ուղղէ նախորդները։ Յովհաննէս կը յիշատակէ ճաշը, որուն նոյնութիւնը վերնատան ընթրիքին հետ հաստատ է։ Ան նկատել կու տայ, որ այդ հաւաքը տեղի ունեցած է «յառաջագոյն քան զտօնն զատկի», այսինքն զատկի տօնէն առաջ՝ ամենաուշ նիսան ամսու 13-ին։
Բացի վերոյիշեալ նշումէն, Յովհաննէսի աւետարանը ուրիշ փաստերով կէտ առ կէտ կը հաստատէ այս տեղեկութիւնը։ Զոր օրինակ, աւետարանը կ՚ըսէ՝ թէ այն պահուն, երբ զինուորները Յիսուսը ձերբակալելէ յետոյ Պիղատոսի մօտ տարին, անոնք զգուշացան կուսակալի պալատը մտնելու. «զի մի պղծեսցին այլ զի ուտեսցին զզատիկն», այսինքն՝ «պալատ չմտան, որպէսզի չպղծուին եւ կարենան զատկական ընթրիքը ուտել». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 28)։ Արդ, այս ճշգրիտ ծանօթութիւնը մեզ կը տանի տօնի սկզբնաւորութենէն առաջ՝ առնուազն 14-ի առաւօտեան։
Աւելի ուշ եւս աւետարանիչը կը նշէ, որ Փրկչի դատապարտութիւնը զուգադիպած է զատկի պատրաստութեան եւ թէ յաջորդ՝ շաբաթ օրը շատ մեծ հանդիսութեան օր էր, որովհետեւ այդ տարի եօթնեակի շաբաթը եւ տօնասկիզբի շաբաթը զուգադիպած էին։ Ըսել է թէ՝ աւետարանիչը կ՚ուզէ յատկապէ՛ս իր պատմածը զատորոշել համատեսներու՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի պատմածներէն՝ հաստատելով խաչելութեան ուրբաթի նոյնութիւնը ո՛չ թէ նիսանի 15-ի, այլ 14-ի հետ, այսինքն՝ «պատրաստութեան» հետ, երբ հրեայները կը մորթէին զատկական գառը։
Ա՛յս է ահաւասիկ համատես աւետարաններու վաւերագրերու անհամաձայնութիւնը։ Ուրեմն, եթէ ընդունինք, որ այս հարցին աւետարաններու միջեւ իսկապէս կա՛յ որոշ տարբերութիւն, ապա նախապատուութիւնը պէտք է տալ չորրորդ աւետարնի հեղինակին՝ Յովհաննէսի, քանի որ այս առաքեալին պատմութեան նկարագրութիւնը անուղղակիօրէն կը հաստատէ իրողութիւնը, նկատելով որ կը հաստատուի նաեւ միւսներու կողմէ՝ անոնց հաղորդած մէկէ աւելի մանրամասնութիններով։ Ըստ համատեսական աւանդումի՝ հրէական հաշուարկներով՝ հինգշաբթի երեկոյեան պէտք է սկսած ըլլար նիսանի 15-ը՝ շաբաթ օրուայ հանգիստը։ Բայց անոնցմէ անմիջապէս յետոյ իրար կը յաջորդեն այնպիսի պատահարներ, որոնք կարող չէին տեղի ունենալ շաբաթ՝ հանդիսաւորութիւններու օրը։
Յիսուս ամբողջ գիշերը կ՚անցընէ ատեանի առջեւ, իսկ յաջորդ առաւօտեան, երբ ժողովուրդի գլխաւորները Պիղատոսի կը ներկայանան, Յիսուս չարչարանքի կ՚ենթարկուէր։ Նոյն ժամանակամիջոցին ճանապարհին կը գտնուին Սիմոն Կիւրենացին եւ կը ստիպեն, որ Յիսուսի խաչը կրէ։
Աւելին, մահապատիժը պէտք է տեղի ունեցած ըլլայ բուն զատկական հանգիստի միջոցին, այն ժամանակ, երբ, ընդհակառակը, տօնէն առաջ խաչերէն կ՚իջեցուէին դատապարտեալներու դիակները։ Այդ կարգի պատճառով էր, որ Հերովդէսի նման օտար մէկը չուզեց պղծել զատիկը։
Ուստի, խաչելութեան ուրբաթը պէտք է եղած ըլլայ զատկական զենումի օրը, եւ ըստ ներկայ փաստերուն՝ կրկնաշաբաթը միեւնոյն երեկոյեան սկսելու պատճառով ալ խաչուածներու մարմինները մէջտեղէն վերցնելու շտապողականութիւն կը ցուցաբերէին հրեաները։
Իր մահուան չարչարանքին նախօրեակին, երբ տակաւին ազատ էր, Յիսուս Իր առաքեալներուն հետ Վերջին ընթրիքը ըրաւ իբր յիշատակում Իր ազատ զոհաբերումին Հօր մարդոց փրկութեան համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024