«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ 40-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՍՏՂ ՄԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանին առթիւ վաղը երեկոյեան Թաքսիմի «Intercontinental» պանդոկին մէջ նախատեսուած է հանդիսաւոր երեկոյթ մը։ «Մարալ»ի ընտանիքը երկար ժամանակէ ի վեր կը պատրաստուի այս ընթրիքին, որ ունի պաշտօնական բնոյթ։ Վաղուան երեկոյթին ժամանակ հանդէս պիտի գայ Հայաստանէն յայտնի մեներգչուհի Կապի Կալոյեան, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասաւ քաղաքս, ուրկէ հրաժեշտ պիտի առնէ կիրակի երեկոյեան։ Իսթանպուլ հասնելէ առաջ Կապի Կալոյեան Երեւանի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ զրուցելով թերթիս աշխատակից Անուշ Թրուանցի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս զրոյցը։

*

Երիտասարդ երգչուհի Կապի Կալոյեան հայաստանեան ժամանակակից երաժշտութեան ծանօթ անուններէն մին է: Երգչուհին դուստրն է երկու տաղանդաւոր հայ երգիչներու՝ Սահակ Կալոյեանի եւ Սուսաննա Սիրադեղեանի: Իր ծնողքէն ժառանգ ըլլալով երգ-երաժշտութեան հանդէպ սէրը՝ Կապի յետագային զարգացուցած է իր երաժշտական շնորհը եւ այսօր արդէն ունի ինքնատիպ ոճ մը, որով ծանօթ է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ցաւօք անոր հայրը՝ ազգագրական երգերու մեկնաբան Սահակ Կալոյեան, վաղ հեռացած է կեանքէն, եւ իր հօր մահէն շատ ազդուած ըլլալով, Կապի Կալոյեան երկար ժամանակ դարձած էր լուռ եւ ինքնամփոփ, բայց յետոյ՝ հօրը յիշատակը վառ պահելու համար ան կանգնած եւ երգով ապացուցած է արժանի հօր արժանի դուստր ըլլալու իր առաքելութիւնը: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ համերգներ ունեցած է երգչուհին, ունի տեսահոլովակներ, ձայնասկաւառակներ, որոնք փնտռուած են ժողովրդական երգի սիրահարներու կողմէ: Կապի Կալոյեան բացի ժողովրդական երաժշտաձեւէն, յաջողութեամբ կ՚երգէ այլ երաժշտաձեւեր եւս։ Պոլսոյ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի 40-ամեակի համերգներուն ան Հայաստանէն հրաւիրուած է իբրեւ մենակատար-երգչուհի: Պոլսահայ հանդիսատեսն ալ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ լսելու երիտասարդ երգչուհիին, հաղորդ դառնալու անոր ներաշխարհի ապրումներուն, զորս ան կ՚արտայայտէ երգի միջոցաւ: Իսկ մինչ համերգը՝ Կապի իր տպաւորութիւնները կիսեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ:

-Կապի, ի՞նչ ակնկալիքներով կը մեկնիք Պոլիս:

-Պոլիս կը մեկնիմ հանդիսատեսը ուրախացնելու, ջերմութիւն տալու եւ նոյնպէս՝ ջերմութիւն ստանալու ակնկալիքով:

-Ձեր առաջի՞ն այցն է Պոլիս:

-Այո, առաջին այցելութիւնս է, եւ այդ առումով հետաքրքրական պիտի ըլլայ երկիրը եւ հանդիսատեսը ճանչնալու առումով: Անհամբեր եմ եւ քիչ մըն ալ յուզուած:

-Կարգ մը հայ երգիչներու համար Թուրքիա մեկնիլն ու այնտեղ համերգ ունենալը բարդոյթ է. դուք յաղթահարա՞ծ էք այդ բարդոյթը:

-Ինծի համար միեւնոյնն է՝ թէ ո՛ւր կ՚ըլլայ հայը եւ ո՛ւր կը բնակի: Ես աշխարհի ծայրն ալ կ՚երթամ իմ հայրենակիցներուս համար եւ կ՚երգեմ իմ երգերս:

-Հեռակայ դրութեամբ թերեւս ծանօթացած էք պոլսահայ համայնքին, ի՞նչ կ՚ըսեք:

-Այո, համայնքին ծանօթ եմ հեռակայ դրութեամբ, գիտեմ, որ շատ աշխատասէր եւ ջերմ մարդիկ են ու ջանք չեն խնայեր՝ պահելու հայկականը: Արդէն առիթ կ՚ըլլայ այդ ամէն ինչը մօտէն տեսնելու եւ զգալու:

-Հրաւիրուած էք «Մարալ» երգի-պարի համոյթի յոբելենական համերգին, ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Մարալ»ի գործունէութիւնը:

-Շատ բարդ ու դժուարին գործ մըն է հայկական երգ-երաժշտութիւնը պահել օտար հողին վրայ, առաւել եւս՝ Թուրքիոյ մէջ: Ուրախ եմ, որ «Մարալ»ը քառասուն տարի այդ առաքելութիւնը ստանձնած է եւ տակաւին կը շարունակէ իր սկսած գործը:

-Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ «Մարալ»ի հետ ձեր համագործակցութիւնը:

-Ես առաջարկ ստացայ իրենցմէ՝ գործակցելու եւ սիրով համաձայնեցայ:

-Ի՞նչ երգերով պիտի միանաք յոբելենական համերգին:

-Բոլորին կողմէ սիրուած մեր ժողովրդական երգերով հանդէս պիտի գամ, ինչպէս նաեւ՝ գուսանական, աշուղական յայտագիր մը պատրաստած եմ:

-Ի՞նչ նոր ստեղծագործական ծրագիրներ ունիք՝ համերգներ, ձայնագրութիւններ…

-Ստեղծագործական ծրագիրներ միշտ կան, այժմ նոր նախագիծի մը վրայ կ՚աշխատիմ, նոր երգ ալ կայ, բայց միշտ կը նախընտրեմ աւելի կանուխ չխօսիլ:

-Իբրեւ երիտասարդ երգչուհի, հայաստանեան երաժշտական դաշտը կը գոհացնէ՞ ձեզ, ի՞նչ բան կ՚ուզէիք փոխել:

-Տակաւին գոհացուցիչ չէ եւ կ՚ուզէի, որ մեր արուեստագէտները, երգի նուիրեալները ըստ արժանւոյն գնահատուէին մեր հայրենիքին մէջ:

-Ի՞նչ բան կը խանգարէ Հայաստանի մէջ ստեղծագործող մը:

-Նիւթական դժուարութիւններ են, որ միշտ կը խանգարեն: Տաղանդաւոր բազմաթիւ արուեստագէտներ կան, բայց չեն կրնար իրագործել իրենց ստեղծագործական միտքերը, որովհետեւ դրամական հարցեր կան: Այսօր մշակոյթի ասպարէզի մարդը մնացած է առանձին, ոչ մէկ կազմակերպութիւն կայ, որ արուեստագէտը կը հովանաւորէ եւ ոչ ալ անոր գործերը կը տարածէ:

-Կը խնդրեմ մեր ընթերցողներուն պատմէք ձեր ծնողքին մասին, որոնցմէ ժառանգած եւ ստացած էք հայ երգի հանդէպ նուիրումն ու ակնածանքը:

-Ծնողքս ինծի երգի ճամբով դաստիարակողները եղած են: Իմ երաժշտական ողջ պաշարս ես ժառանգած եմ հօրմէս, որ եղած է երգիչ եւ Հայաստանի մէջ առաջին ազգագրական մանկապատանեկան «Զօրավար Անդրանիկ» խումբին ղեկավարը: Աւա՜ղ, ան կանուխ հեռացաւ կեանքէն եւ մահէն առաջ ինծի յուշեց, որ շարունակեմ իր գործը, ինչ որ ես հիմա կ՚ընեմ: Մայրս ալ ժողովրդական երգչուհի է, կ՚ըսեն՝ իմ ձայնս շատ նման է մօրս ձայնին: Անոնք ինծի սորվեցուցած են ամուր սիրով կապուիլ հայկականութեան եւ հայ երգարուեստին:

-Դիւրի՞ն կը վստահիք մարդոց:

-Գուցէ տխուր է, որ ես օրէ օր աւելի ինքնամփոփ, ներհակ մարդ կը դառնամ, բայց ատով հանդերձ կը վստահիմ մարդոց: Առանց մարդուն վստահելու ազնիւ չես ըլլար, աւելի լաւ է վստահիս, թէկուզ սխալելու գնով, բայց դիմացինին վստահիլը անկեղծ ու ազնիւ է անոր հանդէպ եւ դուն քու առջեւ:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019