ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Մարդ ընդհանրապէս հակամէտ է իր շուրջը պատահած դէպքերու ուշադրութիւն դարձնելու եւ ուրիշներու արարքները քննելու եւ քննադատելու, բայց շատ հազուադէպօրէն կ՚անդրադառնայ իր ներաշխարհին եւ քննել կը փորձէ ինքզինք։ Արդարեւ, ո՜րքան դժուար է ինքզինք քննել եւ քննադատել, քանի որ մարդ ինքզինք արդարացնելու համար միշտ պատճառ մը ունի, եւ ոչ ոք կ՚ուզէ ընդունիլ իր թերութիւնը կամ սխալը։ Եւ այս պատճառով շատեր չեն ուզեր դիմաւորուիլ իրենց «Ես»ին հետ, քանի որ գիտեն, թէ հոն պիտի տեսնեն իրենց սխալները, թերութիւնները։ Եւ այս պատճառով երբ սխալանք մը պատահի, մարդիկ կը փութան պատասխանատու մը գտնել եւ այդ կերպով իրենք զիրենք արդարացնել։ Միշտ ալ ա՛յդպէս կ՚ըլլայ, ինչ որ ցոյց կու տայ կեանքի փորձառութիւնը։

«Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք։ Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներու գրած իր երկրորդ նամակին մէջ. (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 5)։ Մարդիկ ընդհանրապէս որեւէ բան ընել կը ձեւացնեն, բայց չեն ըներ ներքնապէս եւ թէ՛ իրենք զիրենք կը խաբեն եւ թէ ուրիշները խաբած կը կարծեն, եւ որպէսզի խաբէութիւնը կատարեալ ըլլայ, չեն ուզեր դիմաւորուիլ իրենց «Ես»ին հետ՝ ուր պիտի տեսնեն իրականութիւնը։

Անգիտակից արարքներ, յոռի օրինակներ, կիրքերու ստրկացում, յաւակնութիւն, խղճմտանքին սխալ հասկցուած ինքնավարութեան մը հետեւանքով ինքնահաւանութիւն, հոգեփոխութեան պակասը եւ մանաւանդ սիրոյ բացակայութիւնը կրնան ծնունդ տալ դատողութեան շեղումներու մարդուս բարոյական վարքին մէջ։ Ահաւասիկ նման պարագաներուն կարեւոր է ինքնաքննութիւնը եւ անդրադառնալ սխալին եւ սըր-բագրել զայն։

Արդարեւ, խղճմտանքը մրադուն ամենէն «մտերիմ» եւ ամենէն գաղտնի կեդրոնն է. սրբավայրը՝ ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր լսելի կը դառնայ Անոր ձայնը։ Բարոյական խղճմտանքը դատողութիւն մըն է բանականութեան, որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական որակը շօշափելի արարքի մը։

«Չար»ը գործած մարդուն մէջ, խղճմտանքին վճիռը կը մնայ գրաւական մը դարձի եւ յոյսի։

Լաւ կազմուած խղճմտանքը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։ Ան կը բանաձեւէ իր դատումները հետեւելով բանականութեան, Արարչին իմաստութենէն ուզուած «ճշմարիտ բարի»ին համեմատ։

Ամէն մարդ պէ՛տք է ձեռնարկէ իր խղճմը-տանքը կազմելու միջոցներուն՝ որոնք սկիզբ կ՚առնեն անկեղծ ինքնաքննութեան ձեռնարկութենէն։

Արդարեւ սէրը միաժամանակ կը բխի «սուրբ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէն եւ անկեղծ հաւատքէն» (Ա ՏԻՄ. Ա 5)։ Եւ երբ կը գերակշռէ ուղիղ խիղճը անհատը եւ հաւաքականութիւնը կը հեռանան «կոյր որոշում»ներէ եւ կը ձգտին համակերպ ապրելու բարոյականութեան առարկայական կանոններուն հետ։ Ուստի մարդ պէտք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին, ինչ որ կարելի է ինքնաքննութեամբ, որ ստոյգ դատողութիւնն է։ Եւ եթէ ազատ կամքով խղճմտանքին դէմ գործէ, մարդ ինքզինք կը դատապարտէ։

Բայց կը պատահի, որ բարոյական խղճմտանքը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր դատաստաններ՝ կատարելիք եւ արդէն կատարուած գործերուն մասին։ Այս տգիտութիւնը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։ Երբ մարդ քիչ հոգ կը տանի ճշմարիտը եւ բարին որոնելու, մեղքին ունակութիւնը հետզհետէ գրեթէ կը կուրցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւո՛ր է իր գործած սխալին համար։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ մարդ պէտք է անկեղծ ինքնաքննութեամբ միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ուղիղ դատողութեան։

Աստուծոյ Խօսքը լո՛յս է մարդուս կեանքի ճանապարհին վրայ։ Պէտք է անդրադառնալ այդ «լոյս»ին եւ այդ լոյսով լուսաւորել նաեւ «ներքին մարդ»ը։ Պէտք է իւրացնել Աստուծոյ Խօսքը հաւատքի եւ աղօթքի մէջ եւ գործադրե՛լ։

Ահաւասիկ ա՛յսպէս կը կազմուի բարոյական խղճմտանքը, որ ուղեցոյց լուսարձակ մըն է «արտաքին մարդ»ուն ճամբորդած կեանքի մութ ճամբուն վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 10, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019