«ՄԵԼՈՒՍԵՍ»

2009 թուականին պոլսաբնակ համշէնցի երիտասարդներու կողմէ ստեղծուեցաւ «Մելուսես» անունով երաժշտական խումբ մը, որ այլընտրանքային ռաք ոճի երաժշտութիւն կը յօրինէ, բայց յաճախ համշէն(ահայ)երէն լեզուով։

Խումբին անունը ինքնին համշէն(ահայ)երէն է։ «Մելուսես»ը «Մեր լոյս»ի համշէնեան տարբերակն է։ Խումբը ինծի յայտնի դարձաւ 2015 թուականին, երբ արդէն Պոլիս կը բնակէի։ Իրենց նոր սկաւառակը՝ «Ղատուլիկ»ը հրապարակած էին, եւ ընկերային ցանցերու մէջ հանդիպած էի անոր գովազդին։

Կարծես նոյն օրերուն, նոյն այդ սկաւառակի հրապարակման առթիւ իրենց մասին առաջին անգամ ըլլալով լսած էր նաեւ պոլսահայ բարեկամներէս մէկը, եւ իր Դիմագրքի էջին վրայ տեղադրած էր անոնց համշէն(ահայ)երէնով երգերէն մէկը, ու հապճեպ խանդավառութեամբ գրած՝ մօտաւորապէս այսպիսի բան մը. «Պատմական Հայաստանը կու գայ կոր...»։ Ըսել ուզածը այն էր, կարելի էր ենթադրել, թէ՝ «տեսէ՛ք, համշէնաՀԱՅերու զարթօնքը կը շարունակուի, անոնց երիտասարդները իրենց հայերէնով հրապարակ կը նետուին, արուեստ կը ստեղծեն», եւ այլն…

Երբ այդ բարեկամիս հարցուցի, թէ արդեօք կը ճանչնա՞յ զիրենք, արդեօք խօսա՞ծ է իրենց հետ ու հարցուցած է, թէ իրենք զիրենք հայ կը զգա՞ն եւ որպէս այդպիսին կը ներկայացնե՞ն, թէ՞ ոչ. բացասական պատասխան ստացայ անկէ։ «Չե՞ս աճապարեր կոր», հարցուցի. պիշ-պիշ երեսս նայեցաւ։ Խոստացայ հարցումիս պատասխանը ինքս տալ շուտով։

Ներկայ գտնուեցայ իրենց համերգներէն մէկուն եւ վերջաւորութեան մօտեցայ, որպէսզի ծանօթութիւն հաստատենք. բացատրեցի, թէ ինչ ուսումնասիրութեամբ կը զբաղիմ եւ ժամադրութիւն խնդրեցի։

Մի քանի օր ետք հանդիպեցանք Գատըգիւղի սրճարաններէն «Լուսնիքա»յի մէջ։ (Գուշակեցի՞ք, սրճարանն ալ համշէնցիներու կը պատկանի. Լուսին, Լուսնիքա...)։ Մեր բաւական երկար զրոյցը եթէ մէկ նախադասութեան մէջ խտացնելիք ըլլամ, հետեւեալը կրնամ ըսել. «Մելուսեսի տղաքը համշէնցիներ են, ոչ աւելի, ոչ պակաս»։ Այսինքն, եթէ իրենց ինքնութեան մասին հարցնես, քեզի պիտի ըսեն, որ ո՛չ թուրքեր են, ո՛չ ալ հայեր, այլեւ՝ համշէնցիներ։ Թերեւս պոլսահայ այդ բարեկամիս եւ այս տողերը ընթերցողներէն ոմանց թուի, թէ անոնք այդպէսով խուսափողական պատասխան կու տան եւ հմտօրէն կը թաքցնեն իրենց հայ ըլլալը։ Բայց այդպէս չէ. իրենք իսկապէս եւ անկեղծօրէն համշէնցի ըլլալէ բացի ոչինչ կը զգան։

«Սխալ մի՛ հասկնար, երբ կ՚ըսենք հայ չենք, ըսել չենք ուզեր, որ թուրք ենք։ Չէ, թուրք ալ չենք. պարզապէս համշէնցի ենք։ Չենք ժխտեր, որ հայկական արմատներ կրնանք ունենալ... չենք ժխտեր, որ մեր խօսած-երգած լեզուն հայերէնի հետ մօտիկ կապեր ունի։ Բայց, եղբայր, «հայ ենք» եթէ ըսենք, սո՛ւտ խօսած պիտի ըլլանք, որովհետեւ իսկապէ՛ս այդպէս չենք զգար։ Աչքերնիս բացած ենք Համշէնի լեռներուն վրայ, մեզի մեծցուցած են որպէս «համշէնցի», եւ հայու ու հայութեան մասին բա՛ն չենք լսած մինչեւ վերջերս։ Ո՛չ հայերու հետ յարաբերութեան մէջ մտած ենք, ո՛չ հայոց պատմութեան կամ մշակոյթին ծանօթ ենք, ո՛չ ալ, անկեղծօրէն, շատ հետաքրքրուած ենք անոնցմով։ Նորէն կ՚ըսեմ, հայ ըլլալէն վախնալու հարց չկայ հոս, եթէ հայ զգայինք, առանց ամչնալու այդպէս պիտի ըսէինք. բայց եկուր ո՛չ մեզ, ո՛չ ալ քեզ խաբենք։ Մենք համշէնցի ենք։ Հոն մեծցած ենք, այդ մշակոյթով եւ այդ ինքնութեան գիտակցութեամբ»։

Համշէնցիներով շատ խանդավառուող եւ անոնց բոլորին հայու տարազ հագցնողները թերեւս պիտի նեղուին, բայց հայախօս համշէնցիներու այս տեսակն ալ կայ, եւ քիչ չէ։ Իսկ պոլսահայ բարեկամիս ըսի, որ ոչ թէ Պատմական Հայաստանը, այլ պարզապէս Համշէնը կու գայ «Մելուսես»ով...

Ամէն պարագայի, եթէ «Մելուսես»ի տղաքը հայ չեն, այդ դեռ չի նշանակեր, որ կարելի չէ ըմբոշխնել իրենց երաժշտութիւնը։ Եւ չի նշանակեր, որ կարելի չէ յատու՛կ հաճոյք ստանալ եւ առանձնաշնորհեալ զգալ հասկնալով անոնց հեղինակային երգերու որոշ մասեր։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019