ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԵՒ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՈՒԱՈՒԷՅ. «ՄԵՆՔ ԱՆՊԱՇՏՊԱՆ ԿԵՑԱԾ ԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԴԻՄԱՑ»
Հուաուէյ հերքած է Չինաստանի կառավարութեան հետ որեւէ կապ ունենալու տեղեկութիւնը:
Հուաուէյի կիպեր-ապահովութեան պատասխանատու Ճոն Սուֆոլք խորհրդարանի երեսփոխաններուն յայտնեց, որ Չինաստան կամ այլ կառավարութիւն մը արհեստագիտական հսկայ ընկերութենէն երբեք չէ պահանջած «անբարենպաստ բան մը կատարել»:
Ճոն Սուֆոլք յայտնեց, որ Հուաուէյ ընդունած է օտարներ՝ վերլուծելու իր արտադրութիւնները եւ յայտնաբերելու արհեստագիտական կամ քոտաւորումի սխալներ:
«Մենք անպաշտպան կանգնած ենք ամբողջ աշխարհին դիմաց, բայց կը նախընտրենք ատիկա ընել, քանի որ մեզի առիթ կու տայ բարելաւելու մեր արտադրութիւնները»:
Ան աւելցուց. «Մենք կ՚ուզենք, որ մարդիկ սխալներ գտնեն, մէկ կամ հազար, մեր հոգը չէ: Մենք չենք ամչնար մարդոց գտածներէն»:
Հուաուէյ հրաւիրուած էր Արհեստագիտութեան եւ գիտութեան ընտրութեան յանձնախումբին կողմէ պատասխանելու երեսփոխաններու հարցումներուն, ինչ կը վերաբերի իր սարքերուն ապահովութեան եւ Չինաստանի կառավարութեան հետ իր կապերուն:
Միացեալ Նահանգներ քաջալերեցին իրենց դաշնակիցները՝ արգիլելու Հուաուէյը՝ հեռահաղորդակցութեան սարքերու աշխարհի խոշորագոյն արտադրողը, օգտուելու իրենց 5G ցանցերէն՝ ըսելով, որ չինական կառավարութիւնը կրնայ այս սարքերը գործածել հսկողութեան նպատակով:
«Մենք երբեք Չինաստանի կառավարութենէն, կամ այլ կառավարութենէ չենք ստացած հրաման՝ անբարենպաստ բան մը ընելու համար, որ կրնայ տկարացնել մեր սարքերուն ապահովութիւնը», ըսաւ Ճոն Սուֆոլք:
Երեսփոխանները մտահոգութիւններ բարձրացուցին Չինաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման վերաբերեալ՝ նշելով, որ աւելի քան միլիոնաւոր իսլամներ կը գտնուին Սինծիան նահանգի կալանաւորման կեդրոններուն մէջ:
Անոնք հարց տուին, թէ Հուաուէյէն պահանջուա՞ծ էր սարքեր տրամադրել Սինծիան նահանգին, յատկապէս՝ 2017-ի Չինաստանի հետախուզութեան օրէնքի լոյսին ներքեւ, որ կը պահանջէ անհատներէ եւ կազմակերպութիւններէ՝ աշխատակցիլ չինական հետախուզական գործակալութիւններուն հետ:
Ճոն Սուֆոլք ըսաւ. «Մենք չինական կառավարութեան հետ յստակեցման որոշ շրջան մը ունեցանք, եւ կառավարութիւնը յստակօրէն յայտարարեց, որ ատիկա որեւէ ընկերութեան պարտաւորութիւնը չէ»:
ՀՈՒԱՈՒԷՅ ՉԵՂԵԱԼ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԼԵՓԹՈՓԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՍԵՒ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Միացեալ Նահանգներու սեւ ցուցակին վրայ յայտնուելուն պատճառով Հուաուէյ, առաջին անգամ ըլլալով, չեղեալ կը համարէ արտադրութեան մը հրապարակումը:
Հաղորդուած էր, որ չինական արհեստագիտական ընկերութիւնը այս շաբթուան սկիզբը պիտի հրապարակէ նոր լեփթոփ մը: Սակայն պատասխանատուներէն մէկը յայտարարած է, որ կարելի չէ եղած մատակարարել համակարգիչը:
Միացեալ Նահանգներու սեւ ցուցակը կ՚ընդգրկէ օտար կողմեր, որոնք ամերիկեան առեւտուրի բաժանմունքին կողմէ պիտակաւորուած են իբրեւ հաւանական ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներ:
Հուաուէյը յատկապէս կը մեղադրուի դրամատնային խարդախութեան մէջ՝ խուսափելու Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներէն, ինչպէս նաեւ՝ արդարութեան խոչընդոտման եւ այլ խախտումներուն մէջ:
Իբրեւ արդիւնք՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական գործարքներ ունեցող ընկերութիւններուն արգիլուեցաւ չինական արհեստագիտական ընկերութեան արհեստագիտական սարքեր ծախել կամ փոխանցել, բացի եթէ յատուկ արտօնագիր ունին:
Հուաուէյ կը հերքէ այս խախտումները եւ կ՚ըսէ, որ ապահովութեան սպառնալիքի պնդումները «անհիմն են»:
ԻՆՔՆԱՎԱՐ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐ
Անցեալ ամիս, Միացեալ Նահանգներու որոշումէն քիչ անց, Հուաուէյ հրապարակեց նոր սմարթֆոններ:
Բայց համակարգիչի չիփեր եւ այլ բաղադրիչներ՝ Ինթել, Քուալքոմ եւ Պրոտքոմ եւ այլ ընկերութիւններէ գնելու իր անկարողութիւնը կը թուի, որ խոչընդոտ դարձած է նոր պահանջուած քանակով լեփթոփ արտադրելու, հակառակ որ ան բաւական բաղադրիչներ պահած էր այսպիսի տագնապներու պարագային:
Ուաշինկթընի այս քայլը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ ոչ-ամերիկեան ընկերութիւններ իրենց կապերը խզեն Հուաուէյի հետ: Չիփ արտադրող «Է.Ար.Էմ.» ընկերութիւնը, որ կը գտնուի Բրիտանիոյ մէջ եւ կը պատկանի ճաբոնական Սոֆթպենքին, իր պաշտօնեաներուն պատուիրեց դադրեցնել գործարքները Հուաուէյի հետ, քանի որ իր գործէն մաս մը կը կատարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հակառակ այս խոչընդոտներուն՝ չինական ընկերութիւնը կը շարունակէ հետապնդել արտասահմանեան ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւնը:
«Տը Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Հուաուէյ սկսած է աշխատակցիլ «Աուտի» եւ «Թոյոթա» ընկերութիւններուն հետ՝ մշակելու համար ինքնավար ինքնաշարժներ:
«ՈՒՊԸՐ» ԻՐ ԹՌՉՈՂ ԹԱՔՍԻԻ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ԿԸ ՀԱՍՑՆԷ
«Ուպըր» յայտարարեց, որ Աւստրալիան պիտի ըլլայ առաջին միջազգային շուկան՝ իր թռչող թաքսիի ծառայութեան, որ կը կոչուի «Ուպըր էր»:
Ընկերութիւնը ընտրած է Մելպուռնը՝ իր օդային թաքսիի ծրագիրը փորձարկելու երրորդ քաղաքը, միանալով Տալասին եւ Լոս Անճելըսին:
Փորձառական թռիչքները պիտի սկսին 2020-ին՝ նպատակ ունենալով առեւտրական գործունէութեան սկսելու 2023-ին:
Բազմաթիւ ընկերութիւններ արդէն իսկ կը մշակեն թռչող թաքսիներ՝ իբրեւ ապագայի փոխադրամիջոց:
«Ուպըր»ը նշած է, որ օդային փոխադրամիջոցը պիտի նուազեցնէ խճողումները քաղաքներուն մէջ:
Ան ըսաւ, որ Մելպուռնի կեդրոնական առեւտրային շրջանէն դէպի օդակայան երկարող 19 քիլօմեթրնոց ճամբան պիտի տեւէ 10 վայրկեան «Ուպըր էր»ի միջոցով, մինչ 1 ժամ՝ ինքնաշարժով:
«Ուպըր» սկսած է աշխատակցիլ ՆԱՍԱ-ի եւ ամերիկեան բանակին հետ՝ իր թռչող թաքսիներուն համար, ինչպէս նաեւ երկու օդանաւային արտադրող ընկերութիւններու՝ Embraer and Pipistrel Aircraft-ի հետ:
Նշենք, որ նախորդ ամիս «Ուպըր»ը բաժնետիրական շուկայի հիասթափեցնող կացութիւն մը ունեցած էր:
Այս փորձառական շրջանը կու գայ այն ժամանակ, երբ «Ուպըր»ը նախորդ ամիս հրապարակեց հիասթափեցնող սթոքային մարքեթ: «Ուպըր»ի առաջին եկամուտներու հաղորդագրութիւնը ցոյց տուած էր, որ ամերիկեան ընկերութիւնը 1 միլիառ տոլարի կորուստ ունեցած է՝ նկատի առած թաքսիի ծառայութեան հզօր մրցակցութիւնը եւ ճաշ առաքելու իր ծրագիրին յաւելեալ ծախսերը:
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ
«Ուպըր» միակ ընկերութիւնը չէ, որ կը փորձարկէ թռչող թաքսիները: Տարբեր արհեստագիտական ընկերութիւններ կը մրցին՝ ստեղծելու առաջին գործնական թռչող թաքսին:
Տուպայի իր առաջին թռչող թաքսիի ծառայութիւնը փորձարկեց 2017-ին:
ՖԷՅՍՊՈՒՔ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷ 500 ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼՈՆՏՈՆԻ ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
Մինչեւ 2019-ի աւարտը Ֆէյսպուքը պիտի ստեղծէ 500 նոր արհեստագիտական գործեր Լոնտոնի մէջ, ներառեալ 100 պաշտօններ՝ արհեստական բանականութեան մէջ: Նոր պաշտօնեաներէն շատեր պիտի աշխատին այնպիսի ծրագիրներու վրայ, որոնք կ՚ընդգրկեն յայտնաբերել եւ հեռացնել չարամիտ բովանդակութիւն, կեղծ հաշիւներ եւ վնասակար վարքագիծ:
Ընկերային ցանցերու հսկան ըսած է, որ մինչեւ տարեվերջ մայրաքաղաքին մէջ գործի պիտի ընդունի աւելի քան 3 հազար անձեր՝ երեք տարբեր կեդրոններու մէջ, ներառեալ իր նոր ճարտարագիտական կեդրոնը Սոհոյի մէջ, Լոնտոնի կեդրոնը:
«Այս հարիւրաւոր նոր գործերը ոչ միայն ցոյց կու տան մեր յանձնառութիւնը Բրիտանիոյ հանդէպ, այլեւ մեր վճռակամութիւնը՝ աշխուժօրէն յայտնաբերելու եւ հեռացնելու վնասակար բովանդակութիւնը», ըսաւ Նիքոլա Մենտըլսըն՝ Ֆէյսպուքի փոխ-նախագահը Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ:
Ֆէյսպուքը յայտնեց, որ Լոնտոնը իր ամենէն մեծ ճարտարագիտական կեդրոնն է Միացեալ Նահանգներէն դուրս՝ այս տարուան աւարտին ունենալով 1800 նոր պաշտօնեաներ արհեստագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մէջ:
«ԱՄԱԶՈՆ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ, ՈՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՄԻՇՏ ԱԼ ԿԱՐԻՔԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
«Ամազոն»ի մարդամեքենաշինութեան արհեստագիտութեան մասնագէտը «Պի.Պի.Սի.»ին ըսած է, որ «Ամազոն»ի պահեստները միշտ ալ մարդկային անձնակազմի կարիքը պիտի ունենան:
Ընկերութիւնը ըսած է, որ ան տեղակայած է աւելի քան 200 հազար պահեստներու մարդամեքենաներ՝ յիսուն վայրերու մէջ:
Բայց հակառակ անոր որ, «Ամազոն» մեծապէս կը ներդրէ յառաջացած մարդամեքենաշինութեան մէջ, Թայ Պրէյտի յայտնած է, որ ընկերութեան կեդրոնները երբեք պիտի չհասնին այն կէտին, ուր կրնան ամբողջովին ինքնագործ դառնալ:
«Ասիկա ներդաշնակութիւն է մարդոց եւ գործիքներու, որոնք միասին կ՚աշխատին, երկուքին ալ պէտք ունիս»:
«Այն մարտահրաւէրը, որ մենք ունինք մեր առջեւ, այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս խելամտօրէն կը պատրաստենք մեր մեքենաները՝ մարդկային կարողութիւնները զարգացնելու համար»:
Ան յայտնեց, թէ այդ առաջարկը, որ մարդամեքենաները մարդիկը պիտի փոխարինեն, «առասպել» մըն է:
Ան նշեց, որ երբ մարդկային կարողութիւնները զարգացնես, արտադրողականութիւնը կը բարձրանայ, եւ կարելիութիւն կ՚ըլլայ ստեղծելու նոր գործեր, որոնք աներեւակայելի էին հինգ տարի առաջ:
Բայց այս գործերուն բնոյթը խստօրէն քննադատուած է:
Անցեալ նոյեմբերին Բրիտանիոյ մէջ Աշխատաւորներու միութիւնը բողոքի ցոյց մը կատարեց՝ «Ամազոն»ի պահեստներուն մէջ աշխատողներուն պայմանները «անմարդկային» նկարագրելով:
«Անոնք ոսկորներ կը կոտրեն, ուշաթափ գետին կ՚իյնան եւ շտապ օգնութեան մեքենաներով կը տարուին», ըսած էր միութեան ընդհանուր քարտուղարը:
«Մենք ձայն կը բարձրացնենք եւ կ՚ըսենք, որ այս վիճակը պէտք է դադրեցնել: Այս մարդոց շնորհիւ՝ «Ամազոն» դրամ կը շահի: Այս մարդիկը ունին զաւակներ, տուներ, վճարումներ. անոնք մարդամեքենաներ չեն»:
Պատասխանելով այս քննադատութեան՝ «Ամազոն» յայտնեց, որ իր բոլոր կեդրոնները ապահով վայրեր են աշխատելու համար, եւ բոլոր հակառակը փաստող տեղեկագրութիւնները սխալ են:
Սակայն ընկերութիւնը փոփոխութիւններ կը կատարէ՝ իբրեւ պատասխան կատարուած ճնշումներուն: Այս տարուան սկիզբը «Ամազոն» պահեստի աշխատողներուն նուազագոյն ամսական բարձրացուցած է 15 տոլարի՝ ենթարկուելէ ետք բազմաթիւ ճնշումներու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի.Պի.Սի.», «Ռոյթըրզ»