ԵԹԷ ՉԸԼԼԱՐ ՀԱՅ ԳԻՐԸ…

Երբ ձեռքս գրիչը՝ կը սկսիմ ճերմակ թուղթին վրայ սեւ հայ տառերով գրութիւն մը գրել, յաճախ կը խորհիմ, թէ եթէ չըլլար Հայ գիրը, ի՞նչպէս պիտի կարենայի գրել, եւ եթէ չըլլար Հայ գիրը, ի՞նչպէս պիտի կարդար Հայ ընթերցողը։ Այս հարցումը աւելի զգալի կը դառնայ ամէն Թարգմանչաց տօնին, երբ կը տօնուի Հայ գիրերու գիւտին յիշատակը։

Շատ պարզ կերպով կարելի է պատասխանել վերոյիշեալ հարցումին. եթէ Հայ գիրեր չըլլային, գրութիւնները տարբեր նշանագիրներով պիտի գրուէին եւ դարձեալ տարբեր նշանագիրներով պիտի կարդացուէին։ Երանի թէ այս հարցումին պատասխանը այսքան պարզ եւ դիւրին ըլլար…։

Մարդկային բնական զգացում մը, հոգեվիճակ մըն է՝ թէ իւրաքանչիւր անհատ երբ կը գործածէ որեւէ գործիք, կ՚ուզէ եւ կը նախընտրէ իր սեփական գործիքը ունենայ եւ զայն գործածէ։ Որովհետեւ որեւէ բանի մը տէ՛ր ըլլալ մարդուս ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ, գործիքը գործածած ատեն ինքզինք աւելի ապահով եւ իրաւասո՛ւ կը զգայ։ Այն որ իրեն չի պատկանիր, փոխատուութեամբ, որպէս աւանդ գործածելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուի մարդ, կարծես աւելի զգուշութեամբ, վերապահութեամբ կը գործածէ զայն եւ հետեւաբար այդ գործէն կամ աշխատութենէն ակնկալուած արդիւնքը կատարեալ կերպով ձեռք ձգել կարելի չ՚ըլլար։ Մանուկներ ամենալաւ կերպով կ՚արտայայտեն այս զգացումը՝ անկեղծ եւ հարազատ կերպով. մանուկ մը երբ կը խաղայ ուրիշին պատկանող խաղալիքով այնքան երջանիկ չ՚ըլլար՝ որքան իրեն պատկանող խաղալիքով։ Ան կ՚ուզէ, որ իր իսկ խաղալիքով խաղայ աւելի համարձակ, աւելի ինքնավստահ եւ աւելի անվա՛խ։ Արդարեւ, ուրիշին պատկանող առարկան կամ գործիքը միշտ անհանգստութիւն կը պատճառէ գործածողին. կարծես բան մը պակսի, կարծես անհարազատ ըլլալու մտահոգութիւն մը կը պատէ ենթական։

Մարդ իրեն պատկանածը աւելի համարձակ եւ աւելի եռանդով, աւելի աշխոյժ կերպով կը գործածէ, քանի որ գործիքը եւ գործածողը նոյնացած, ընդելուզուած կ՚ըլլան։ Եւ մէկու մը որեւէ իրի մասին «ասիկա ի՛մս է» ըսելը ո՜րքան զօրութիւն, կորով, վստահութիւն կը ներշնչէ եւ բնականաբար սեփական գործիքով գործուած որեւէ գործ շատ աւելի լաւ արդիւնք կու տայ։ Բնական զգացում մըն է, մարդ միշտ իրեն պատկանածը կ՚ուզէ…։

Հայ գիրին գործածութեան մասին, ըստ իս նախընտրելի է ձեռագիրը, քանի որ անոր մէջ կայ տարբեր հարազատ շունչ մը, ոգի մը, ներշնչում մը։ Շատեր թերեւս յետամնաց համոզում նկատեն, բայց գրամեքենայով կամ համակարգիչով գրուած գիրերու մէջ ձեռագիրին կենդանութիւնը, աշխուժութիւնը տեսնելու կը դժուարանամ, ինչ որ ասիկա կարծիք մըն է միայն եւ ո՛չ քննադատութիւն, ո՛չ հակադրութիւն։ Եւ քանի որ այլեւս շատեր այդ կերպը կը գործածեն, անշուշտ որ բանաւոր պատճառ մը ունին։ Մեր անձնական կարծիքը եւ համոզումը միայն այն է, որ ձեռագիրին մէջ աւելի հոգի կայ, աւելի գրողին ինքնութիւնը կայ, աւելի հարազատ, աւելի մտերիմ, աւելի զգացում կայ։ Եւ երբ Հայ գիրը կը գրենք որպէս ձեռագիր, կարծես կեանք կը ստանայ գիրը, կ՚ապրի, գրողին անձին հետ կը նոյնանայ, գիրը եւ գրողը մէ՛կ կ՚ըլլան, մէկ անձ, մէկ հոգի, մէկ միտք, եւ գիրը կեանք կը ստանայ, կը կենդանանայ՝ փոխանակ անկենդան նշանագիր մը մնալու…։

Եւ ի՜նչ մեծ հաճոյք է, ի՜նչ երջանկութիւն, երանութի՜ւն երբ մատներէն դէպի թուղթին վրայ կը հոսին Հայ տառերը, ամէն մէկը կեանք ստացած, մատներու ջերմութեամբ, մատներու կենդանութեամբ, մատներու զգացողութեամբ տաք, կենդանի եւ զգայուն Հայ գիրերը…։

Գրամեքենայով, համակարգիչով գրող մատներ արդեօք կրնան մատներու ջերմութիւնը, հոգիներու, սրտերու զգացումները եւ միտքերու խորհուրդները նոյն հարազատութեամբ, նոյն մտերմութեամբ փոխանցել ճերմակ թուղթին վրայ՝ որքան մատներու որոնք ձեռագիր կ՚արտայայտեն նոյն գաղափարները, նոյն զգացումները։ Հայ գիրը եթէ չըլլար ձեռագիրներու մտերմութիւնը, հարազատութիւնը, ի՞նչպէս պիտի յայտնուէր։ Հայ գիրը աստուածատուր պարգեւ մըն է մեզի, եւ անիկա պէտք է սիրով եւ զօրաւոր բռնենք մեր մատներուն մէջ, մատներուն ծայրը մարմնին ամբողջ կենդանութեամբը, ամբողջ եռանդովը, ամբողջ խանդովը, եւ այդպէս Հայ գիրը մաս կազմէ մարմնին անդամներուն, մատնշելով, թէ ան նոյնացած է անձին, գրողին։

Հայ գիրը ապրող իրողութիւն մըն է, գիրը պարզ «նշան» մը, ձեւ մը չէ, այլ հոգի ունի, իր գիւտով, իր անցեալով, իր արտադրութիւններով։

Այս առթիւ երբ կը մտահոգուինք Հայ գիրին ապագային մասին, ցաւով պէտք է ըսենք, որ ապագան խորհելէ առաջ ներկան մտածելու, ներկային մասին մտահոգուելու պահանջքը ունինք։

Հայ գիրը, սեփական հարազատ տառերը, որքան կը գործածուի այսօր, անտարբերութեան ախտին զոհուած Հայ գիրը…։ Երբ անտարբեր է Հայը իր սեփական գիրին, աւելորդ է կարծիք յայտնել, թէ ձեռագի՞րը, թէ՞ մեքենագիրը աւելի յարմար է անոր ոգին արտայայտելու։ Թէեւ մենք պիտի շարունակենք ձեռագիր կերպը գործածել Հայ տառերուն համար, բայց հոգ չէ՛. թող գրամեքենայով, համակարգիչով ալ գրեն Հայ գիրը գործածողները, բա՛ւ է որ Հայ տառերով շարունակեն գրել։ Արդարեւ, բոլորովին կորսնցնելու վտանգին առջեւ, անշուշտ նախընտրելի է գրել այնպէս՝ ի՛նչպէս որ դիւրին է գրողին համար։

Հայ գիրերու գիւտը որքան պատմական, նոյնքան ընկերային, հոգեբանական, մշակութային աննախընթաց դէպք մը, իրողութիւն մըն է։

 Երբ մենք ընդհանրապէս անտարբեր կը գտնուինք մեր սեփական արժէքներուն, օտարներ շատ աւելի հետաքրքրութեամբ եւ հիացումով կը մօտենան անոնց, ինչպէս Հայր Լուի Մարիէս, որ կ՚ըսէ.

«Եթէ ես հայ ըլլայի, իրաւամբ ես զիս հպարտ պիտի զգայի այսպիսի լեզու մը ունենալուս համար։ Հայե՜ր, դուք կրնաք պարծենալ ձեր լեզուով»։

Բայց պարծենալու համար պէ՛տք է նախ ծանօթանալ, ճանչնալ մեր սեփականը եւ երբ ճանչնանք, պիտի սիրենք, պիտի պարծենանք Հայ գիրով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 3, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019