ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ. ԼՍՈՂՆԵՐ ԿԱ՞Ն…
Այս օրերուն Հայաստանէ ներս հանրայնացուած հիմնական խնդիրները անմիջական կապ ունի բնութեան մէջ երեւելի դարձած բազում հիմնահարցերու հետ։ Մինչ քաղաքական կեանքին մէջ (նաեւ ամրան շրջանին պատճառով) մասմաբ «խաղաղ» վիճակ մը կը տիրէ, անդին՝ Հայաստանի բազմաթիւ հատուածներու մէջ իրենց գլուխը ցցելու սկսած են բնութեան հետ անմիջական կապ ունեցող եւ բաւական մեծ մտահոգութիւն պատճառող հիմնախնդիրներ, որոնք ինչպէս մօտիկ անցեալին, կրնան միայն եղանակային չըլլալ եւ այդ կերպով սպառնալ Հայաստանի գաւառներու կամ ծայրամասային նահագներու բնակչութեան։
Այս հարցերէն ամենէն ուշագրաւը անշուշտ Սեւանայ լիճին խնդիրն է, որ ունի տարիներու պատմութիւն եւ այսօր մտած է արդէն բաւականին մտահոգիչ փուլ մը։ Ի դէպ, Սեւանայ լիճին դիմագրաւած բարդութիւններուն մասին աւելի յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ, «Լրագիր» կայքէջի աշխատակից Սիրանոյշ Պապեանի Լեւոն Գալստեանին հետ վերջերս կատարած հարցազրոյցը, ուր բնապահպանը բաւական յստակ շեշտադրումներ կատարելով կը փորձէ մեր աչքերուն առջեւ յստակ բնորոշում մը կատարել Սեւանի այսօր դիմագրաւած խնդիրներուն մասին, նաեւ բացատրելով՝ որ այսօրուան խնդիրները ունին մեծ անցեալ եւ անոնց լուծումը կ՚ենթադրէ ծրագրային եւ անդուլ աշխատանք։
Սեւանէն բացի, հայաստանցիներուս համար կարեւոր զարգացումներ արձանագրուեցան Իջեւան քաղաքին մէջ, ուր անտառահատ անձեր բախումի մէջ մտան ոստիկանութեան հետ եւ վիրաւորեցին մի քանի ոստիկաններ։ Խնդիրն այն էր, որ Տաւուշի մարզպետ՝ Հայկ Չոպանեան հրապարակած էր որոշում մը, որուն հիմամբ խստիւ կերպով արգելքներ պիտի դրուէին բոլոր անոնց դէմ, որոնք առանց օրինական միջոցներու, իրաւունքի կամ յայտի պիտի շարունակէին «աշխոյժ» կերպով յառաջ տանիլ Իջեւան քաղաքը շրջապատող անտառները «ոչնչացնելու» իրենց սեւ գործը, այդպէսով սպառնալով ոչ միայն Իջեւանին ու անոր անտառապատ հողերուն, այլեւ ամբողջ քաղաքին։
Հոս եւս աւելի քան յստակ էր, որ այսօրուան վիճակը արդիւնքն էր անցնող տասն-քսան եւ նոյնիսկ աւելի տարիներու բացթողման, որուն պատճառով ալ հասարակութիւնը վարժուած էր ամենաթողութեան եւ օրէնք խախտելն ու ապօրինի միջոցներով եւ կերպերով ծառ հատելը դարձած էր բնական երեւոյթ։
Այստեղ անշուշտ հարց պիտի ծագի, արդեօք մեղաւո՞ր են անոնք, որոնք յանուն հացի, յանուն ընտանիք պահելու եւ արժանապատիւ կեանք մը վարելու՝ ստիպուած կ՚ըլլան իրենց գլխաւոր աշխատանքը դարձնել ծառահատում կատարելու սեւ գործը։
Պատասխանն անշուշտ ոչ է. անոնք յանցաւոր, մեղաւոր կամ յանցագործ չեն, սակայն միւս կողմէ ներկայ վիճակին շարունակութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն Իջեւանի այսօրուան բնակիչներուն, այլ նոյնիսկ ապագայ սերունդներուն համար։
Վտանգ եւ յանցանք բնութեան նկատմամբ, անշուշտ եւ անկասկած պիտի նշանակէ վտանգ եւ յանցանք վաղուան սերունդներուն հանդէպ, որոնց համար երկրի սահմանները պաշտպանելու սրբազան գործէն ետք, կարեւորագոյն դրուածք է պահպանել երկրի բնութիւնը, բնական հարստութիւնները, անտառներն ու արգելոցները. մէկ խօսքով պահպանել ողջ եւ ապրող Հայաստանի ամբողջ բնութիւնն ու անոր հարստութիւնները։
Բացի այս բոլորէն, անշուշտ կարեւոր դրուածք է, որ այսօր ծառերուն դէմ պայքարի ելած ու ամէն գնով իրենց առօրեայ հացը ապահովել փորձող քաղաքացիներուն ալ պէտք է տրուին ամենալայն հնարաւորութիւնները, գործի պայմաններն ու առիթները, որպէսզի ան կարողանայ, առանց ինք իր վրայ կրակելու (այլ խօսքով՝ առանց իր բնական հարստութիւնները ոչնչացնելու), արժանապատիւ կերպով իր ամէնօրեայ հացը վաստակիլ։
Այլապէս ալ Հայաստանի որեւէ կառավարութեան կողմէ կտրուկ եւ խիստ որոշումները պիտի դառնան երկսայրի սուր, որուն իւրաքանչիւր հարուածը վնասակար եւ նոյնիսկ աղիտալի կրնայ ըլլայ ամբողջ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին համար։
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆ ԼԵՒՈՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆԷՆ
-Սեւանայ լիճը կրկին «ծաղկած է», բնապահպանները լուսանկարներ կը հրապարակեն։ Ի՞նչ կը կատարուի իրականութեան մէջ, որքանո՞վ մտահոգիչ է։
-Լիճին մէջ կապտականաչ ջրիմուռներու մեծ քանակի աճ կայ, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ինչն է այդ խնդիրին պատճառը։ Որքան ես գիտեմ, որեւէ պետական մարմին այսպիսի ուսումնասիրութիւն չէ ըրած վերջին տարիներուն։ Բացի այն պատճառներէն, որ ջերմութիւնը բարձր է, կոյուղաջուր կը լեցուի Սեւան, այլ պատճառներ չեն յիշատակուիր։ Կրնայ սա այնպիսի աստիճանի հասնի, որ անփոփոխելի դառնայ, լիճի ինքնամաքրման ընթացքը նահանջէ եւ դադրի։ Սա կրնայ լուրջ խնդիրներու հասցնել եւ երկրի բնապահպանական իրավիճակին վրայ մեծ բացասական ազդեցութիւն ունենալ։ Երբ մենք կ՚ըսենք, որ բնապահպանական անվտանգութիւնը իր կարեւորութեամբ Հայաստանի համար հաւասար է ռազմական անվտանգութեան, շատեր չեն ուզեր հաւատալ։ Սեւանայ լիճը բնապահպանական անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչներէն է, եթէ մենք կորսնցնենք Սեւանը, Հայաստանի վրայ ալ կրնանք խաչ քաշել։
Խնդիրն այն է, որ առաջնային կարեւոր հետազօտութիւն չէ կատարուած եւ հիմա ալ չի կատարուիր, թէ եղածին պատճառները որո՛նք են, ի՛նչ վիճակի մէջ է հիմա, ի՛նչ միտումներ կան, ի՛նչ հետեւանքներու կրնայ հասնիլ, ի՛նչ ձեւ պէտք է ըլլայ ջուրի որակի փոփոխութիւնները եւ ինչ անմիջական քայլեր պէտք են այս խնդիրը լուծելու համար։ Ոչ թէ պէտք է ըսել՝ մէկ տարի, վեց ամիս յետոյ կը փոխենք օրէնքը, մաքրման կայաններ կը դնենք։ Այդպիսի բաներ կրնայիք ընել այն ժամանակ, երբ հիւանդը լուրջ վիճակի չէ հասած, մահամերձ չէ։ Իսկ երբ մահամերձ է, այդ ժամանակ պէտք է վիրաբուժական մօտեցում ցոյց տալ, գործադրել արագ միջոցառումներ, բան մը, որ մենք ցարդ չենք տեսներ։
Մենք, որպէս հայկական բնապահպանական ճակատ եւ ես որպէս աշխարհագրագէտ, մօտաւորապէս տասնհինգ յօդուած հրապարակած եմ Սեւանի մասին (2015 թուականէն սկսեալ), եւ յստակ յիշատակած ենք, որ այսպէս շարունակուելու պարագային մենք կը կորսնցնենք Սեւանը։ Կը յիշատակուի, որ այս վիճակին պատճառը կոյուղաջուրերն են, բայց կոյուղաջուրերը տասն-տասնհինգ տարի առաջ ալ կը լեցուէին Սեւանի մէջ, բայց այդ ժամանակ վիճակը նոյնը չէր։
-Ստեղծուած վիճակի գլխաւոր պատճառը ի՞նչն է։
-Իմ կարծիքով, գլխաւոր պատճառը այն է, որ նախորդ կառավարութիւնը յանցագործութիւն կատարած է Սեւանի նկատմամբ. 2011 թուականին դադրեցուած է Սեւանայ լիճին մակարդակի բարձրացումը։ 2012-2018 թուականներուն Սեւանի մակարդակը բարձրացած է միայն 30 սանթիմով, այն պարագային, երբ մինչ այդ՝ 2002-2011 թուականներուն Սեւանի մակարդակը բարձրացած էր 3.5 մեթրով։ 2002-2011 թուականներուն ջուրի մակարդակի այսպիսի բարձրացման արդիւնքով ջուրի որակը սկսած էր բարելաւուիլ։ Իսկ 2011 թուականէն յետոյ եղած են տարիներ, երբ նոյնիսկ նուազած է ջուրի մակարդակը, բան մը, որ օրէնքով ալ ընդունելի չէ։ Ատոր հետեւանքով լիճը սկսաւ կրկին իր որակը կորսնցնել։ Սա յստակ նախորդ իշխանութիւններուն գործած յանցագործութիւնն է Սեւանի նկատմամբ։
Երկրորդ պատճառը այն է, որ նոյն յանցագործները, մասնաւորապէս բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատողները չեն մաքրած ափամերձ տարածքները ջուրի մակարդակը բարձանալէն առաջ։ Այդ իսկ պատճառով ծառեր, օրկանական այլ բաներ մնացած են ջուրին տակ, եւ աւելցած է օրկանական նիւթերու մուտքը լիճ։ Վերջին տարիներուն, քանի որ նուազած է քանակը Սեւանայ լիճի ձուկերու եւ խեցգետիններու, որոնք կ՚ուտէին այդ օրկանական նիւթերու մէկ մասը, իրավիճակը դարձուց տագնապալի։
-Սեւանը փրկելու համար, որո՞նք պիտի ըլլան առաջնային քայլերը։
-Կը կարծեմ, որ պէտք է անմիջապէս մաքրել ափամերձ տարածքները եւ նորէն արագ ձեւերով բարձրացնել լիճի մակարդակը, որպէսզի կարենանք վերադառնալ գոնէ այն վիճակին, որ եղած է 2011-2012 թուականներուն։ Հիմա բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ աղտոտ ջուրը կը լեցուի Սեւան, եւ պէտք է մաքրման կայաններ տեղադրել եւ այլն։ Ի հարկէ, աս ալ պէտք ընել, բայց մինչեւ գնահատական չունենաս, թէ ի՛նչ է իրական պատճառը եւ ի՛նչն է առաջնահերթ, որ պէտք է կատարուի, ենթադրելով ճիշդ չես կրնար առաջնորդուիլ։ Առաջանահերթ խնդիրը ափամերձ տարածքները, ջուրի տակ մնացած ծառերը եւ անտառները մաքրելն է եւ պէտք է վերականգնել Սեւանի ջուրի մակարդակի աճը։ Սեւանայ լիճը պէտք է տարեկան 20-40 սանթիմով բարձրանայ ու այդ աճը պէտք է կայուն ըլլայ։ Պէտք է այս ամէնը գիտականօրէն ուսումնասիրուի, ոչ թէ առաջնորդուինք իմ կամ մէկ ուրիշի ենթադրութիւններով եւ որոշումներ ընդունուին։ Եւ ցաւօք, բնապահպանութեան ոլորտի մէջ նախկին միտումները կը շարունակուին, ոչ մէկ լուրջ քննարկում տեսած ենք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան