ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ - ՖՐԵՏԻ ՄԵՐՔԻՒՐԻ ԵՒ ՄՈՆՍԵՐԱԹ ՔԱՊԱԼԻԷ (BARCELONA - FREDDY MERCURY AND MONSERRAT CABALLE)

1992 թուականին Պարսելոնայի մէջ կայացած Ամառնային ողիմպիական խաղերու օրհներգը դարձաւ համաշխարհային երաժշտական տարբեր աշխարհներու երկու հսկաներու՝ Մոնսերաթ Քապալիէի եւ Ֆրետի Մերքիւրիի համատեղ «Պարսելոնա» երգը։

1965 թուականին բոլորին անյայտ սպանացի օփերային երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն Նիւ Եորքի մէջ համերգի ժամանակ փոխարինեց համաշխարհային գերաստղ Մերիլին Հորնին Տոնիցեթիի «Լուկրեցիա Պորճիա» օփերայի կատարման ժամանակ։ Այդ օրը Մոնսերաթի համար դարձաւ ճակատագրական։ Անոր փառքը հասաւ անհաւանական բարձունքներու։ 80-ականներու վերջը, երբ յայտնի դարձաւ, որ 1992 թուականի Ամառնային ողիպիական խաղերու մայրաքաղաքը եղաւ Պարսելոնան, քաղաքի քաղաքապետը առաջարկեց երգչուհիին մասնակցիլ բացման արարողութեան եւ անոր նախորդող նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Մոնսերաթ վստահ որոշած էր, որ երգը, որով ան ելոյթ պիտի ունենայ բացման, օփերային պիտի չըլլայ։ Ան կ՚ուզէր որեւէ նոր ու թարմ շունչ ունեցող բան մը ընել։ Անոր եղբայրը խորհուրդ տուաւ համագործակցութեան առաջարկով դիմել Ֆրետի Մերքիւրիին, որ իր հիմնած Քուին խումբի հետ միասին նոյնպէս կը գտնուէր փառքի բարձունքներուն։ Այդպէս ալ ըրին։ Ֆրետին սիրով համաձայնեցաւ։ Ան Մոնսերատի մոլի համակիրն էր, եւ այդ մասին գիտէին բոլորը։ Ունէր անոր բոլոր ձայներիզներու հաւաքածոն եւ հարցազրոյցի մը ժամանակ ըսած էր, որ Մորնսերաթ իրեն երբեւէ հանդիպած ամենագեղեցիկ կիներէն մէկն է։

«Ես Ֆրետիին հանդիպեցայ Պարսելոնայի հիւրանոցի իր սենիակին մէջ, ուր ձայնագրման սարք եւ երեք Ռոյալ դաշնամուր կար։ Ֆրետին հարցուց, թէ ինչպիսի՞ երգ կը նախընտրեմ երգել։ Ես իրեն ըսի՝ դուն ըսէ ինծի որ մէկը արդիական է հիմա։ Վստահ գիտեմ, որ օփերա չեմ ուզեր եւ երգը պէտք է իմ քաղաքի՝ Պարսելոնայի մասին ըլլայ։ Ֆրետին ըսաւ՝ լաւ, եւ նստաւ դաշնամուրի մօտ։ Ես զարմացած հարցուցի՝ արդեօք ինք դաշնամուր նուագել գիտէ՞, ի պատասխան ան ինծի նայեցաւ ոչնչացնող հայեացքով եւ սկսաւ Շոփէն նուագել։ Զարմանքս մեծցաւ, երբ ան ըսաւ, որ ունի լուրջ երաժշտական կըր-թութիւն, եւ բացի դաշնամուրէն նաեւ երաժշտահան է եւ զբաղած է վոքալով։ Հարցին, թէ ինչո՞ւ ռոք կ՚երգէ, երբ լուրջ կրթութիւն ունի, ան պատասխանեց, որ այլապէս մարդ չի գար իր համերգներուն եւ խնդաց։ Մենք համաձայնեցանք, որ Ֆրետին մեղեդիներու մի քանի գծագիր ընէ եւ անոնցմէ մէկը ընտրենք միասին, երբ ես Լոնտոն ըլլամ», կը պատմէ Մոնսերաթ Քապալիէ։

Երբ Մոնսերաթ եկաւ Լոնտոն, Ֆրետին ունէր մի քանի պատրաստի մեղեդի, որոնցմէ ընտրեցին Մոնսերաթին ամենէն շատ սիրածը ու զայն անուանեցին «Պարսելոնա»։ Երգը ձայնագրուեցաւ եւ հանրութեան դատին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ 1988 թուականի հոկտեմբեր 8-ին՝ երբ Սէուլէն Պարսելոնա բերուեցաւ Ողիմպիական դրօշակը։ «Ինծի ըսին, որ ես պէտք է բեմ ելլեմ սմոքինկով, կենամ ու երգեմ, միայն այսքանը։ Ես այդ ժամանակ միայն գիտակցեցայ, թէ ինչ լուրջ գործի մէջ խրուած եմ։ Ես ինծի ըսի. Ֆրետի, ասիկա համակիրներովդ լեցուած մարզադաշտ չէ, ուր դուն ե՛րբ, ի՛նչ ուզես կ՚ընես։ Դուն ելոյթ կ՚ունենաս Մոնսերաթի պէս գերաստղի հետ։ Համապատասխանէ անոր չափանաիշներուն», կը պատմէ Ֆրետին։ Ան այնքան մտահոգ էր իր ելոյթով, որ համերգի ժամանակ կենդանի կատարման փոխարէն հնչեց երգի ձայնագրուած տարբերակը։ Սկաւառակի վաճառքի հանուելու օրը 10 հազար օրինակը վաճառուեցաւ տառացիօրէն երեք ժամուայ ընթացքին։ Բրիտանական հիթ-շքերթի մէջ անիկա զբաղեցուց 8-րդ հորիզոնականը, իսկ Ողիմպիականի բացումէն ետք բարձրացաւ 2-րդ հորիզոնական։

1992 թուականին, Ողիմպիական խաղերու բացման ժամանակ, սակայն, հնչեց երգի ձայնագրութիւնը, որովհետեւ անկէ ամիսներ առաջ Ֆրետին մահացած էր եւ Ողիմպիական դրօշակի փոխանցման օրուայ համերգը Քուին խումբի համար եղաւ անոնց վերջին համերգը։

Երբ կը հանդիպին ու միասին կ՚աշխատին տաղանդաւոր եւ հանճարեղ մարդիկ, անոնց համագործակցութեան արդիւնքով կը ծնին ստեղծագործութիւններ, որոնք անգերազանցելի են եւ շքեղ։ Այդպէս եղաւ նաեւ այս պարագային։ «Պարսելոնա» երգը Ֆրետիի եւ Մոնսերաթի միակ համագործակցութիւնը չէր։ Անոնք այնքան ոգեւորուած էին միասին ստեղծագործելու գաղափարէն, որ ամբողջ ալպոմ մը ձայնագրեցին՝ «Պարսելոնա» անուանմամբ։

Ողիմպիական խաղերէն ետք այս երգը դարձաւ Պարսելոնա քաղաքի ոչ պաշտօնական օրհներգը։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019