ՍԿՍԱԾ, ԱՒԱՐՏԱԾ ԵՒ ՎԵՐՍԿՍՈՂ ԱԶԱՏ ԽՈՀԵՐ՝ ՄԵԾ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

«Մարդիկ զիրար բզկտող միջատներ են ցեխի հիւլէի մը վրայ»:

ՎՈԼԹԵՐ

Պահ մը եթէ կանգ առնենք եւ առանց կանխակալ կարծիքի՝ մտածենք այն մեծ գաղափարներուն մասին, որոնք յուզած են մեզմէ առաջ ապրած սերունդներ ու իմաստուններ եւ կը յուզեն նաեւ մեզ այսօր, եթէ փորձենք հարցականի ենթարկել ապահովութիւն ներշնչող գաղափարները եւ մարմարի վրայ գրուած-գրուող ճշմարտութիւնները, թերեւս նուազ սխալներ կը գործենք, նուազ կը դժբախտանանք եւ նուազ կը դժբախտացնենք:

Այս վերաբերումը ունենալու համար մեծ մտաւորական ըլլալու, մեծ տիտղոսներ եւ մեծ պաշտօններ ունենալու կարիք չկայ: Ի հարկէ, աւելի դժուար է դիրքորոշուիլ եւ ուղղութիւն ճշդել՝ մեկնելով կասկածէ մը կամ հարցականէ մը, քան՝ ընդունուած, գրուած, հաստատուած, իւրացուած եւ քարացած ճշմարտութենէ մը, որ կը նմանի հանգիստ եւ փափուկ անկողինի, որ կը յիշեցնէ Լա Ֆոնթենի առակի կեանքէն քաշուած առնէտը, որ աշխարհի տաքէն ու պաղէն հեռացած էր՝ ապաստանելով հոլանտական խոշոր պանիրի մը մէջ: Ո՛չ ինքզինք, ո՛չ ալ հոլանտական պանիրը հարցականի ենթարկելու կարիք ունէր:

Այդպէս է մարդոց մեծամասնութիւնը, որ քարացած մտայնութիւններու եւ ընդուն-ւած (չ)ճշմարտութիւններու ետին ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ, չ՚անհանգստացներ եւ զինք չեն անհանգստացներ. տարբեր չըլլալու երջանկութիւնը: Այդ մտայնութիւններով եւ (չ)ճշմարտութիւններով ինքնութիւն կերտած ենք, ընկերային դիրք նուաճած ենք: Զանոնք հարցականի ենթարկել՝ մեզ յանկարծ կրնայ կանգնեցնել մեր մերկութիւններուն առջեւ՝ դատարկութիւն ստեղծելով, խանգարելով կարգը, կանոնը, խաղաղութիւնը, որ յաճախ կը շփոթուի լճացման հետ:

Երբ կոչ կ՚ըլլայ հաւատարմութեան, արժէքներու, ինքնութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ այլ ամպագոռգոռ բաներու, ի վիճակի պէտք է ըլլալ ջոկելու դատարկ յոյսերու եւ տօն օրերու ամբոխավարական եւ իմաստակի (sophiste) յաճախ յուսախաբութեան տանող հնչեղ կարգախօսները՝ էականէն, ճշմարիտէն, իրաւէն, մարդկայինէն: Բայց պատմութիւնը միշտ ալ բեմ եղած է յոյսի եւ յուսախաբութիւններու ճօճանակի խաղին, մէկ ընտրութենէ միւսը, մէկ յեղափոխութենէ միւսը, մէկ նոր անունէ միւս նոր անունը, որոնք իշխանութիւն դառնալով՝ կը մարեն յոյսերը եւ կը դառնան եսերու կրպակ:

Այս հարցով շատ դիպուկ է մեծ գրող Ալպեր Քամիւի միտքը, որ կ՚ըսէ. «Յոյսը, հակառակ ընդունուած կարծիքին, հաւասար է համակերպումի: Եւ ապրիլ՝ համակերպիլ չէ»:

Արդարեւ, դասական խօսք է ըսել, որ հաւատարիմ պէտք է ըլլալ սեփական տեսակէտներու, արժէքներու, չընդունիլ կարգախօսները, թափծու ճշմարտութիւնները, որոնցմով ընկերութեան մէջ կը գտնենք մեր տեղը, կ՚ըլլանք ընդունելի: Պահ մը պէտք է մտածել. հաւատարիմ ըլլալ սեփական տեսակէտներո՞ւ, թէ՞ ընկերութեան կողմէ սրսկուած տարազներու, կրկնուող գաղափարներու: Սեփական տեսակէտ ունենալու համար նախ պէտք է մեկնիլ տարակուսանքէն եւ փակագիծի մէջ դնել այն, ինչ որ ընկերաքաղաքական ճշմարտութեան պատկերով կը ներկայանայ: Այս կ՚ըլլայ առաջին քայլը յառաջդիմութեան, զոր երբեմն աղմուկով կը կոչենք յեղափոխութիւն:

Հերակլիտէն ի վեր գիտենք, որ կարելի չէ նոյն գետի նոյն ջուրին մէջ երկու անգամ լոգնալ: Այդպէս են մարդը եւ կեանքը, անոնք քարացած չեն: Ինչ որ դաջուած է մարմարի վրայ եւ կը ներկայանայ որպէս վերջնական, հականիշն է յառաջդիմութեան: Ի հարկէ, խօսքը չի վերաբերիր վասն դատարկ նորաձեւութեան եւ նորարարութեան ինքզինք թափահարող մերժումներու:

Ժողովրդավարութիւնը մշտանորոգ յոյսի շտեմարան է, կամ՝ աճպարարի խաղ, որ գըլ-խարկին տակէն յոյսի թռչուններ կը հանէ: Ժողովրդավարութիւնը Հերակլիտի խաղն է, որ կը նմանի նոյն գետի նոյն ջուրին մէջ երկու անգամ կարենալ լոգնալու անկարելիութեան: Աւելի լաւին եւ աւելի կատարեալին խոստումով եւ յոյսով կը բեմադրենք ժողովրդավարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ կը պատրաստենք փոփոխութիւնը եւ կը պատրաստուինք փոփոխութեան: Այսինքն ոչինչ վերջնական է: Այս գիտակցութիւնը եթէ քաղաքական ղեկավարը ունենայ, եթէ ընդհանրապէս մարդիկ ունենան, նուազ ամբարտաւան կ՚ըլլան, իրենք զիրենք նուազ անփոխարինելի եւ նախախնամական կը համարեն, զանգուածներուն մէջ այդ խաբկանքը չեն սնուցաներ:

Ժողովրդավարութիւնը մերժումն իսկ է մնայուն ճշմարտութեան, հետեւաբար՝ յառաջդիմելու եւ միշտ վերանորոգուելու հորիզոնը: Իմաստութիւն, որուն հունով պէտք է կարենանք ըսել, որ միւսն ալ իրաւունք ունի: Նախնականութեան մէջ խեղդուած՝ ընկերութիւնները կը սիրեն խեղդուիլ քաղաքական ճահիճին մէջ, ամէն անգամ որ կը կարծեն գտած ըլլալ մեսիա մը, նախախնամական ղեկավար մը, մեսիաներ, որոնք յաճախ հայհուչներով կը հեռացուին: Իմաստուն ղեկավարը գիտէ, որ նախախնամական ըլլալու վիճակը մնայուն չէ, քաղաքական հասունութիւն ունեցող հասարակութիւնը գիտէ՝ մեսիանական ղեկավարը կը ծնի պատմութեան մէկ ակնթարթին, իր անձին մէջ կեդրոնացնելով հաւաքականութեան ակնկալութիւնները, կարելիութիւնները եւ ուժը: Այդ ակնթարթէն ետք մեսիանական ղեկավարը կը դառնայ շարքային քաղաքացի: Այդպէս ալ Բ. Աշխարհամարտի մեծ հերոսը՝ Ուինսթըն Չըրչիլ, կորսնցուց խաղաղութեան վերադարձի քուէն:

Պարզ է, որ կառչիլ ժողովրդավարութեան՝ կը նշանակէ կառչիլ տեւաբար փոխելու-փոխուելու գաղափարին, յաւելեալ բարիքի, յաւելեալ արդարի, եւ մարդուն յաւելեալ պայմաններ ընծայելու կարելիութեան, որպէսզի ան ինքզինք կարենայ իրականացնել՝ չըլլալու համար սոսկ արտադրող եւ սպառող: Այս ճիգը մնայուն որոնում է հաշտեցնելու եսը եւ ընդհանուրը, անհատական շահը եւ հաւաքական շահը: Այսպէս ալ պիտի շարունակուի, եթէ օր մը չիյնանք արհեստական ուղեղներով կառավարուելու-առաջնորդուելու խաղին մէջ, որ պիտի նշանակէ Միշել տը Մոնթենէի նկարագրած «ալիքուող եւ զանազանեալ» (ondoyant et divers) մարդուն վերջը:

Իրաւ ժողովրդավարութեան դասը այն է, որ ժամանակները մեզմով չեն սկսած՝ ըլլանք անհատ թէ հաւաքականութիւն, եւ մեզմով պիտի չաւարտին:

Յաճախ կ՚ըսեմ, որ պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը եւ մտածել Ժան-Ժաք Ռուսոյի պէս, որ մարդը կատարեալ չէ, կատարեալ մարդ չկայ, բայց մարդը միշտ կրնայ բարելաւուիլ, կրնանք զայն բարելաւել:

Այս դէպի լաւը մնայուն լարումին դաշտ է ժողովրդավարութիւնը, պէտք է վարժուիլ չընդունելու անփոխարինելի առաջնորդը, երբ գիտենք, որ ան պատմութեան ընթացքին վերածուած է բռնատէրի:

Այսինքն, իրապէս կեանք տալու համար ժողովրդավարութեան, միշտ պէտք է մերժել մանկամտութիւնը, պարտութիւնը եւ ըլլալ չափահաս՝ մեծ կամ պզտիկ հարցերու պարագային եւ կացութիւններու մէջ ունենալ չափահասի վերաբերում: Այս աւելի դժուար է պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ եւ ստանալ:

Կրնանք այս հարցերուն մասին մտածել ընդհանրապէս, այդ պարագային ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Կրնանք մտածել նաեւ որպէս հայ, հոն, ուր հայ կայ, բայց այս արդէն աւելի դժուար է: Մեր պատմութիւնը եւ մեր անմիջական ներկան, միշտ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մտածման առանցք պէտք է ըլլան: Չմտածելով եւ մտածելով չգործելով՝ մենք մեզ դէմ առ դէմ կը գտնենք անակնկալներու, ծնունդ կու տանք մենատիրութիւններու, փտածութեան, պարտութիւններու:

Յոյսը մանանայ չէ, երկինքէն պիտի չիջնէ: Եւ պէտք է յիշել Ալպեր Քամիւի խօսքը. «Յոյսը, հակառակ ընդունուած կարծիքին, հաւասար է համակերպումի: Եւ ապրիլ՝ համակերպիլ չէ»:

Կը մեծնանք անհատապէս, կը մեծնանք հաւաքաբար՝ տուրք չտալով, խուճապը քաղաքականութիւն չհամարելով, չնահանջելով, չհամակերպելով, չսպասելով հրաշք եւ աւելի լաւ օրեր:

Չհամակերպելով:

Չհամակերպիլ ազգային-քաղաքական-բարոյական մշակոյթ է, որուն մեր օրերու բացակայութեան ախտանիշներն են արտագաղթն ու հայրենադարձութեան բացակայութիւնը:

Չհամակերպելու ազգային քաղաքական մշակոյթ ստեղծել եւ տարածել՝ ղեկավարի պարտականութիւն է:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019