ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը ներկայիս լոյս ընծայած է նոր գործ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, հրատարակչութեան բաժինը Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսակէտէ կարեւոր կը նկատէ սկզբնաղբիւրի բնոյթով փաստաթուղթերու հրապարակումը՝ «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» մատենաշարի միջոցաւ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ հրատարակչութեան բաժինը օրերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի համատեղ ջանքերով հրատարակեց յիշեալ մատենաշարի հերթական հատորը, որ քսաներորդը կը հանդիսանայ իր նմաններու շարքին։ «Սուրբ Էջմիածինը եւ հայոց գիրերու գիւտերու 1500 ու տպագրութեան 400-ամեակներու տօնակատարութիւնը 1912-1913 թթ.։ Փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածու» վերնագրուած է այս գիրքը։ Գոհար Աւագեանի կողմէ կազմուած հատորը խմբագրած է Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան։

Հրատարակուած վաւերագրերը կը լուսաբանեն այդ տօնակատարութեան կարեւոր դերը հայոց մշակոյթի եւ կրթութեան զարգացման աջակցելու գաղափարին շուրջ հայութեան համախմբման գործին մէջ։

Գիրքը կը բովանդակէ շարք մը յաւելուածներ եւ ցանկեր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019