ՏՂԱՆ ՏՂՈ՛Ւ ՊԷՍ ԿԸ ԽՈՐՀԻ

«Երբ տղայ էի, տղու պէս կը խորհէի…», կ՚ըսէ Առաքեալը։ Ամէն տարեց մեծ կարօտով կը կրկնէ Առաքեալին այս խօսքը եւ կ՚աւելցնէ. «Ա՜հ, երանի թէ տակաւին տղայ եղած ըլլայի, ապրէի այն երջանիկ եւ անպատասխանատու օրերը…»։ Այն օրերը կարծես «Երկինքի թագաւորութեան» մէջ՝ միամիտ, փոքր աշխարհի մէջ յորդառատ կեանք կ՚ապրուէր, հոն՝ ուր սատանաներու հետ անողոք պայքարը դեռ սկսած չէր, չարը, վատը դեռ չէր հանդիպած, ամէն ինչ բարի, ամէն ինչ գեղեցիկ, ամէն ինչ լա՛ւ էր։ Այն շրջանի ընկերներ կարծես հրեշտակներ էին՝ ո՛չ արհամարհանք, ո՛չ ատելութիւն, ո՛չ նախատինք եւ ոչ ալ թշնամութիւն։

Կեանքը պարզ էր. չափաւոր բայց հաճելի՛։

Տղայ տարիքին այնքան «քաղաքակրթուած» չէին, որ երկինքի հետ իրենց կապերը խզուէին. տղաք դեռ դրախտի մը բնակիչներն էին, անմեղ անկեղծ եւ միամի՛տ։

Հոգեր, մտահոգութիւններ, յուսախաբութիւններ, ցաւեր, վիշտեր, նեղութիւններ, դժուարութիւններ՝ կեանքի պայքարը անծանօթ էր, այն բոլորը ըծրարուած կը սպասէին չափահասութեան տարիներուն, եւ տղաք այդ «ծրար»ները տակաւին չէին քակած, բացած, երբ կը խաղային եւ կեանքը կ՚ապրէին երանական միջավայրի մը մէջ՝ ապահով եւ անհո՛գ։

Եւ հիմա, երբ արդէն, տարեցին եկանքը անցած է Սաղմոսերգուին դրած բանաւոր սահմանը, եւ ո՞վ գիտէ տակաւին որքան կարելի պիտի ըլլայ շարունակել այդ սահմանին միւս կողմին վրայ, հասնիլ նոր սահմաններու։ Ի վերջոյ սահմաններն ալ «անսահման» չեն, որքան ալ կարելի ըլլայ սահմանները անցնիլ, վերջապէս պիտի հասնի «վերջնական սահման»ը։ Բայց գիտակից, ողջամիտ տարեցը շատոնց լքած եւ մոռցած պէտք է ըլլայ երջանիկ օրերու շրջանը, անցած գացած այն իրապէս երանելի կեանքը։

Ներկայ վիճակը ընդունիլ եւ իւրացնել մեծ առաքինութիւն է, հմտութիւն, կեանքի փորձառութիւն կը պահանջէ։ Եւ ամէն շըր-ջանի երջանիկ է այն՝ որ հասկացողութեամբ կ՚ընդունի ներկայ վիճակը։ Բնութիւնը տեւական կը յառաջդիմէ, կը բարեփոխուի, եւ կեա՛նքն ալ անշուշտ զերծ չէ բնութեան այդ բարեփոխութենէն եւ այն որ կ՚ապրի, պարտի հնազանդիլ, ընդունիլ, հպատակիլ եւ համակերպիլ բնական եւ անխուսափելի՜ բարեփոխութիւններուն…։

Ուստի իւրաքանչիւր տարեց, կամ ինքզինք «ծեր» զգացող պէտք է կրկնէ Բանաստեղծին սա խօսքերը. «Երիտասարդ էի եւ կ՚երգէի… բայց հիմա ծեր եմ եւ բաժինս է միա՛յն Աստուած, յաւիտենապէս հաւատարի՛մ, եւ աղօթք»։ Բայց արդեօք զԱստուած յիշելու, ճշմարտութեան անդրադառնալու պէ՞տք է տարեց ըլլալ, եւ կամ ինքզինք «ծեր» զգալ։ Եւ ինչպէս չյիշել այն խօսքը, որ կ՚ըսէ.- Երիտասարդներ կամենային եւ տարեցներ կարենային։

Տարեցներ, մանաւանդ ինքզինք «ծեր» զգացողներ կ՚ապրին յիշատակներով, կարծես անոնց կեանքի սնունդը՝ հա՛ցն է «յիշատակ»ները։ Ատեն ատեն անոնք կը բաժ-նըւին «ներկայ»էն եւ ետ կ՚երթան շատ մը տարիներով, երբ դեռ պատանի էին, եւ կ՚ապրէին բաղդատաբար «երջանիկ» կեանք մը։ Արդարեւ, ամէն յիշատակ անոնց համար նշանակ մըն է անցեալ անդա՛րձ օրերու երանութեան։

Այս կէտին կը յիշենք խօսք մը եւս որ կը վերագրուի Վիլիըմ Շէյքսփիրի. «Անգիտութիւնը երջանկութի՛ւն է»։ Արդարեւ, մանուկներ չեն ճանչնար կեանքը, տեղեկութիւն չունին՝ անգէտ են կեանքի մասին… եւ երջանի՛կ են։ Բայց այս տրամաբանութեամբ կարելի է հետեւցնել, թէ տարեցներ, որոնք ճանչցած են կեանքը, ապա ուրեմն անոնք ապերջանիկ են եւ դժբա՛խտ։ Անշուշտ այս «պարզ տրամաբանութեամբ» կարելի չէ հասնիլ առողջ արդիւնքի մը, քանի որ կան նաեւ «դժբախտ մանուկ»ներ եւ «երջանիկ տարեց»ներ, ինչպէս կեանքը կը վկայէ։

Փոխուած աշխարհի մը բռնակալութիւնը կը փոխէ նաեւ մարդը։ Յաճախ կը հարցնեն մարդիկ. «Ի՜նչ էինք եւ ի՛նչ եղանք»։ Շըր-ջաններու եւ միջավայրերու հակադրութիւնը խորունկէն կը զգայ մարդ՝ նորին եւ հինին միջեւ տարբերութիւնը, որ կը փոխէ զինք։

Վերջապէս հարցում մը ուղղենք մենք մեզի. մանուկը եւ տարեցը արդեօք նոյն ա՞նձն են, նոյն ինքնութի՞ւնը։ Կ՚արժէ մտածել այս մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 23, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019