Կ՚ԵՐԹԱՄ, ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՏԵՒԷՆ ԿԸ ՄՏՆԵՄ ՇՈՒԿԱՅ
Կ՚երթամ, երջանկութեան ետեւէն կը մտնեմ շուկայ։
Այնուհետեւ հանրախանութ յաջողութեան հետքերով…
Հոգ չէ, որ այն ապրանք չէ…
Ես քիչ մըն ալ կը հայցեմ սէր - ի փոխ մանրուքի…
Ու կը խնդրեմ, ինծի կրնաք կշռել հարիւր կրամ
Այն խիղճէն, որ ծայրն է՝ դարան մը վար…
Ժամկէտա՞նց է, լաւ, ես յետոյ,
Ուրիշ խանութէ մը կ՚առնեմ… Ահա՛, տեսայ-տեսայ,
Բաժնեմասով զեղչ կայ ինծի համար։
Տուէք բարութիւն, որքան որ կայ…
Իսկ դուք ունի՞ք չար մարդոց դէմ զրահ։
Ի՞նչ, ի՞նչ, կ՚արժէ՞ անոր համար դրամ ծախսել։
Իսկ խղճահարութեան համար դեղամիջոց մը ունի՞ք։
Կարօտի համար խմելի՞ք մը, օշարա՞կ մը՝ ձանձրոյթի։
Վաճառեցէ՛ք ինծի նաեւ այն հնարաւորութիւնը…
Եւ ուժեղ թուրմ՝ բաժանումի…
Ինծի ընտանեկան յարմարաւէտութեան համար - պարկ մը,
Թո՛ղ ըլլայ բարձրորակ, ուրիշ տեսակ չեմ ուզեր…
Եւ գեղեցկութի՛ւնը այն, յատկապէս «ցնցող»,
Դեղահատեր ոչ անկեղծ հայեացքներու համար…
Իսկ ընկերութիւնը ինչպէ՞ս, հատիկով թէ քիլոյով,
Այսօր դուք սիրայօժար կը վաճառէ՞ք։
Ո՛չ, չեմ գներ, հետաքրքրական է - պարզապէս,
Ինչո՞ւ ապրիլ այսպէս, իմաստ մը կա՞յ արդեօք հաշուարկի մէջ։
Նաեւ պէտք է գնեմ առողջութիւն մերձաւորներուս
Եւ պիտի նուիրեմ իրենց տարեդարձներուն…
Վաճառքի՞ է - նախանձութիւնը։ Ոչ չեմ սիրեր նախանձութիւն։
Աւելի լաւ է գնեմ կէս քիլօ համբերութիւն…
Վստահութիւն պէտք չէ… անցեալ անգամ
Գնեցի մեծաքանակ, ինծի դեռ երկար կը բաւէ…
Վաճառեցէք բոլոր արցունքի պաշարները աչքերէ,
Իմ ճակատագիրը ձեզի սիրով կ՚ըլլայ վարձահատոյց…
Ինչո՞ւ, որպէսզի հոգին այլեւս չարտասուէ
Այն մարդոց, որոնց մէջ կայ շատ լոյս…
Չէ՞ որ կեանքը այն ատեն կ՚ըլլայ լաւ ու բարի,
Երբ դուք վաճառելու ցաւ պիտի չունենաք…
Ո՛չ, երջանկութիւն չես գներ շուկայէն…
Սակայն եթէ մենք սորվինք կիսուիլ
Այդ նո՛յն երջանկութեամբ ու նուիրենք սէր,
Ուրեմն ամէն վատ բան կ՚ըլլայ ի չիք…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ