ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

Կիներու հաւաքը…

Թէեւ ծնած եմ Երուսաղէմ, սակայն պատանեկութիւնս անցուցած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Ուրեմն այս յուշերը կու գան Հալէպէն, ուր գոյութիւն ունէր բաւական մեծ հայկական գաղութ մը՝ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն։

Այն ժամանակ՝ կիները չէին աշխատեր եւ կը գոհանային իրենց ամուսիններուն ունեցած եկամուտով, ըլլար այդ քիչ թէ շատ։ Կիներուն առօրեայ աշխատանքը կը կայանար առաւօտները շուկայ երթալով եւ գնում կատարելով, որպէսզի կերակուր պատրաստէին իրենց ընտանիքներուն։ Անշուշտ տնային այլ գործեր ալ մաս կը կազմէին՝ շաբաթական իրենց աշխատանքներուն։

Կերակուրի պատրաստութեան գնումները կը կատարուէին առաւօտները, երբ երեխաները դպրոց, իսկ մարդիկը աշխատանքի գացած ըլլային։ Գնումները կատարելէ ետք, անոնք կը հաւաքուէին մէկու մը տունը, սուրճ խմելու եւ իրենց կերակուրի պատրաստութիւնը տեսնելու։ Պէտք է ըսել որ այս գործընթացը օրական կը պատահէր, քանի ուտեստեղէն ամբարելու սովորութիւն չկար՝ հոն։

Օրինակ՝ կին մը լուբիա կը մաքրէր, ուրիշ մը գետնախնձոր կը կեղուէր, երրորդ մը սմբուկ կամ թթում կը փորէր, չորրորդը ոսպ կ՚ընտրէր եւ այլն, նայած թէ ինչ ճաշ պիտի եփէին այդ օր։ Սակայն ճաշի պատրաստութեան առընթեր, անոնք կը զբաղէին ընկերային հարցերով եւ մանաւանդ՝ բամբասանքով։

Հիմա եկէք պահ մը ականջ տանք անոնց խօսակցութեանց, որ տեղի կ՚ունենար «Խըրայ» Լուսինենց տունը։

-Լսեցի՞ք, շօֆէր Յակոբին աղջիկը նշաներ են ղասապ Սարգիսին մեծ տղուն հետ։

-Ի՞նչ կ՚ըսես, եթէ ես տասը աղջիկ ունենամ՝ մէկ հատն անգամ չեմ տար իրեն, շփացած զեւզէկին մէկն է։

-Այսօր շատ տխուր լուր մը առի։

-Ի՞նչ է, խեր ըլլայ։

-Դրացիս՝ «Ղարայ» Լուսընթագը, տղան ետ ըրեր է նշանածէն։

-Վա՜յ, իսկապէս շատ ցաւեցայ։ Ի՜նչ ալ գեղեցիկ աղջիկ է։ Ուսեալ, զարգացած եւ կար կարել ալ գիտէ։

-Գիտե՞ս, մեր եկեղեցիին Տէր Հայրին քրոջ տղան՝ բանտ մտեր է։

-Ինչո՞ւ, ինչ յանցանքով բռնուած է որ։

-Խօսքը մէջերնիս, եկեղեցիին գանձանակէն՝ դրամ գողցած է։

-Քոյրս, այս ի՞նչ օրերու մնացած ենք մենք…

Այս խօսակցութիւնը դեռ շատ կը շարունակուէր, եթէ մէկը ժամացոյցին նայելով չյայտարարէր, թէ ժամանակը հասած է երթալու։ Յիշեմ որ անոնք դեռ տուն չգացած՝ մսավաճառին կը հանդիպին, իրենց կերակուրի միսը գնելու։ Բայց չբաժնուած՝ անոնք որոշեցին յաջորդ առտու երթալ «Չիլ» Խաթընենց տունը։

Այրերու հաւաքը…

Այր մարդոց հաւաքը տեղի կ՚ունենար կա՛մ սափրիչին խանութը եւ կամ ալ սրճարանին մէջ։ Անոնց խօսակցութեան նիւթը կը կեդրոնանար ազգային եւ քաղաքական հարցերու շուրջ։ Հոն ամէն մարդ՝ ինչ ալ ըլլար իր ասպարէզը, խոհուն քաղաքագէտ մըն էր եւ չէր կրնար հանդուրժել ուրիշին արտայայտած կարծիքը։

Այդ թուականներուն ելեւէջներով լի էր Սուրիոյ քաղաքական կեանքը։ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի միացումն ու ապա բաժանումը, արաբերէն լեզուի պարտադրութիւնը հայկական դպրոցներուն մէջ, Արաբ-Իսրայէլ պատերազմը եւ ի վերջոյ՝ հայկական դպրոցներու պետականացումը։

Հիմա եկէք պահ մը մտիկ ընենք անոնց խօսակցութեան։ Անոնք հաւաքուած էին Նոր գիւղի սրճարաններէն՝ «Չուխուր ղայֆէի»ին մէջ։

-Այդ Ապտըլ Նասէր ըսուածը գող աւազակին մէկը ելաւ։ Հալէպը կողոպտեց եւ բոլոր հարստութիւնը Եգիպտոս տարաւ։

-Հէչ, մի՝ ըսեր։ Հայաստան չուզեցինք երթալ, համայնավար է ըսելով։ Եկուր տես, որ համայնավարութիւնը հիմա հոս եկաւ։

-Քեզի բան մը ըսե՞մ, Խորհրդային Միութեան զոհ գացինք։

-Հապա Իսրայէլին ի՞նչ կ՚ըսես։ Ամբողջ Պաղեստինը գրաւեց եւ Իսրայէլին միացուց։ Իրենց տարիներու երազը իրականացաւ։

-Արաբները ապուշ են՝ որովհետեւ չկրցան միանալ եւ մէկ զօրաւոր ճակատ կազմել։

-Արաբները մի՛ այպաներ, Անգլիոյ մատը կայ այս գործին մէջ։

-Մի՛ մոռնար նաեւ, որ հսկայ Ամերիկան Իսրայէլի կռնակն է։ Այլապէս երազին մէջ չէր կրնար տեսնել Պաղեստինը…

-Տղաս հինգերորդ դասարանին՝ սկսաւ արաբերէն սորվիլ, ի՞նչ կ՚ըսես ասոր։

-Է՜հ, վերջի վերջոյ իրենց երկիրը կ՚ապրինք, չե՞ս խորհիր, որ պէտք է իրենց լեզուն սորվինք։

Այս տաք խօսակցութիւնը դեռ երկար պիտի շարունակուէր, եթէ սրճարանին տէրը չյայտարարէր, որ սրճարանը փակելու ժամանակը հասեր է։ Ամէն մարդ դժգոհանքով բաժնուեցաւ, սակայն որոշեցին կէս մնացած խօսակցութիւնը շարունակել՝ յաջորդ օր…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019