ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱՂԿԱՍԱՅԼԸ…
Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի առաջին նախաձեռնութիւնը Հայկական Ծաղկասայլն էր՝ որ շուրջ քառասուն այլ ծաղկասայլերու հետ մասնակցեցաւ Փասատինայի Վարդերու փառատօնին, 1 յունուար 2015-ին։
Հայկական առաջին ծաղկասայլը՝ «Քաղաքակրթութեան օրրան» բնաբանով (Cradle of Civilization), շահեցաւ «Նախագահ»ին պատուաբեր մրցանակը։ Բոլոր հայերուն՝ ի սփիւռս աշխարհի, սրտերն ու հոգիները անհուն հպարտութեամբ լեցուեցան եւ մենք խանդավառուեցանք եւ բուռն կերպով ծափահարեցինք՝ ի տես այդ բացառիկ յաջողութեան։
Հայկական Ծաղկասայլի ընկերակցութեան վարիչ մարմնի բուռ մը անդամներուն տքնաջան աշխատանքը՝ բնաբան ընտրելու, դրամ հաւաքելու եւ կամաւոր աշխատող մարզելու, որ կը տեւէ ամբողջ տարի մը, բեղմնաւորուեցաւ եւ հինգ տարի շարունակ անոնք կրցան յաջողցնել Փասատինայի Վարդերու փառատօնին մասնակցելու իրենց երազը։
Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է ըսեմ, որ ծաղկասայլին տարեկան ծախսը կը հասնի 300.000-350.000 տոլարի, որ մեծ պարտաւորութիւն մը չէ եթէ նկատի առնենք Գալիֆորնիոյ հայաշատ գաղութը։ Այդ գաղութը կրցաւ հինգ տարի նեցուկ կանգնիլ Հայկական ծաղկասայլի գոյատեւման։
Բայց ինչո՞ւ հիմա յանկարծ Հայկական Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը ինքզինք գտաւ անելի մը առջեւ… Ամօ՜թ մեզի, եթէ մենք չենք կրնար որպէս բարեկեցիկ գաղութ՝ նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ անոնց եւ հոգալ այդ ծախսերը։ Գալիֆորնիոյ գաղութը կը հաշուէ առ նուազն 300 հազար հայ։ Եթէ իւրաքանչիւր հայ՝ տարեկան մէկ տոլար տրամադրէ այդ ընկերակցութեան, մենք հպարտօրէն կրնանք շարունակել այդ նախաձեռնութիւնը։
Հպարտանալն ու ծափահարելը միայն չի բաւեր, այլ պէտք է իւրաքանչիւր հայ՝ իր նիւթական կարելիութեան սահմաններուն մէջ, նպաստէ այդ ձեռնարկին, որպէսզի յարութիւն առնէ այդ ծաղկասայլը եւ մենք կարենանք ճակատաբաց դարձեալ դիմաւորել հայկականութիւն բուրող այդ երթը՝ ամէն տարուան առաջին օրը։
Եկէ՛ք, բոլորս միասին չթողունք, որ «Ոչ եւս» ըլլայ հայկական ծաղկասայլը, այլ աշխատինք ու նիւթապէս օգնենք, որ ան շարունակէ իր տողանցքը՝ գոհունակութիւն պարգեւելով աշխարհով մէկ ցրուած հայութեան։
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱ՞ՆՔ, ԹԷ՞ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ …
Ես երկար տարիներ ապրած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Հոն՝ ամուսնութիւնը կը բաղկանար երկու հանգրուաններէ։ Պսակադրութիւն՝ որուն կը հրաւիրուէին թէ՛ ազգականները եւ թէ ալ դրացիներն ու բարեկամները։ Իսկ ապա խրախճանք՝ որուն կը հրաւիրուէին մօտիկ ազգականները միայն։ Այդ խրախճանքը շատ յաճախ տեղի կ՚ունենար փեսային տան բակին մէջ։
Ամերիկայի մէջ սակայն, տարբեր է ամուսնութեան ըմբռնումն ու գործադրութիւնը։ Ազգականներու կողքին՝ բարեկամները, դրացիներն ու գործակիցներն ալ կը հրաւիրուին թէ՛ պսակադրութեան եւ թէ ալ հարսանեկան խրախճանքի, որուն թիւը կը հասնի 300-400 հոգիի…
Ես հոս ամուսնացայ 1980 թուականին։ Այն ժամանակ՝ մեզի եկած հարսանեկան նուէրները կը բաղկանային խորհրդանշական նուէրներէ, որն էր այդ օրերու սովորութիւնը։ Իսկ հիմա՝ ամուսնացող զոյգերը կ՚ակնկալեն եւ կը ստանան նիւթական նուիրատուութիւն միայն, որ երթալով կ՚աւելնայ։ Հոս պէտք է աւելցնել, որ անձ գլուխ եղած այդ նուիրատուութեան չափը կը տարուբերի, ըստ խրախճանքի սրահի ճոխութեան!
Ըստ իս, խրախճանքը վերածուած է դրամահաւաքի։ Ինչո՞ւ մէկը պէտք է ուրիշին դրամով խրախճանք սարքէ։ Եթէ դրամ չունիս, վազ անցիր խրախճանքէն։ Իսկ եթէ դրամ ունիս, խնդրէ, որ այդ հաւաքուած դրամը տրուի հայկական հաստատութեան մը։ Օրինակ՝ այդ գումարը կրնայ ղրկուիլ դպրոցի մը, ծերանոցին, եկեղեցիի մը եւ կամ ալ հայ մամուլին՝ որոնք այնքան կարիքը ունին նիւթական ներդրումի, չէք խորհի՞ր։
Սա ալ ըսեմ, որ կան մարդիկ, որոնք մինչեւ 400 հազար տոլար ծախսած են իրենց զաւակներու ամուսնական խրախճանքին։ Այդքան դրամ ծախսողը՝ բնաւ պէտք չունի նուիրատուութենէն եկած գումարներուն, որոնք կրնան մեծ բացեր գոցել՝ որեւէ հայկական հաստատութեան պիւտճէին մէջ։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան