ՆԱԽԱՆՁԻ ՎԱ՛Տ ԶԳԱՑՈՒՄԸ
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր եւ անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր» (ԱՌԱԿ. Գ 31)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ, Հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ կը պատուիրէ. «Ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ եւ պղծութեամբ, կամ նախանձով եւ հակառակութեամբ ապրելու՝ խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 13)։ Ուրեմն կը տեսնուի որ «նախանձ»ը, մարդկային կեանքի մէջ, ամէն շրջանի արգիլուած է եւ «խաւարի գործ» համարուած։
Արդարեւ, նախանձը «յիմարական»՝ անիմաստ եւ աննպատակ վէճերէն յառաջ կու գայ. «Իսկ ով որ տարբեր բան կը սորվեցնէ եւ կարեւորութիւն չի տար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ողջմիտ խօսքերուն, ոչ ալ աստուածպաշտութեան վրայ հիմնուած ուսուցումներուն, այնպիսին հպարտութեամբ կուրցած մըն է, որ ո՛չինչ գիտէ։ Խնդիրներ եւ վէճեր ստեղծելու հիւանդութիւնը ունի, եւ ատկէ ծնունդ կ՚առնեն՝ նախանձը, հակառակութիւնը, հայհոյութիւնը, չար նախանձները, եւ անվերջ բաղխումները՝ միտքով ապականած եւ ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց միջեւ, որոնք կը կարծեն թէ կրօնքը շահի աղբիւր է։ Այդպիսիներէն հեռո՛ւ կեցիր։ Կրօնքը շահի մեծ աղբիւր է, այո՛, իր ունեցածովը գոհանալ գիտցողին համար» (Ա ՏԻՄ. Զ 3-6)։
Արդարեւ, ուրիշներուն յաջող գործերը կը գրգռեն նախանձը. «Ամէն բանի ատենը կայ… լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, սուգ ընելու ժամանակ եւ կաքաւելու՝ ոստոստելու եւ պարելու ժամանակ» (ԺՈՂՈՎ. Գ 4)։ Ուստի մարդ պէտք է համակերպի իր շուրջիններուն՝ լացողին հետ լալ, ուրախացողին հետ ուրախանա՛լ, այլապէս լացողին ուրախանալ, ուրախացողին տրտմիլ՝ նախանձի արտայայտութիւն է։ Բայց լացողին հետ լացողն ալ, ուրախացողին հետ ուրախացողն ալ պէտք է իր զգացումներուն արտայայտութեան մէջ անկե՛ղծ ըլլայ, այս մասին երբ մարդ անկեղծ է, ձեւականօրէն համակերպած կ՚երեւի իր մերձաւորին, այս ալ ծածուկ նախանձի մը արտայայտութիւնն է։
Այն անձը որ նախանձոտ չէ, անկեղծ է իր զգացումներուն մէջ՝ համակրական հասկացողութեամբ կը մօտենայ իր շուրջիններուն, եւ իրապէ՛ս, սրտանց կը մասնակցի անոնց ցաւերուն կամ ուրախութիւններուն, եւ մասնակից կ՚ըլլայ անոնց։
Ուստի նախանձը մարմինին մէկ գործն է։
«Մարդկային գործերը յայտնի են, ինչպէս՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, հակառակութիւն, սպանութիւն, արբեցութիւն, անառակութիւն, եւ ասոնց նման բաներ» (ԳԱՂ. Ե 19-21)։
Մարմինին գործերը կը հակադրեն Հոգիին պտուղին։
Արդարեւ, նախանձը զգացուած տխրութիւնն է ուրիշին բարիքին դիմաց, սանձարձակ փափաքն է զայն սեփականացնելու։ Նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։ Ողջամիտ անձը կը պայքարի ընդդէմ նախանձին իր բարեհաճութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ անձնավստահութեամբ։ Ուստի ինքնավըս-տահ, իր ուժերուն եւ կարողութեան վստահող անձը երբեք չի նախանձիր. հասուն միտքը, ազնիւ հոգին երբեք չի ճանչնար նախանձը, որովհետեւ նախանձի զգացումը ընդհանրապէս անվստահութեան արտայայտութիւն մըն է։
Նախանձը ինքնաճանաչութեան պակասը ցոյց կու տայ. այն որ ինքզինք կը ճանչնայ, այն որ գիտէ սանձել իր կիրքերը, գիտէ հաւասարակշռել իր փափաքները, երբեք չի նախանձիր։
Նախանձը ո՛չ մէկ շահ եւ օգուտ կ՚ապահովէ ենթակային, ընդհակառակը վնաս կը պատճառէ։
«Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է» (ԱՌԱԿ. ԺԴ 30)։ «Ստոյգ է, որ բարկութիւնը յիմարը կը սպաննէ, եւ նախանձը անմիտը կը մեռցնէ» (ՅՈԲ. Ե 2)։
Նախանձին առջեւ մէկը չի կրնար կենալ, ինչպէս կ՚ըսէ Առակախօսը. «Բարկութիւնը անողորմ է եւ սրտմտութիւնը՝ խիստ. բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (ԱՌԱԿ. ԻԷ 4)։ Ուստի, նախանձը մարդկային փոխյարաբերութիւններուն վնաս պատճառող, բարեկամութիւններ, մտերմութիւններ քանդող, վստահութիւններ խախտող անշահ, անօգուտ եւ վնասակար զգացում մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 2, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024