ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Բ.
ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ
Այստեղ վեց հարցում կը յառաջանայ:
Նախ՝ թէ ինչպէ՞ս հարսանիքի ժամանակ կատարեց առաջին հրաշքը:
Պատասխան. Նախ՝ որպէսզի օրինակ տայ մեր հոգեւոր հարսանիքին, թէ Ի՛նքն է անմահ Փեսան եւ հաւատացեալներուն հոգիները՝ Անոր հարսերը, ըստ Առաքեալին. «Աստուծոյ ծրագիրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ Եկեղեցիին կը վերաբերի» (Եփ 5.32), որ մկրտութեամբ զգեստ կ՚ըլլայ մեզի եւ մարմինով կերակուր, ու անդամներուն Գուխը, եւ այլն:
Երկրորդ՝ այն, թէ փորձութեան յաղթելէն ետք հարսանիքի գնաց: Կը ցուցնէ, թէ անոնք որոնք փորձողին կը յաղթեն, յաւիտենական հարսանիքին կը վայելեն ու կ՚ուրախանան, իսկ Սուրբ Կոյսին երթալը մեզի համար օրինակ է, թէ անոնք որոնք սրբութեամբ եւ կուսութեամբ կը մնան մինչեւ իրենց կեանքին աւարտը, արժանի կ՚ըլլան հոգեւոր հարսանիքին եւ Երկինքի Արքայութեան:
ԳԻՆԻԻ ՅԱՏԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար հրաշքներուն սկիզբը ջուրով կատարեց:
Պատասխան. Նախ՝ որպէս օրինակ հին Օրէնքին, որովհետեւ սառնասառոյց Օրէնքը պիտի փոխէր, որ էր՝ աչք աչքի դէմ ու մահ ընդ մահու (Հմմտ. Ելք 21.24-25)՝ նոր՝ քաղցր վարդապետութեան մը, որ կ՚ըսէ. «Քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.30): Երկրորդ՝ ջուրով մեր բնութիւնը ցոյց կու տայ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրէն ցրտացած էինք եւ լուծուած էինք հոգիով, անմահ միտքով, վաւաշոտ ախտով, իսկ Քրիստոս Իր գալուստով ու քաղցր գործերով [վերստին] ջերմացուց Աստուծոյ սիրոյն հետ, որով Աստուծոյ մօտ կը տանի:
Տակաւին, գինին տասներկու այլ յատկութիւն եւս ունի, որ մեզի կը յարմարի. նախ՝ թէ խաղողէն ջուր է՝ որակաւորուած, քաղցրահամ է, անուծահոտ է, կը ջերմացնէ, կը զօրացնէ, կը գինովցնէ, ուրախարար է, առողջարար է եւ սիրոյ պատճառ, բազմաթիւ պտուղներէ կը հաւաքուի, հնձանի մէջ կը ճմլուի, կը պարզուի ու գինի կը դառնայ: Այսպէս, ճշմարիտ Որթատունկէն որակաւորուեցանք ու քաղցրացանք դէպի բարի անուշահոտ վարքի, եւ այլն:
Երրոդ հարցում. ինչպէ՞ս հրաշքներուն սկիզբը բնութիւնը [ջուրին] փոխեց:
Պատասխան. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ինչպէս որ ըստ բնութեան կարգին է, որ խաղողին մէջ ջուրը գինիի կը փոխարկուի, իսկ այն որ թակոյկներուն մէջինը շրջեցաւ, ատիկա Աստուծոյ կարողութիւնն էր, նմանապէս անսերմ յղութիւնը, եւ անխախտ կուսութեամբ ծնունդը աստուածային հրաշք է, եւ բնութեան գործէն աւելի վեր է: Դարձեալ, վկայ ըլլալ վերջին սքանչելիքներուն, այսինքն՝ յարութեան եւ մահու վրայ յաղթութեան, որ չկրցաւ տիրել Անոր վրայ: Եթէ ուեէ մէկը ըսէ. «Ապա գինի եղած ջուրը Քրիստոսին օրինակ է, որ Բանը մարմին եղաւ», կ՚ըսենք թէ՝ ոչ, որովհետեւ թէեւ ինչպէս Բանը մարմին եղաւ եւ մարդկային տեսակը չփոխուեցաւ, ասոր նման է, այլ՝ այնտեղ միաւորութիւն եղաւ, իսկ այստեղ՝ փոփոխում, ասոր նման չէ: Եւ եթէ ուրիշ մը ըսէ. «Ապա օրինակ է, որովհետեւ հացն ու գինին կը փոխուին Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան», կ՚ըսենք, թէ ոչ, որովհետեւ ջուրին գոյացութիւնը փոխուեցաւ գինիի գոյացութեան, եւ գոյնը մնաց, անոր նման է, այլ՝ որովհետեւ այնտեղ համն ու հոտը փոխուեցաւ, իսկ այստեղ՝ ոչ, անոր նման չէ:
Այսքանը երրորդ հարցումին համար:
ՎԵՑԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար թակոյկները վեց հատ էին:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ չորս բան կը նշանակէ.
Նախ՝ թէ վեց թիւը կատարեալ է, որովհետեւ իր մասնիկներէն կը բաղկանայ ցոյց տալու համար, թէ մարդը վեցերորդ օրը ստեղծուեցաւ, վեցերորդ ժամուն մեղանչեց, եւ Տէրը վեցերորդ դարուն եկաւ, վեցերորդ օրը եւ վեցերորդ ժամուն վերստին նորոգեց զայն:
Երկրորդ՝ վեցը վեցեկի շարժմանց նմանութեամբ, բարի գործերու շարժելու:
Երրորդ՝ հինգ զցայութեանց եւ միտքի օրինակով, որ աստուածային օրէնքներու իմացման, տեսութեան եւ լսողութեան պիտի փոխուէր, ինչպէս նաեւ արդարութեան գործերու հոտոտումին, ճաշակումին ու շօշափումին, եւ Իրը՝ մեր փրկութեան նոր ուխտը:
Չորրորդ՝ բոլոր էակներու վեցեկի շարժմանց լինելութեան օրինակով կ՚ըսեմ, ինչպէս նաեւ ապականութեան, աճելութեան ու նուազութեան, այլայլութեան, եւ ըստ տեղի փոփոխման, որովհետեւ մեր մէջ դէպի նորոգութիւն պիտի փոխուէր:
Հինգերորդ՝ դարձեալ գիտելի է, թէ վեց թակոյկները Կոյս Աստուածածին Մարիամի օրինակ էին. նախ՝ որովհետեւ ինչպէս թակոյկները առանց գինի լեցնելու մէջը՝ գինիով լեցուեցան, այդպէս ալ Կոյս Մարիամը առանց տղամարդու սերմի զՔրիստոս յղացաւ: Երկրորդ՝ որովհետեւ ինչպէս թակոյկները մէկ անգամէն գինին ծնան եւ այլեւս ուրիշ բան չծնան, այդպէս ալ Մարիամը մէկ անգամ ծնաւ Էմմանուէլը եւ այլեւ ոչ ոք: Երրորդ՝ որովհետեւ թակոյկները տկարութենէն զօրութիւն ծնան եւ անարգութենէն՝ պատուականութիւն, իսկ Քրիստոս հակառակ ատոնց մեծութենէ՝ նուազութեան, փառքէ՝ անարգութեան, ծնունդի եւ միւս բոլոր բաները, ըստ Առաքեալին. «Ինքն Իր անձը ունայնացուց եւ ծառայի կերպարանք ստացաւ»:
Վեցերորդ հարցում. թէ ինչո՞ւ համար Իր վարդապետութեան սկիզբը Սրբութեան Աւազանէն սկսաւ:
Պատասխան. Որպէսզի ցոյց տայ, թէ հինի հակառակ չէ, ատոր համար, Իր վարդապետութեան անոնցմէ սկսաւ:
Այս առաջին վկայութիւնը կարողութենէն, թէ Քրիստոս Աստուած է, որով ջուրը գինիի փոխեց:
Այքանը այս մասին:
ԹԷ ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԷՐ
Խօսք. «Այս դէպքէն ետք» (Յհ 2.12):
Մեկնութիւն. մկրտուելէն եւ աշակերտները հաւաքելէն ետք կը վարդապետէր եւ հրաշքներ կը գործէր՝ չորս պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ Իր իմաստութիւնն ու կարողութիւնը: Երկրորդ, [որպէսզի] ժողովուրդը տեսնէ ու լսէ: Երրորդ՝ որպէսզի փրկուին եւ իրենք զիրենք ուղղութեան բերեն: Չորրորդ՝ որպէսզի վարդապետները սորվեցնեն եւ գործեն, թէեւ ոչ հրաշքներ, այլ՝ ճգնութիւն ու կուսութիւն, եւ այլն, որ բնութենէն աւելի վեր է:
Իսկ ըսելը՝ «Կափառնաում գնաց» (Յհ 2.12), որ գալիլիացիներուն մայրաքաղաքն է, նախ՝ կը ցուցնէ, թէ Կանայէն աւելի ցած է: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ այստեղ ու այնտեղ կը շրջէր ու կը քարոզէր մարդոց փրկութեան համար: Երրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ երբ ոեւէ մէկը տեսական միտքով կը յափշտակուի դէպի վեր եւ դէպի Սուրբ Գիրքը, պարտաւոր է գործնականով իջնել ու ուրիշներուն քարոզել, եւ մխիթարել աղքատներն ու տրտմածները:
Խօսք. «Յիսուս Իր մօր...» (Յհ 2.12):
Մեկնութիւն. որովհետեւ Աստուածահայր Յովսէփը վախճանած էր եւ մկրտութենէն ի վեր, Ի՛նք՝ Միածին Որդին, կը սպասաւորէր Իր ծնողին՝ Աստուածածին Կոյսին մինչեւ խաչելութիւնը, երբ Կոյսը Յովհաննէսին յանձնեց: Իրեն եղբայրներ կը կոչուէին Յովսէփին որդիները՝ Յակոբն ու Յովսէսը, որոնք եօթանասուներկուքէն են, եւ Շմաւոնն ու Յուդան, որոնք տասներկուքէն էին:
Խօսք. «...եւ քանի մը օր հոն մնաց» (Յհ 2.12):
Մեկնութիւն. որովհետեւ ժամանակը մօտ էր Երուսաղէմ երթալուն, որով այնտեղ բազմաթիւ հրաշքներ գործեց, ինչպէս Մատթէոսը կը պատմէ:
ԱՆՈՒՇ ԳԻՆԻՆ
Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս հրաշքներ կը գործէր երկու պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ Իր Աստուածութիւնը:
Երկրորդ՝ որպէսզի հաստատէ Իր վարդապետութիւնը, որով մարդիկը հաւատքի կը բերէր: Արդ, վարդապետութեան համար պէտք էր կատարեալ [հասուն] հասակի ըլլալ, որ երեսուն տարեկանի հասակն էր, ինչպէս որ Յովսէփը երեսուն տարեկանին տէրութիւն ստացաւ Եգիպտոսի վրայ, եւ Դաւիթը երեսուն տարեկանին թագաւորեց, եւ Եզեկիէլը երեսուն տարեկանին մարգարէացաւ, այդպէս ալ պէտք էր Քրիստոս երեսուն տարեկան ըլլար եւ ապա յայտնապէս քարոզէր: Տակաւին, վայել ալ չէր նախքան երեսուն տարեկանը հրաշքներ գործել՝ Իր վարդապետութիւնը հաստատելու համար: Երկրորդ, որովհետեւ մինչեւ մկրտութիւն ցոյց տուաւ Իր մարդեղութիւնը, որպէսզի չըլլայ թէ միայն աչքերուն երեւելի կարծեն, այդ պատճառով պէտք չէ հրաշքներ գործել, իսկ մկրտութենէն ետք ցոյց տուաւ Իր Աստուածութիւնը, այդ պատճառով ալ պէտք էր հրաշքներ գործէր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 19
Վաղարշապատ