ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՐԱՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ապրուեցաւ պատմական օր մը։ Հիմնանորոգուած վեհարանի, նորակառոյց Սրբոց Հայրապետաց մատուռի եւ մեծ հանդիսութիւններու սրահի բացման փառաշուք արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Վեհարանի համալիրի նորոգութեան ու կառուցապատման ծրագիրը կեանքի կոչուած է՝ ռուսահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ Կարապետեան ընտանիքի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ։ Երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակուէին շինարարական աշխատանքները, որոնց աւարտին հայոց վեհարանը պատմական արարողութիւնով մը վերաբացուեցաւ։ Բացման արարողութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ բարձր արարողակարգով։ Այս մեծ ձեռքբերումը կը զուգադիպի Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի յոբելենական շրջանին՝ մինչ թափով կը շարունակուին նաեւ Մայր Տաճարի ամրակայման աշխատանքները։
Երէկուան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, բարերար Սամուէլ Կարապետեան, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու ներկայացուցիչներ եւ թեմակալ առաջնորդներ, Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, զանազան երկիրներէ համա-խըմբուած Մայր Աթոռի բարերարներ, այլ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ նախկին նախագահ Եոախիմ Կահուք, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան։
Հանդիսութիւնները սկսան նորակառոյց Սրբոց Հայրապետաց մատուռին առջեւ, ուր Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ վեհարանի ամբողջ համալիրի օրհնութեան կարգը։ Աւելի վերջ «Լուսաւորեա Երուսաղէմ» շարականի երգեցողութեան ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ Սամուէլ Կարապետեան վառեցին եւ մատրան Ս. Սեղանին վրայ տեղադրեցին մշտավառ կանթեղն ու աղօթքի առաջին մոմը։
Վեհարանի բացման արարողութիւնը շարունակուեցաւ կեդրոնական մուտքին առջեւ, ուր ձեռամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի եւ «Տաշիր» խումբի փոխ-նախագահ Նարեկ Կարապետեանի կատարուեցաւ Հայրապետական օրհնութեան արձանագրութեան քարի քօղազերծումը։ Նոյն բարեպատեհ առիթով տեղի ունեցաւ վեհարանի վերաբացման կապակցութեամբ «Հայփոստ»ի կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթերու կնքման արարողութիւնը։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետն ու Սամուէլ Կարապետեան կտրեցին հիմնանորոգուած վեհարանի մուտքի խորհրդանշական ժապաւէնը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ բացուեցան վեհարանի դռները եւ ներկաները մուտք գործեցին Հայոց Հայրապետի առաջնորդութեամբ։ Վերանորոգեալ վեհարանի սրահներով կատարուած շրջայցի աւարտին յայտագիրը շարունակուեցաւ նորակառոյց հանդիսութիւններու շքեղ դահլիճին մէջ։ Տէրունական աղօթքէն եւ Հայաստանի Ազգային քայլերգի կատարումէն վերջ, ցերեկոյթի մասնակիցները դիտեցին «Շողակաթ» հեռուստակայանին կողմէ պատրաստուած ժապաւէնը՝ Կարապետեան ընտանիքի բարերարութիւններուն շուրջ։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։
Ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Հայաստան կը գտնուի ոչ միայն քաղաքակրթութիւններու համախմբման, այլ նաեւ քաղաքակրթութիւններու բախման խաչմերուկին։ «Հայ Եկեղեցին եւ մեր հաւատքը եղած են ու կը մնան մեր ազգային ինքնութեան խարիսխը եւ յենարանը։ Գնահատանքի խորին զգացումով պէտք է նշեմ այս բոլորին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներդրումը։ Տէր, անսասան պահիր դու միշտ, քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ», ըսաւ մանաւանդ Արմէն Սարգսեան։
Իր կարգին, սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Սամուէլ Կարապետեան, որ ընդգծեց, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միշտ եղած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներու պահապանը։ «Մեզի՝ որպէս աշխարհի վրայ քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ պետական կրօնք ընդունած ազգի համար, հաւատը դարձած է գոյութեան հիմք, իսկ եկեղեցին՝ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնութեան երաշխաւորը։ Սա յատկապէս արդիական է նաեւ մեր օրերուն։ Էջմիածինը Հայոց Եկեղեցւոյ սիրտն է։ Ուր որ ալ մենք՝ հայերս ըլլանք, մեր սրտերն ու աղօթքները ուղղուած են դէպի Մայր Աթոռ։ Յոյս ունիմ, թէ վերակառուցուած վեհարանը հայ ժողովուրդի, մեր հոգեւոր արժէքներու պահպանման օճախը կը դառնայ», ըսաւ Սամուէլ Կարապետեան եւ ընդգծեց, որ այս ծրագրի իրականացումը կոչուած է պահպանելու Հայոց Եկեղեցւոյ ժառանգութիւնը յաջորդ հարիւրամեակներու համար։
Հանդիսութեան աւարտին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Ցերեկոյթը եզրափակուեցաւ Հայրապետական մաղթերգով, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ։
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024