ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ 90 ՏԱՐՈՒԱՅ ՄԵԾ ԱՐԺԷՔԸ

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, դպրաց դասերուն եւ երգչախումբերուն ուղղուած 24 մայիս 1953 թուակիր Կոնդակին մէջ հետեւեալ յորդորական խօսքերով կը քաջալերէ դպրաց դաս երգչախումբերը։

«… Դուք, սիրելի երիտասարդներ, որ սրբազան երաժշտութեան ընծայուած սիրտեր կը կրէք ձեր մէջ, պարտիք ունենալ այս հրաշալի աղբիւրը ձեր էութեան խորը։ Երգն ալ բխում մըն է այս աղբիւրէն, եւ երգը, սրբազան երգը մանաւանդ, լեզուն է աստուածային, որով Արարիչը ստեղծած եւ դաշնաւորած է Տիեզերքն ու Մարդը, լեցնելով զանոնք Ոգիով։ Գերազանցօրէն ներդաշնակ երգը, որուն իւրաքանչիւր խազը խորհրդաւոր բան մ՚ունի իր մէջ՝ հոգին վերացնող, միտքը սքանչացնող եւ սիրտը պարարող։ Անո՜վ է, որ - շինութիւն - կ՚ունենայ Եկեղեցին, այսինքն՝ մարմնեղէն տաճարը մարդուն։

«Անդրադարձե՞ր էք, երբեք, սիրելի դպիրներ եւ երգիչներ, այն հրաշալի քնարին վրայ, զոր Մեծ-Ճարտարապետը յօրիներ ու զետեղեր է հոգեղէնով խառն ձեր հողեղէն շէնքին մէջ։ Տիեզերքի անհաշուելի թրթռումները, լուսախուրձերու նման, ալիք-ալիք կ՚իջնեն պճռելու ոսկեման լարերն այդ քնարին, եւ ճմլելով կամ զուարթացնելով սիրտերը բոլոր ունկնդիրներուն, կը վերացնեն զանոնք խնկաբոյր մթնոլորտին մէջ Աստուծոյ Տան եւ անկից ալ կը փոխադրեն խորհրդազգած աշխարհը տեսիլներու։ Եւ ասիկա, այն խորացած եւ ապա դրսեւորուած ապրումներով՝ որոնք քնարակիր երգիչներունն  են։

«Վերացական եւ անըմբռնելի բաներ չեն ըսածներս, ոչ իսկ գերբնական, այլ խորհուրդի քօղին տակ ծածկուած եւ բնութեան սահմաններուն մէջ գոյ եղող իրողութիւններն են անոնք։ Եթէ գիտութիւնը դեռ անզօր է երեւան բերելու զանոնք ամբողջովին, - հաւատքը կը տեսնէ աւելին։ Կայ նաեւ արուեստը, որ գեղեցիկ թռիչներով կը մօտենայ հաւատքին։ Ո՜վ կ՚ոտանայ ստեղծագործ ներշնչումը երեսակայութեան։

«Կա՛յ այդ երեւակայութիւնը արարչական, -ԹՈՂ ԼՈ՛ՅՍ ԸԼԼԱՅ… -

«Ստեղծագործ նախերգանքն է այս՝ բոլոր երգերուն, կենազօր թրթռումներու ալիքներով ձայնասփռուած անեզրութեան, անհունութեան մէջ։ Եւ այդ թրթռումներն են, որ պէս պէս հնչիւններու ընդխառնումներով, զանազան քնարներէ դուրս կը բերէ բազմաձայնը Երգին, տաղին, մեղեդիին, գանձին, սաղմոսերգութեան՝ երգեհոնին բամբ, գոռ, սուր ու մեղմ ձայներու դաշնաւորումով եւ ընկերակցութեամբ։

«Այո՛, - հրեշտակային երգակցութիւն - մըն է, որով Դպրաց Դասեր եւ Երգչախումբեր, հոգեւոր եւ ոգեւորուած պարակցութեամբ, կը փառաբանեն Մեծ-Երաժշտապետն ու աննման Երգահանը՝ Աստուած։ Բիւր բիւր կտուցներ թռչուններուն, սոխակներու եւ սարեակներու առաջնորդութեամբ, չեն կարող մրցիլ խումբ մը երգիչներու բերաններուն հետ, երբ անոնք կը բացուին լուսեղէն մատներու հպումովը Ամենակալին։

«Նախընտրելի են, անշուշտ, հոգեկան վայելքները՝ աշխարհիկ հաճոյքներէն։ Չենք ուզեր ըսել, թէ հրաժարիլ պէտք է այս վերջիններէն։ Անոնք ալ ունին իրենց շինիչ դերը, երբ ձեռք կը բերուին օրինաւորապէս եւ պարկեշտօրէն, առանց արատաւորելու պատիւը եւ խաթարելու բարոյական նկարագիրը բանական էակին։

«Երաժշտութիւնը կու տայ այդ վայելքը, իր խորհրդազգած տպաւորութեամբը, երբ կը կրէ օծութիւնը սրբազան երգեցողութեան, եւ իր սրտախօսիկ ազդեցութեամբը, երբ ունի շունչը - տաղանդաւոր արուեստագէտներու հոգիէն արձագանգած - աշխարհիկ համերգութեանց կամ ժողովրդական կոչուած երգերուն։ Չենք խօսիր այն երգերու մասին՝ որոնցմէ ծորած մեղկութիւնը կ՚ընդարմացնէ ե՛ւ ջիղերը, ե՛ւ հոգին։

«Իրական կամ ճշմարիտ Երգը կու տայ անմերժելի վայելքը, նման խօսքին՝ որ, բանաստեղծական հիւսուածքով մը, կը գերէ սիրտն ու միտքը միանգամայն, եւ նման գոյներուն ու գիծերուն, որոնցմով նկարչութիւնը մարմին կը հագցնէ՝ իրերուն կեանք տուող կամ անոնց խորը թաքնուած կեանքը լոյսի բերող արուեստագէտին տեսիլներուն…։

«Սուրբ Պատարագը, օրինակ, իմաստալից եւ շարայարեալ հիւսուածք մըն է խորհրդաշունչ աղօթքներու, քարոզներու եւ երգերու։ Արտասանելու կամ երգելու համար զանոնք - հոգւով -, հարկ է թափանցել անոնց ներքին անկորուստ արժէքին, ոգիին, խոհուն ինքնամփոփումով եւ զգաստ զուարթամտութեամբ, ճաշակել կարենալու համար անոնց անփոխարինելի քաղցրութիւնը, փոխադրուելու եւ ապրելու համար պահ մը հոգեկան աշխարհի մէջ՝ բովանդակ էութեան զգօն լարուածութեամբ։

«Այս բոլորը կարող էք զգալ, երբ գիտակցաբար եւ յօժարակամ կը խորանաք Երգի խորհուրդին մէջ, գտնելու համար հոն աստուածային Ոգին եւ մարդկային Հոգին գիրկընդխառնուած իրարու եւ հայրական եւ որդիական փոխադարձ սիրով մը կապուած մէկմէկու։ Ասիկա ձեր մէջ կը ստեղծէ նոյն ատեն եղբայրական եւ ընկերական համերաշխութեան զօրաւոր եւ անքակտելի կապ մը…։

«Ճաշակեցէ՛ք, սիրելիներ, ճաշակեցէ՛ք եւ դուք Ս. Պատարագի լոյսին հետ, նաեւ մեղրի խորիսխէն աւելի քաղցր շողերը մեր այս անզուգական հայրապետին, ծաւալած իր -Առաւօտ լուսոյ-ին, -Աշխարհ ամենայն-ին, -Նորաստեղծեալ-ին, -Նորահրաշ պսակաւոր-ին եւ իր լուսագրչի բոլոր հեղումներուն մէջ, որոնցմով մեր Եկեղեցւոյն ոսկեղէն սափորին մանանան եւ առատացած։ Հապա իր Արեւագալի լուսերգութիւննե՞րը, որոնց քաղցրութիւնն ու արժէքը - անկեղծութիւնը պիտի ունենամ դիտել տալու, թէ - չէ չգացուած ու գնահատուած ըստ արժանւոյն։ Արուեստէն աւելի, արուեստակութիւն մը այդ երգերը դարձուցեր է աշխարհիկ երգերու երկարաձիգ ոլորակումներու, խաղերու, շեշտաւորումներու եւ կլկլացումներու յոգնեցուցիչ ու թմրեցուցիչ ընդխառնում մը, դատարկացնելով զանոնք իրական ներդաշնակութեան մը կենդանի հուրքէն։ Անհրաժեշտ է, որ անոնք մերկանան աւանդամոլութեան այն անհարազատ ներմուժումներէն՝ որոնք շա՛տ են հեռացած շնորհալիական քաղցրանուագ ոգիէն…։

«Այս աշխարհին մէջ կ՚ապրիք դուք, հետեւաբար բաժին ունիք, եւ ընտրելագոյն բաժինը, այդ գեղեցկութիւններէն, պիտի ըսեմ՝ այդ վայելքներէն։ Իմաստուն եղէք, թօթափեցէք ամէն նախապաշարում եւ իջէք ձեր մէջ՝ գտնելու այդ գեղեցկութիւնները եւ անոնց լուսաղբիւրը։ Եւ ահա Ե՜րգը - Աստուծոյ լեզուն - որ պիտի շարժէ ձեր լեզուները։

«Եւ երբ այս գիտակցութեամբ բացուին ձեր շրթները, ի՜նչպէս ձեր բերաններն ալ պիտի երգեն օրհնութիւններն Աստուծոյ…։

«Ես դիտած եմ ձեր մէջ ազնուական բան մը, բարձրօրէն գնահատելի եւ գովելի։ Ասիկա այն հաճոյքն է՝ զոր դուք կը զգաք, Կիրակի  եւ երբեմն ալ տօն օրեր հրաժարելով ձեր աշխարհիկ վայելքներու ժամերուն մէկ մասէն եւ եկեղեցական երգեցողութեանց մէջ փնտռելով անփոխարինելին։ Կը սիրէք -հրեշտակային երգակցութեամբ -, հրեշտակային ոգիով ունենալ ապրումներ՝ զորս հոգեւոր ներշնչումը կը ծնցնէ ձեր մէջ։ Կ՚ուզեմ, որ ձեր բոլոր շարժուձեւերն ալ, ձեր նիստն ու կացը, ձեր մուտքն ու ելքը, ձեր արտայայտութիւնները ունենան կնիքը այդ ներքին անկեղծ ու շնորհալի ապրումներուն եւ քրիստոնէական կենդանի հաւատքին։ Ասիկա հրաւէր մը չէ ձեզի՝ դուրս գալու գեղեցկութեան աշխարհէն, այլ հայրական պատուէր մը՝ մնալու հոն, բարութեան եւ ճշմարտութեան հետամուտ ու ծարաւի հոգիներով։ Համեստութիւնը, պարկեշտութիւնը, խոնարհութիւնը, վերասլաց թռիչքներովը շարականներուն եւ երգերուն, կը բարձրացնեն ձեր հոգիները եւ քաղցր օծութեամբ մը կ՚երջանկացնեն ձեր անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը…»։

Եւ ահաւասիկ, Լուսաւորիչ դպրաց դաս երգչախումբը այս սկզբունքներու լոյսին տակ, հաւատարիմ անոնց, կը կատարէ իր հոգեւոր հառայութիւնը 90 տարիէ ի վեր։

Իսկ այս տրուպ գրիչը ինքզինք երջանիկ կը զգայ, երկու տարբեր շրջաններու, մօտաւորապէս 20 տարի իրենց հետ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած ըլլալուն համար Պէյօղլուի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնք անմոռանալի եւ անջնջելի հետքեր են թողած իր յիշատակներուն մէջ։ Շնորհաւո՜ր տարեդարձ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 16, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019