ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԱՄՆ ԱՅՑԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Է ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Վաղը՝ 22 սեպտեմբերին, Հայաստանի առաջին դէմքը հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկահայութեան հետ։ Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք այս հանդիպումը մի քանի առումներով կ՚առանձնացուի, Հայաստանի այլ ղեկավարներու Ամերիկա տուած այցելութիւններէն։

Խնդիրն այն է, որ մասնաւորապէս վերջին հինգ տարիներուն ամերիկահայութեան ջախջախիչ տոկոսը (յատկապէս Ամերիկա հաստատուած հայաստանցիներու համայնքը) կտրականապէս դէմ էր մեր երկիրը ղեկավարած Սերժ Սարգսեանի քաղաքական գործելաոճին, ծրագիրներուն եւ նոյնիսկ հեռու երթալով անձնականացուցած էր այդ հակառակութիւնը։

Եւ այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ու «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»էն մէկ տարի հինգ ամիս ետք սփիւռքի մէջ որոշիչ դեր ունեցող այդ համայնքի մեծ տոկոսը կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի երիտասարդ իշխանութիւններուն։

Այստեղ կարեւոր հարցում մը կը ծագի. արդեօք այս այցելութեան ընթացքին Փաշինեան պիտի կարողանա՞յ մօտեցման քայլեր կատարելով «սիրտը շահիլ» Սպիտակ տան վարիչներուն ու, յատկապէս, նախագահ Թրամփին, կամ թէ կայացուելիք այցը այդ առումով պիտի շարունակէ՞ համարուիլ «փրոթոքոլային» այցելութիւն մը, որուն ընթացքին ալ Փաշինեան առաջ պիտի քաշէ մէկ հիմնարար մօտեցում, որն է աւելի մօտէն ծանօթանալ ամերիկահայութեան ու այդ միջոցով ալ կարելի բոլոր միջոցները գործի մղել, որպէսզի այդ գաղութի երեւելի ձեռներէցները խօսքի սահմաններէն դուրս գան եւ անցնին գործնական քայլերու՝ օգտակար եւ նեցուկ ըլլալով վարչապետ Փաշինեանին։

Այս բոլորին մէջ ուշագրաւ փաստ է, որ ամերիկեան ափերուն վրայ ապրող հայութիւնը բազմաշերտ է ու այդ առումով ալ բաւական «անկառավարելի». հոս է նաեւ, որ աւելիով կը մեծնան այս հանդիպումէն հաւանական սպասելիքները, եթէ հաշուի առնենք, որ Փաշինեան ըլլալով «յեղափոխական» առաջնորդ մը՝ կ՚առանձնացուի իր «քարիզմայով» եւ «ամբոխներ»ուն խօսելու եւ անոնց առաջ առաջադրանք մը դնել կարողանալու իւրայատկութեամբ։

Հետեւաբար, եթէ փորձենք այս այցելութեան հիմնադրոյթներու մասին խօսիլ եւ ընդգծելի դարձնել նման այցելութեան մը հիմնական գիծերը, ապա պարտինք հաշուի առնել, որ այս այցելութիւնը ամէն բանէ առաջ հանդիպում է տեղւոյն հայութեան հետ ու բաւական անիրատեսական է Փաշինեանի այս այցին շնորհիւ լուրջ տեղաշարժեր ակնկալել՝ կապուած Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան պաշտօնական յարաբերութիւններու տեսակէտէն։

Ուրեմն թիրախն ու նետը Փաշինեանի ձեռքերուն մէջ են. անկէ ետք ի՛նչ պատկեր կամ ինչ գործնական քայլերու կարելի է հանդիպիլ ու տեսնել, այդ անշուշտ պիտի մնայ ամերիկահայութեան ուսերուն, մանաւանդ, որ այս գաղութը իր տնտեսական կարողականութիւններով կ՚առանձնացուի միւս բոլոր գաղութներէն ու ամբողջ սփիւռքէն։

ՏԵՍԱԿԷՏ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ

Գործարար Վարդան Գազանճեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։

-Այսօր հայութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկն է Լոս Անճելըսը, բայց ներկայ փուլին կարծես, թէ հայութիւնը քաղաքական լուրջ առաջադրանք կամ օրակարգ մը չունի։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ է պատճառը, եւ առհասարակ ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայութեան ներկայ իրավիճակը։

-Նախ ըսեմ, որ ես որեւէ պաշտօնական հանգամանք չունիմ, լոսանճելըսահայութեան ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու համար։ Իմ տուածը ընդամէնը անհատական կարծիք է։ Գաղութի աշխուժութեան հարցը պայմանաւորուած է այդ նահանգի ծաւալուն ըլլալուն հետ։ Ինչպէս գիտէք, շատ մեծ տարածութեան վրայ է Գալիֆորնիան եւ օտարացման, ձուլումի հոսանքն ալ շատ զօրաւոր է: Անշուշտ կան մեծ թիւով կազմակերպութիւններ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն ամենատարբեր հարթակներու վրայ, յաճախ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, բայց ընդհանրապէս գաղութը թուլացած վիճակ մը կ՚ապրի։ Անշուշտ, բոլորիս համար ալ շատ պարզ է, որ հայրենիքէն դուրս գտնուելով երբեք կարելի պիտի չըլլայ ամուր պահել հայութեան իրական կարողականութիւնը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի գաղութի աշխուժութեան, լսեցի, որ մի քանի շաբաթ առաջ նոր մարմին մը ստեղծուեցաւ՝ «Համահայկական խորհուրդ». հիմա այդ մարմինը որքան իրական է, որքան տոկուն է, որքան պիտի գոյատեւէ, որքան բարձր հանգամանք պիտի կարենայ ունենալ եւ ընդունուիլ, կը տեսնենք ապագային: Բայց կրնամ ըսել,  Միացեալ Նահանգներու գաղութը թէ՛ զօրաւոր է եւ թէ տկար, այսինքն, նոյնիսկ եթէ հիմա որոշ աշխուժութիւն մը ունի հայկական օրակարգի վերաբերեալ, չի կրնար հարիւր տարի յետոյ նոյն այս ուժով, նոյն աշխուժութեամբ գոյատեւել, հետեւաբար, մեր բոլոր գործողութիւններու առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանը։ Մեզի համար հիմնական նպատակ պէտք է հանդիսանայ հայրենիքի մէջ ուժերը լարելը, միանալն ու հաստատուիլը, մանաւանդ անոնց համար, որոնք իրենց գոյութիւնը հազիւ գարշ տալով կ՚ապրին ԱՄՆ-ի մէջ։ Ամերիկայի մէջ հայութեան շուրջ 40 տոկոսը օրուան հացին համար կը պայքարի, կ՚ապրի։ Իմ տասած չափով՝ անիմաստ, դատարկ կեանք մը կը վարեն օտարութեան մէջ։ Անոնցմէ շատեր նիւթապէս կայուն չեն, հետեւաբար, անիմաստ է անոնց հայրենիքէն հեռու, օտարութեան մէջ ըլլալը, երբ իրենց կեանքը չեն կրնար բարելաւել:

-Դուք մօտէն կը հետեւիք Հայաստանի զարգացումներուն, ի՞նչ փոփոխութիւն տեսաք այս մէկուկէս տարուան մէջ, ինչպիսի՞ գնահատականով կրնաք բնութագրել այսօրուան մեր կեանքը:

-Այս հարցումին պատասխանը հարիւր տոկոս կարողանալ տալու համար պէտք է որ անձը, այս պարագային ես, այստեղ միայն զբօսաշրջիկի հանգամանքով չըլլայի, հիւրանոցի մէջ չապրէի... այլ պէտք է երեք-չորս ամիս հոս ապրէի, բնակարան վարձէի եւ ամենօրեայ դրութեամբ տեղացիներու հետ շփուէի: Բայց, այդուհանդերձ, կրնամ ըսել, որ ասկէ եօթ-ութ ամիս առաջ դարձեալ Երեւան կը գտնուէի եւ այն ատեն աւելի խանդավառութիւն կար, քան հիմա։ Ես կը փափաքէի, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը շարունակուի աւելի լուրջ ձեւով, այսինքն, երբ մարդիկ կը խօսին թալանի մասին, սլաքները միայն քանի մը հոգիներու դէմ ուղղուած չըլլան, որովհետեւ ինչպէս բոլորս գիտենք, եղած թալանը երկու-երեք հոգիով չեղաւ։ Անշուշտ, շատ կարեւոր է, որ «վենտեթա» կոչուած երեւոյթը վերանայ եւ իշխանութիւններ ժողովրդավար ձեւով, երթան բոլոր «օլիկարխ»ներուն ետեւէն եւ թալանուած, յափշտակուած մեծ գումարները ետ բերեն եւ պետական գանձանակը լեցնեն։ Այս բոլորին առընթեր պարտիմ ըսել, որ եղած զարգացումներուն հետ կապուած կան շատեր, որոնք նստած են անկիւն մը, եւ իրենց նեցուկը չեն ներդներ։ Այս խնդիրը նաեւ կը սպասէ իր լուծման։ Այս բոլորէն անդին անշուշտ, որ կարգ մը երեւելի փոփոխութիւններ կան, ու կայ նաեւ լաւատեսութիւն, որ վաղուան օրը աւելի լաւ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայութեան համար։

-Ակնարկեցիք, որ փոփոխութիւններ կան. կրնա՞ք փակագծերը բանալ։

-Օրինակ՝ նկատեցի, որ բնակարաններու գիները վերջին մէկ տարուան ընթացքին 20-30 տոկոս բարձրացած են, այս կը նշանակէ, որ դուրսէն Հայաստան եկողներու թիւը աճած է եւ հիմնականին մէջ անոնք է, որ թափ կու տան, որ անշարժ գոյքի ոլորտը աճ արձանագրէ։ Կը լսեմ նաեւ, որ մեծ թիւով սփիւռքահայեր, իրենց ծանօթներուն համար բնակարան կը գնեն։ Այս երեւոյթը երկրին հանդէպ վստահութիւնը կը մեծցնէ եւ բնականաբար գովելի երեւոյթ է։

-Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները շատ առիթներով խօսեցան տնտեսական ոլորտներու մէջ սփիւռքի եւ սփիւռքահայ գործարարներու կարեւորութեան մասին, սակայն այդ առումով նոր նախաձեռնութիւններու ականատես չդարձանք։  Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այսօրուան դրութիւնը։

-Իմ կարծիքով, պատճառը վստահութեան պակասն է։ Անշուշտ, որ այսօր Հայաստանը երկու տարի առաջուան վիճակէն աւելի լաւ վիճակ մ՚ունի, այս փուլին «Սաշիկ, 50 տոկոս... եւ այլն» չկայ, բայց նախկին վարչակարգի շրջապատէն կան մարդիկ, որոնք տակաւին իրենց դիրքերուն վրայ են... Կաշառակերութիւնը վերացած է որոշ չափով, բայց արմատախիլ չէ եղած, եւ սփիւռքի մէջ մարդիկ այդ տեսանկիւնէն քիչ մը վերապահ են։ Հայաստանի համար շատ կենսական է ունենալ սփիւռքահայ գործարարներու նեցուկն ու ներդրումը։ Ի վերջոյ մեր յոյսը չենք կրնար դնել ռուս, իտալացի, հնդիկ գործարարներու վրայ, որոնք շատ են այստեղ. անոնք, որպէս առեւտրականներ, միայն իրենց անձնական շահը պիտի հետապնդեն, բայց երբ հայ, սփիւռքահայ գործարարը կու գայ, կը հաստատուի եւ գործ կը դնէ, այդ մէկը ուղղակի Հայաստանին պիտի օգնէ, եւ, դժբախտաբար, քիչ է այդ տեսակ մարդոց թիւը։ Փոփոխութիւնները պէտք է աւելի ակնյայտ, աւելի շլացուցիչ, եւ աւելի ակներեւ ըլլան, որպէսզի մարդիկ ձգեն տուն-տեղ, հանգիստ կեանք եւ գան այստեղ. ներկայիս միայն զուտ հայրենասիրական զգացումներէ մղուելով է, որ մէկը պիտի ելլէ գայ, ամէն ինչ ձգելով, եւ ատիկա նոր դրական բան չի բերեր Հայաստանին:

-Հայաստանի անկախութեան երեսուն տարուան պատմութեան ընթացքին եւ ի պատիւ երկիրը կառավարած իշխանութիւններուն՝ մեր երկիրը կարողացաւ առողջ հունի մը վրայ պահել երկրի քաղաքական ընդհանուր դիրքը։ Խօսքը միայն ռուս-ամերիկեան խմորումներու կամ առճակատումներու առընթեր Հայաստանի ցոյց տուած առողջ կեցուածքներուն մասին չէ անշուշտ, այլ նաեւ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր դրոյթին ե՛ւ իր Ռուսաստանի հետ ռազմավարական շահերը ապահովելու ու պահպանելու մասին է։ Այս առումով ալ այսօր շատեր մտավախութիւն ունին, թէ ներկայ իշխանութիւնները կրնան սխալ ուղղութեամբ տանիլ Հայաստանը, այն իմաստով որ Հայաստան ունենայ արեւմտամէտ դիրքորոշում։ Մտահո՞գ էք այս խնդրով։

-Որպէս Հայաստանի զարգացումներուն հետեւող հայ անհատ, կրնամ ըսել, որ նախկին իշխանութիւնները տնտեսական կամ իսկական ժողովրդավարական առումով իրենց ձգած մեծ բացթողումներով հանդերձ կարողացան ձեր մատնանշած այդ՝ ռուս-ամերիկեան թելին վրայ հաւասարակշռութիւնը պահել, պէտք է ընդունինք ատիկա։ Իսկ հիմա այդ առումով մտավախութիւն կայ, նաեւ կան մարդիկ, որոնք կը մերժեն, թէ օրինակի համար, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը Ռուսաստանի նախագահը անձամբ կը նեղացնէ. ակնյայտ է, եւ ատիկա մտավախութիւն յառաջացուցած է։ Ես անձամբ ռուսամէտ չեմ, եւ կը փափաքէի, որ Հայաստանը բոլորովին ինքնիշխան ըլլար, բայց այդ մէկը իրապաշտ մօտեցում մը չէ. ցաւօք սրտի, ո՛չ Հայաստանի ժողովուրդը, ոչ ալ Հայաստանի 40 հազարանոց բանակը պիտի կարողանան Հայաստանի սահմանները պաշտպանել։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ սահմանները ամբողջովին պաշտպանուած են ռուս զինուորներու շնորհիւ, որովհետեւ մենք ո՛չ մարդուժը, ոչ ալ նիւթական կարողութիւնը ունինք այդ մէկը ստանձնելու:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի կառավարութեան այդ հաւասարակշռութիւնը շարունակելուն, մենք կը յուսանք, որ այսօրուան իշխանութիւնները կը կարողանան առկայ հաւասակշռութիւնը պահպանել եւ մեծ սխալներ թոյլ չտալ։ Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Ռուսաստանի նախագահը միշտ նկատի պիտի առնէ, որ Կովկասեան կտրուածքով Ռուսաստանի ամենահաւատրիմ եւ ամենավստահելի դաշնակիցը Հայաստանն է։ Ու կը կարծեմ, Քոչարեանի հարցով ալ Փութին «աչք պիտի խփէ», որովհետեւ Ռուսաստանի մեծ շահերը կը պահանջեն, որ Հայաստանի հետ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող յարաբերութիւնները շարունակուին եւ բարգաւաճին։ Յոյսով եմ նաեւ, որ այդ անհարթութիւնը մէջտեղէն կը վերանայ եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները մէկ անձի շուրջ չեն ըլլար... Քոչարեանի հարցը իր գործընթացը կը շարունակէ եւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններն ալ բնականոն հունով կը շարունակուին։

-Երբ վերադառնաք, ի՞նչ պիտի ըսէք Ամերիկայի ձեր հայրենակիցներուն, երբ Հայաստանի մասին խօսիք, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր ըսելիքը։

-Այստեղէն մեկնելով, իմ բարեկամներուն, ծանօթներուն պիտի ըսեմ, որ դանդաղ, փոքր քայլերով Հայաստանը յառաջընաթցի մէջ է: Երանի աւելի մեծ ըլլային քայլերը, բայց կարեւորն այն է, որ ետդարձ չկայ։ Մեր երկիրը յառաջընթացի մէջ է, աշխուժութիւն կայ, լաւատեսութիւն կայ եւ յոյսով ենք աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Պիտի ըսեմ իրենց՝ «գացէ՛ք Հայաստան, եթէ կրնաք փոխադրուեցէք, հոն ապրեցէք, եթէ չէք կրնար, գոնէ տարին անգամ մը այցելեցէք, հաղորդուեցէք, ձեր զաւակները տարէք հոն հայրենի հողին, օդին հետ թող հաղորդուին»։ Իմ ձգտումս եւ իմ քաջալերանքս այդ ձեւով պիտի ըլլայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019