«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԴԵՐԸ ՄԱՐԴՍ ԴԷՊԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՆ Է»

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցերուն կը պատասխանէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագ եպիսկոպոսներէն, երկար տարիներ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը հովուած եւ ներկայիս Վատիկանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

-Աստուած օգնական սրբազան հայր: Կ՚ուզէինք իմանալ Ձեր նոր առաքելութեան մասին, ինչպէս գիտենք, երկար տարիներ ձեռնահասօրէն հովուած էք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը ու կարեւոր ներկայութիւն եղած էք առհասարակ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսօր կը վարէք բոլորովին վերջերս հաստատուած պաշտօն մը, որն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հռոմի եւ Վատիկանի մօտ յատուկ պատուիրակի պաշտօնը։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ձեր նոր առաքելութիւնը, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Հռոմը կը համարուի Կաթոլիկ աշխարհի սիրտը եւ այդ քաղաքը զանազան առումներով ալ ունի իւրայատուկ դեր եւ նշանակութիւն, նամանաւանդ ներքրիստոնէական յարաբերութիւններու տեսակէտէն:

-Արդէն մէկ տարի եղաւ որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի որոշումով նշանակուեցայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վատիկանի մօտ եւ նաեւ հայրապետական պատուիրակ արեւմտեան Եւրոպայի: Ինձ համար հաճելի պատասխանատուութիւն կամ առաքելութիւն է այդ նշանակումը այն իմաստով, որ ես արդէն անցնող 25-30 տարիներու ընթացքին, Վատիկանի հետ Հայ Եկեղեցւոյ կապերը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ ալ եղած եմ: Այդ առումով ալ ուղենշային եղած են երկու պապերու Հայաստան այցելութիւններու կազմակերպումը, հանգուցեալ երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Վեհափառի, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Հռոմ այցելութիւններու կազմակերպումը, 2015 թուականին Վատիկանի մէջ մատուցուած պատմական Սուրբ Պատարագը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի տեղադրումը՝ Վատիկանի մէջ: Այնպէս որ այդ առաքելութիւնները կային: Բայց ես քսանութ տարիներ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի մէջ ծառայելէ ետք, որ ինձ համար շատ հաճելի ծառայութիւն էր, խորհեցայ որ փոփոխութիւնը լաւ է թէ՛ թեմին համար եւ թէ ինձ համար, այնպէս որ խնդրանք ներկայացուցի Վեհափառ Հայրապետին, եւ շնորհակալ եմ Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդունեց իմ խնդրանքը: Ուրեմն հիմնական իմ առաքելութիւնը այն է, որ Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ առկայ կապերը աւելի խորացնել, աւելի ամրացնել: Նաեւ կազմակերպել արեւմտեան Եւրոպայի այն շրջանները, ուր թեմական կառոյցներ չկան, օրինակի համար՝ Հոլանտա, Պելժիա, Սպանիա, Փորթուգալ, նոյնիսկ Իտալիա, ուր այսօր բաւական մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին: Անշուշտ ժամանակին գաղթողներ եղած էին Պելժիա, Հոլանտա եւ Իտալիա, բայց վերջին քսանհինգ տարիներուն դժբախտաբար Միջին Արեւելքի քաղաքական վիճակի պատճառով, մեծ թիւով հայեր, ըլլայ մասնաւորապէս Իրաքէն ու Սուրիայէն, Եւրոպա գաղթեցին։ Վերջին քսան տարիներուն նաեւ Հայաստանէն ահագին հայեր գաղթեցին եւ տակաւին ալ կը գաղթեն: Օրինակ՝ Սպանիոյ մէջ այսօր ունինք մօտաւորապէս 35000-40000 հայեր՝ Պարսելոնա, Մատրիտ, Վալենսիա, Մալակա: Անշուշտ նոր կազմաւորուող այս համայնքներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ հայաստանցիներէ։

-Սրբազան հայր, ձեր նշած քաղաքներուն մէջ եկեղեցիներ ունի՞նք։

-Եկեղեցի, որպէս շէնք ու կառոյց չունինք. Մատրիտի մէջ հոգեւորական ունինք, իսկ Պարսելոնայի մէջ՝ եկեղեցական խորհուրդ. թէեւ եկեղեցի չունինք, բայց կ՚օգտագործենք կաթողիկէ եկեղիցիներ, եւ այնտեղի կարտինալները մեզի հանդէպ շատ բարեացակամ են: Վերջերս ես այցելութիւն տուի Մատրիտի եւ Պարսելոնայի երկու կարտինալներուն եւ ընդհանուր վիճակին մասին քննարկումներ ունեցանք։

-Սրբազան հայր, այդ քաղաքներու եկեղեցիները Վատիկանի հովանաւորութեան տակ կը գործե՞ն։

-Այո՛, Կաթողիկէ եկեղեցին թեմեր ունի, եւ հովուապետութիւնը վստահուած է Վատիկանի կողմէ նշանակուած կարտինալներու։ Ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ Հայ Եկեղեցին այնքան ալ լաւ կազմակերպուած չէ, ուրեմն իմ աշխատանքը պիտի ըլլայ կազմակերպել. առաջին հերթին ծխական կանոնադրութիւն ստեղծել, որպէսզի յստակ ըլլայ իւրաքանչիւր անձի պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը, որպէսզի համայնքները արագ թափով կազմակերպուին։ Անշուշտ պէտք է կայացուին թեմական ընտրութիններ, որոնց պիտի մասնակցի մեր ժողովուրդը։ Ինչպէս գիտէք, մեր եկեղեցին պատմութեան ընդմէջէն ալ միշտ ժողովրդավար եղած է, կղերապետական չէ եղած, այսինքն հոգեւորական եւ աշխարհական միատեղ համագործակցելով Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակական կերպով պահելու կոչուած են։ Կարեւոր է նաեւ թափանցիկութիւնը, այսինքն ի՞նչ գումարներ կամ նուիրատուութիւններ կը հաւաքուին, ի՞նչ բանի կը ծախսուին, նաեւ անոր հաշուետուութիւնը տրուի ժողովուրդին, որպէսզի մարդիկ գիտնան եւ յստակ ըլլայ, ըսի ըսաւներ ու ենթադրութիւններ չըլլան: Նաեւ հոգեւորականներ պատրաստելը, ես խօսեցայ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի կարտինալներուն հետ, իրենք պատրաստ են ճեմարաններէն ներս երիտասարդ աբեղաներ կամ վարդապետներ ընդունիլ, որպէսզի ուսանին, լեզուն սորվին, եւ ծառայեն համայնքէն ներս: Նոյնն ալ Պելժիա եւ Հոլանտա, այդ համայնքները քիչ մը աւելի լաւ կազմակերպուած են, մասնաւորաբար Հոլանտան, ուր արդէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուղեցոյցին համաձայն, կանոնադրութիւն պիտի ընդունուի: Իմ առաքելութիւնը այն է, որ ապագային այդ համայնքները՝ Հոլանտան, Պելժիան վերածուին նաեւ թեմերու, ունենան իրենց թեմական կառոյցը, թեմական առաջնորդը, որովհետեւ որքան Հայ Եկեղեցին լաւ կազմակերպուած ըլլայ համանքներէն ներս, մանաւանդ արտասահմանի մէջ, այնքան աւելի ապահովուած կ՚ըլլանք ոչ միայն հոգեւոր իմաստով, այլ նաեւ ազգային իմաստով ու այդպէսով ապահոված կ՚ըլլանք մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը:

-Սրբազան հայր, վերջին տարիներուն եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ երեւոյթ մը երեւան եկաւ, երբ մարդիկ սկսան առանց յստակ հանգամանք կամ պաշտօն մ՚ունենալու, էութենական հարցեր հնչեցնել, տեղի-անտեղի քննադատութիւններ կատարել եւ հանրութեան ներկայանալ, իբրեւ մեր եկեղեցւոյ հարցերով մտահոգ մարդիկ։ Այդ բոլորէն անդին, յաճախ հնչեցին խօսքեր, ընդհուպ մինչեւ գռեհկութիւն պարունակող գնահատականներ, որոնց միակ ուղենիշն այն էր, որ մեր եկեղեցին այսօր կարիքն ունի բարենորոգման։ Որքանո՞վ կը բաժնէք այդ մօտեցումը եւ դուք, որպէս մեր եկեղեցւոյ ազդեցիկ ատեաններէն մէկուն՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, արդեօք այս երկու տարուան ընթացքին որեւէ վերլուծումի հարցադրումի, կամ մտորումի պահանջք զգացի՞ք:

-Բնականաբար Եկեղեցին իր առաքելութիւնը ունի եւ հիմնական առաքելութիւնը, ամէն մէկ մարդը, անձը դէպի Աստուած առաջնորդելն, ու Աստուածային պատկերը, որուն համաձայն մարդ արարածը ստեղծուած է, մարդու կեանքէն ներս վերադարձնելն է: Աստուածային հիմնական առաքելութեան, մենք փրկագործութեան խորհուրդ կ՚ըսենք։ Այլ խօսքով Աստուծոյ պատկերը, որուն համաձայն մենք ստեղծուած ենք, բայց մեր ազատ կամքով ալ այդ պատկերէն հեռացած ենք, ու այդ առաքելութեամբ ալ Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ, որպէսզի մեզի ոչ թէ միայն խօսքով, այլ իր կեանքով ալ ցոյց տայ, թէ մենք ինչպէս կրնանք վերադարձնել մեր մէջ Աստուածային պատկերը... Հետեւաբար այս է Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ այս է Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Այս հիմնական առաքելութեան հիման վրայ, ամէն եկեղեցի ինչպէս եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, իր գեղեցիկ աւանդութիւններով, իր շարականներով, աղօթքներով, հայրերու գրութիւններով, ծէսերով, եւ այլն եւ այլն, գոյացած է դարերու ընթացքին, որպէսզի այդ առաքելութիւնը իրականացնէ: Բնականաբար ժամանակի ընթացքին կեանքը կը փոխուի, Քրիստոսի ժամանակ աշխարհ տարբեր էր այսօր տարբեր է. Քրիստոս իր ժամանակուայ միջոցները օգտագործեց իր առաքելութիւնը իրականացնելու համար, այսինքն առակներով իր պատգամը փոխանցեց. այդ օրուայ մարդուն հոգեբանութեան հասնող կամ մարդուն ընդունելի եւ հասկնալի առակներով։ Այդ մօտեցումները մեթոտներ են, մօտեցումներ են, որոնք կրնան փոխուիլ, սակայն առաքելութիւնը նոյնն է ու նոյնը կը մնայ։ Ժամանակի ընթացքին աշխարհ կը փոխուի, օրինակի համար, հարիւր տարի առաջ կամ նոյնիսկ քսանհինգ տարի առաջ աշխարհ տարբեր էր, այսօր տարբեր է, հետեւաբար այդ փոփոխութեան հետ ոչ թէ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն ու աւանդութիւնները պէտք է փոխուին, այլ մօտեցումները. օրինակ՝ հիմա նոր մօտեցումներ որդեգրուած են, համացանց եւ կամ այլ, որոնցմով երբեմն կարելի է հազարաւոր մարդոց հասնիլ, քան թէ թուղթով կամ քարոզով խօսիլ։ Այսօր մարդիկ երկա՜ր գրութիւններ չեն կարդար (աւելի հակիրճ) այսինքն հիմնական ըսելիքս այն է, որ աշխարհ կը փոխուի եւ այդ փոփոխութեան հետ, մենք ալ մեր մօտեցումները պէտք է վերանայինք ու փոխենք, մեր հիմնական առաքելութիւնը իրականացնելու համար: Պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցին այդ ըրած է, ժողովներ ունեցած է եւ ժողովներու ընթացքին Եկեղեցւոյ վիճակը քննարկած է։ Այդ քննարկումներու հիման վրայ միշտ վերափոխումներ կամ փոփոխութիւններ եղած են։ Այդ մասին անցեալ դարուն մեր բարձրաստիճան ծանօթ հոգեւորականները նոյնիսկ յօդուածներ գրած են, որ ինչպէս կարելի է Հայ Եկեղեցին այժմէականցնել։ Այսօր ալ այդ մտահոգութիւնը եւ այդ խօսակցութիւնը կայ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին մէջ հիմա Ազգային-եկեղացական ժողովի պատրաստութիւն կը տեսնուի եւ այդ Ազգային-եկեղեցական ժողովի ընթացքին կանոնադրութիւններ պիտի վաւերացուին, այսինքն Ազգային-եկեղեցական ժողովի, Ներկայացուցչական ժողովի, Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողովի. նաեւ թեմական կանոնադրութեան նախագծի նիւթեր պիտի վաւերացուին, որպէսզի կանոնական ու յստակ վիճակ ունենայ Հայ Եկեղեցին։ Չմոռնանք, որ անցնող երեսուն-քառասուն տարիներու շրջանին շարք մը թեմերու պարագային անյստակութիւն կար, ու այսօր կան նաեւ թեմեր, որոնք անցեալին գոյութիւն չունէին։ Բարեբախտաբար Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի համաձայնութեամբ ու նաեւ Ներկայացուցչական ժողովի վաւերացումով, կանոնադրութիւններ պատրաստուեցան եւ Ազգային ժողովը այդ կանոնադրութիւնները պիտի վաւերացնէ: Այդ ժողովի ընթացքին նաեւ պիտի անդրադառնանք, որ ի՛նչ կարելի է ընել աւելի հզօր դարձնելու համար մեր եկեղեցին։ Անշուշտ այս բոլորի կողքին կան որոշակի ու կարեւոր թեմաներ, որոնք նոյնպէս պիտի քննարկուին. օրինակի համար, հոգեւորականներու պատրաստութեան խնդիրը, քրիստոնէական դաստիարակութեան նոր մեթոտները եւ այլ հարցեր։ Այս բոլորով հանդերձ, մենք նաեւ պէտք է ընկալենք ու գիտակցինք, թէ Հայ Եկեղեցին իր առաքելութեամբ ու իր հաւատքով նոյնն է, բայց ունի տարբեր գոյներ։ Օրինակ՝ Հայաստանի մէջ մտածողութիւնը տարբեր է, Սուրիոյ մէջ տարբեր է, Հալէպի մէջ տարբեր է, Պէյրութի մէջ տարբեր է, հակառակ անոր որ այս քաղաքները կը համարուին նոյն աշխարհագրական գօտիին մէջ գտնուող քաղաքներ։ Նոյնը կարելի է ըսել Ամերիկայի պարագային, ուր Արեւելեան շրջանի մտածողութիւնը տարբեր է Արեւմտեան շրջանէն. Եւրոպայի մէջ նոյնպէս, ուր Ֆրանսա, Իտալիա կամ այլ երկիրներ մեր ժողովուրդի մտածողութիւնը տարբեր է։ Տարբեր է, որովհետեւ հայեր տարբեր երկիրներու մէջ ապրելով բնականաբար ազդեցութիւններու տակ են, տարբեր հոգեբանութեան մէջ են, եւ այդ մէկը պէտք է հաշուի առնել։ Ճիշդ է, որ Հայ Եկեղեցին ունի տարբեր գոյներ, բայց առաքելութիւնը նոյնն է, եւ այդ առաքելութիւնը իրականցնելու համար պէտք է շատ ճկուն կերպով շարժիլ, ոչ թէ աւանդութիւնը պահել՝ աւանդութիւնը պահելու համար: Երբ մենք իբրեւ Հայ Եկեղեցի չենք կրնար հայ մարդը Աստուծոյ մօտեցնել, կամ Աստուծոյ պատկերը հայ մարդու կեանքէն ներս վերադարձնել, ապա այդ առաքելութեան մէջ մենք արդէն ձախողած կ՚ըլլանք։

Եկեղեցին ժողովուրդն է, Եկեղեցին ո՛չ սրբազանն է ոչ ալ քահանան է, մենք ծառաներ ու սպասաւորներ ենք։ Ան որ Հայ Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուած է, Հայ Եկեղեցւոյ մարմնին ընտանիքին մասն է, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. Եկեղեցին մարմին է, որուն գլուխը Քրիստոսն է եւ մարմինը ունի տարբեր մասեր. աչք, քիթ, բերան, ձեռք, եւ ամէն մէկը կարեւոր է, չեմ կրնար ըսել իմ մատս աւելի կարեւոր է քան ականջս, ամէն մէկը իր դերը ունի կատարելիք, որպէսզի մարմինը առողջ ըլլայ։ Հետեւաբար Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, այն որ մկրտուած է, կարեւոր է, ընելիք գործ ունի, դեր ունի, որպէսզի մարմինը՝ Հայ Եկեղեցին առողջ ըլլայ եւ իր առաքելութիւնը պահէ շարունակական կերպով։

-Սրբազան հայր, ձեւով մը զիս կանխեցիք. ինչպէս նշեցիք, յառաջիկայ տարի մեր ժողովուրդը կը սպասէ շատ կարեւոր իրադարձութեան մը. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի գումարուի Ազգային-եկեղեցական ժողովը։ Ի՞նչ ակնկալիքներ ունենալ այդ ժողովէն եւ ի՞նչ են օրակարգերը:

-Ինչպէս ըսի, Ազգային-եկեղեցական ժողովը երբ գումարուի, հիմնական երկու մասերու պիտի բաժնուի, այդ մասին աւելի ուշ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պաշտօնական տեղեկութիւններ պիտի տրուին, բայց կրնամ ըսել, որ այդ ժողովի աւարտին որոշ կանոնադրութիւններու վաւերացում պիտի ըլլայ, որպէսզի յստակութիւներ ըլլան մանաւանդ աշխարհով սփռուած մեր թեմերէն ներս։ Այդ կանոնադրութիւնները առիթ կու տան, որ աշխարհական մարդիկ եւս, մասնակից դառնան Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման. այդ կանոնադրութեան մէջ, ամէն մէկու դերը յստակ է, պատասխանատուութիւնը յստակ է. նաեւ յստակօրէն պիտի նշուի հաշուետուութեան կարեւորութիւնը, որ շատ կարեւոր է, պէտք է իւրաքանչիւրս հաշուետու ըլլանք։ Բաց աստի, ինչպէս ըսի, տարբեր նիւթերու շուրջ քննարկումներ պիտի ըլլան, եւ ատոր համար Վեհափառ Հայրապետի տնօրինմամբ նշանակուած են յատուկ յանձնախումբեր, որոնք այս օրերուն արդէն իսկ լծուած են ժրաջան աշխատանքի եւ իրենց պատրաստած տեղեկագիրները պիտի ներկայացուին Ազգային-եկեղեցական ժողովին։

Բնականաբար, մենք միշտ կը յիշենք, որ անցնող հարիւր տարիները, դժուար տարիներ եղան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, ցեղասպանութեան ընթացքին, կամ սովետական կարգերու ժամանակաշրջանին շատ բան կորսնցուցինք, մեր հոգեւորականութեան 98 տոկոսը ջարդուեցաւ կամ աքսորուեցաւ: Մենք կորսնցուցինք լաւագոյն սերունդը՝ Գէորգեան ճեմարանի կամ սքանչելի Արմաշու վանքի, կորսնցուցինք հոգեւոր եւ նաեւ մտաւորական հոգեւորականներ։ Բարեբախտաբար այսօր ազատ անկախ հայրենիք ունինք, բացուեցան նոր ճեմարաններ, ուր նոր սերունդը կը դաստիարակուի, կը պատրաստուի, եւ նոր սերունդի անդամներէն շատեր արտասահման կը մեկնին, որպէսզի իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանան։ Ահաւասիկ, նոր շրջան սկսած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ այս ամբողջը ժամանակ կ՚առնէ:

Գիտեմ, որ մեր ժողովուրդը յաճախ հարցերուն կը մօտենայ քննադատաբար երբեմն ալ իրաւունք ունի։ Ես միշտ կոչ կ՚ընեմ ժողովուրդին, որ քաջալերեցէք ձեր ընտանիքի զաւակները, որ հոգեւորական կոչում ունենան, որովհետեւ հոգեւորականը կու գայ, հայ ընտանիքէն ու հայ ժողովուրդէն։ Իւրաքանչիւր ընտանիք, պէտք է իր զաւակը քաջալերէ, որպէսզի հոգեւորական կոչում ունենայ, որովհետեւ այդ ժողովուրդէն եկածն է, որ հոգեւորական պիտի դառնայ եւ իր առաքելութիւնը ժողովուրդի հետ միատեղ շարունակէ: Այդ առումով ալ, ես մեծ յոյսերով լեցուած եմ։ Այո՛, կան դժուարութիւններ, բայց այդ դըժ-ւարութիւնները սիրով պէտք է յաղթահարենք։ Քննադատելը լաւ է, բայց քննադատելու պարագային, պէտք է նաեւ ըսենք, որ ի՛նչ պէտք է ընենք...

Ես ալ յաճախ կը նկատեմ, որ որոշ բաներ թերի են ու կ՚ըսեմ, թէ պակասը այսպէս կամ այնպէս պէտք է լրացնել, ու այդ լրացման մէջ, ես ալ պէտք է մասնակցութիւն ունենամ, ոչ թէ ուրիշին մատ երկարել եւ ըսել, թէ չ՚ըներ:

Ինչպէս ըսի, բոլորս ալ եկեղեցւոյ մաս ենք, բոլորս ալ պարտաւոր ենք, պարտական ենք, այդ առաքելութիւնը շարունակական պահելու:

-Սրբազան հայր, տարիներ առաջ, Անթիլիաս-Էջմիածին երկխօսութեան հարթակ մը ստեղծուած էր, բայց ըստ երեւոյթին այսօր չկայ: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր երկու մեր գլխաւոր աթոռներու Մայր Աթոռի՝ նախամեծար Աթոռի եւ Անթիլիասի յարաբերութիւնները: Տրուած ըլլալով, որ դուք երկար ժամանակ թեմական գործի մէջ եղած էք եւ սփիւռքը կը ճանչնաք։ Գիտէք այս երկու աթոռներու ներկայութիւնը, ե՛ւ աշխարհագրական իմաստով ու նաեւ լաւ գիտէք այս Սուրբ Աթոռներու դերակատարութիւնը։ Ի վերջոյ այսօր ինչպէ՞ս կը գնահատէք երկու Սուրբ Աթոռներու ընդհանուր յարաբերութիւնը։

-Մեր երկու աթոռները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, նաեւ մեր երկու պատրիարքութիւնները մեր նուիրապետական կարգի մասերն են, մերն են, մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնորդող կեդրոններն են։ Ժամանակի ընթացքին, քաղաքականութեան պատճառով, այդ բաժանումը ստեղծուեցաւ, բաժանումը ոչ թէ Աստուածաբանական հոգեւոր էր, այլ քաղաքական, եւ նոյնիսկ այդ քաղաքականութիւնը ո՛չ թէ հայկական քաղաքականութիւն էր, այլեւ համաշխարհային ուժերու բախումի արդիւնք էր։ Աշխարհը փոխուեցաւ, աշխարհը կը փոխուի եւ փառք Աստուծոյ այսօր Հայաստան ազատ անկախ երկիր է, եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ազատ անկախ հայրենիքի մէջ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ: Անցեալի այդ դժուար օրերուն, եղան պայքարներ, եւ այդ պայքարներու ընթացքին խոր վէրքեր բացուեցան, հիմա մեր մօտեցումն է՝ ինչպէս այդ վէրքերը դարմանել: Ես ուրախ եմ, որ այս վերջին տարիներուն, դարմանման շատ մեծ քայլեր առնուած են, ինչպէս Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Գարեգին Բ. ընտրուեցաւ ու դարձաւ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայաստան տրուած յաճախակի այցելութիւնները՝ Էջմիածին այցելելը:

Այս դրական մթնոլորտը նոյնպէս տարածուած է ամբողջ սփիւռքի մէջ։ Օրինակ մը տալով ըսեմ, որ տարիներ առաջ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ երկու թեմերուն միջեւ բացարձակապէս յարաբերութիւն չկար, բայց վերջին տարիներուն յարաբերութեանց նոր էջ մը բացուեցաւ։ Շրջան մը առաջ, երբ Տ. Օշական Սրբազան Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդն էր, մենք տեւական կը հանդիպէինք, հարցերու մասին կը խօսէինք, եղբայրական կապ կար, եւ մեր այդ կապը լաւ օրինակ դարձաւ ժողովուրդին համար։ Ժամանակին, եթէ Անթիլիասական թեմէն երիտասարդուհի մը ուզէր ամուսնանալ Էջմիածնական թեմի անդամ երիտասարդի մը հետ, մեծ խնդիր կ՚ըլլար։ Հիմա փառք Աստուծոյ այդպիսի հարցեր չկան, երկու թեմերուն պատկանող անդամներ իրենց պսակները փոխադարձաբար երկու թեմերու եկեղեցիներուն մէջ կ՚ընեն։ Այլեւս անցեալի լարուածութիւնը չկայ, անշուշտ հարցերու կարգաւորումը ժամանակի կը կարօտի, պէտք է համբերել, աղօթել... Աղօթելը շատ կարեւոր է, եւ պէտք է փորձել, քաղաքականութիւնը եկեղեցիէն դուրս ձգել: Հոգեւորականը կը պատկանի բոլորին, առանց խտրութեան... Բնականաբար մարդիկ ազատ են իրենց քաղաքական նախասիրութիւնը կամ տեսակէտն ունենալու, բայց եկեղեցւոյ սպասաւորները կը պատկանին...

Եթէ ես հոգեւորականն եմ, դաշնակցականին ալ, ռամկավարին ալ, հնչակեանին ալ կամ որեւէ այլ գաղափար ունեցող հայուն ալ հոգեւորականն եմ։ Քաղաքական կուսակցութիւններ շատ կան այսօր, Հայաստանի կամ արտասահմանի մէջ, այդ առողջ երեւոյթ է, բայց հայ հոգեւորականը, բոլորին հոգեւորականն է, առանց խտրութեան, այդ պէտք է վերահաստատել եւ մենք՝ հոգեւորականներս ալ այդ ձեւով պէտք է հովուենք մեր թեմերը։ Եւ անշուշտ պէտք է սիրենք մեր ժողովուրդը։ Ես երբ երիտասարդ հոգեւորականներ կը ձեռնադրեմ, կամ ճեմարանական ուսանողներուն կը դիմեմ, անոնց կ՚ըսեմ, թէ շատ կարեւոր է, որ հոգեւորականը առանց խտրութեան սիրէ իր ժողովուրդը, նոյնիսկ անոնք որ ձեզ յաճախ կը ցաւցնեն կամ դժուարութիւններ կը ստեղծեն թեմական կեանքէն ներս։ Մենք որպէս հոգեւորականներ, պարտաւոր ենք բոլորին հետ խօսիլ սիրով։

-Այս օրերուն բոլորս մօտէն կը հետեւինք Պոլսոյ զարգացումներուն։ Օրեր առաջ այս առումով կարեւոր զարգացումներ եղան. խօսքը Անգարայէն սպասուած կանոնադրութեան մասին է, որուն հիման վրայ, պատրիարքական թեկնածու կրնան դառնալ բացառապէս այն սրբազան հայրերը, որոնք անդամ են Պոլսոյ Աթոռին։ Խօսքն անշուշտ Տ. Սահակ, Տ. Արամ եւ Տ. Գարեգին սրբազաններու մասին է։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք հրապարակուած կանոնադրութիւնը եւ ձեր կարծիքով՝ ո՞ւր կ՚երթայ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:

-Ձեր նշած երեք սրբազան հայրերը՝ Տ. Արամը, Տ. Սահակը եւ Տ. Գարեգին սրբազանները, երեքն ալ լաւ հոգեւորականներ են։ Բնականաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր նկարագիր ու տարբեր բնաւորութիւն, ես երեքն ալ մօտէն ճանչցած եմ: Գարեգին Սրբազանը շատ յարգելի, շատ փորձառու հոգեւորական է. Արամ Սրբազանին հետ մենք Երուսաղէմ միասին գացած ենք, զինք երկար տարիներէ ի վեր գիտեմ. Սահակ Սրբազանին նորէն շատ մը առիթներով հանդիպած եմ, երեքն ալ սքանչելի եպիսկոպոսներ են։ Վստահաբար, մեր Պոլսոյ գաղութը, որ այնքան եկեղեցասէր ժողովուրդէ կը բաղկանայ, այդ երեքէն մէկը պիտի ընտրէ: Խնդիր չէ, թէ ո՛վ կ՚ընտրուի, ան պիտի ըլլայ այդ Աթոռի պատրիարքը, եւ մենք բոլորս ուրախութեամբ պիտի շնորհաւորենք, եւ զօրակից պիտի ըլլանք նորընտիր պատրիարքին, որպէսզի այդ Աթոռը շարունակէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ Պոլսոյ համայնքը, շատ կարեւոր համայնք է, մանաւանդ արեւմտեան մեր հայկական աշխարհին մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի։ Ի վերջոյ, մեր Պոլիսը եղած է մեր մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին եւ ես ուրախ եմ, որ այսօր ալ Պոլսոյ մէջ, հոգեւոր, ազգային, մտաւորական գրական կեանքը կը շարունակուի։ Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք հարցերը պէտք չէ բարդացնել։ Այսօր այս է իրականութիւնը, պէտք է ընդունիլ պետութեան խօսքը։ Մենք գիտենք, որ վերջին ժամանակներուն գաղութը բաւական խառնուած էր, այդ խառնաշփոթութեան պատճառով էր, որ պատրիարաքական ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։ Իմ գիտակցութեամբ, հասկացողութեամբ, եզրակացութեամբ, պետութիւնը չէր, որ կը խանգարէր Պոլսոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը, այլ մենք էինք, որ պատրաստ չէինք եւ կազմակերպուած չէինք: Գիտէք, մենք երբեմն անցեալի վրայ շատ ուժ կը վատնենք, պէտք է անցեալէն դասեր քաղենք, եւ մեր ուժերը դէպի ապագան լարենք...։ Թերեւս «ցեղասպանութեան հոգեբանութեան» պատճառով է, որ մենք յաճախ ամէն ինչի մէջ դէպի անցեալը կ՚երթանք։ Այո՛, անցեալէն պէտք է դասեր քաղենք, պէտք է սորվինք, եթէ սխալներ կան, այդ սխալները սրբագրենք, եւ պէտք է ընդունինք, որ մենք ՄԱՐԴ ենք, եւ մարդը սխալական է, ամէն մէկս սխալական ենք, չկայ մէկը որ սխալ չի գործեր, մէկը աւելի՝ միւսը պակաս, անսխալ կատարեալ մարդ չկայ, բայց մեր ձգտումը դէպի կատարելութիւն է, պէտք է անոր ձգտինք։ Հետեւաբար, անցեալով պէտք չէ շատ ժամանակ կորսնցնենք, դէպի ապագան պէտք է նայինք, ես ապագան լա՛ւ կը տեսնեմ, մե՜ծ կարելիութիւններ կան մեր առջեւ, հետեւաբար մեր ուժերը իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ ազգ, իբրեւ հայրենիք՝ դէպի ապագան, դէպի գալիք օրը պէտք է լարենք ու մեր կարողութիւնները արժեւորենք ու նաեւ կատարելագործենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2019