ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ համայնքէն ներս։ Իր յիշատակին ձօնուած յարգանքի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատերասրահին մէջ՝ Կեդրոնականի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ։
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, համայնքային շրջանակներէ վարչայիններ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հիւրեր։
Բացման խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ բացատրեց, թէ ինչ մղումով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Ան մանաւանդ կարեւորեց Կոմիտաս Վարդապետի աննման ստեղծագործութիւններու, ազգանուէր ոգիի եւ ծառայութիւններու արժէքը։ Տնօրէնուհին մասնակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։
Օրուան յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրուեցաւ Կեդրոնական վարժարանի սաներուն կողմէ։ Կոմիտասի կեանքէն դրուագներու հիման վրայ աշակերտները հանդէս եկան թատերակներով, պարերով, նաեւ արտասանեցին հայկական բանաստեղծութենէն վառ նմոյշներ։ Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկաւ նաեւ Երեւանէն՝ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի «Ֆոլք պենտ» խումբը, որ հրապուրեց ներկաները իր կատարումներով եւ արժանացաւ ծափողջոյններու։
Յայտագրի եզրափակիչ փուլին խմբերգներով հանդէս եկան Կեդրոնականի սաները՝ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ։ Ներկաներն ալ անմասն չմնացին ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտէն։ Մեներգներ կատարեցին Գարին Քիւչիւքօղլու եւ Լարիսսա Փոյրազ, որոնց նուագակցեցան Շանթ Էսմէր եւ Մելինէ Թեմելճի։ Աշակերտներու յաջող կատարումները արժանացան մեծ գնահատանքի ու ծափահարութիւններու։
Կոմիտասի կեանքի եւ գործունէութեան՝ թատերական ձեւաչափի մէջ ներկայացուած այս եզակի երեկոյթի աւարտին, դարձեալ խօսք մը արտասանեց Սիլվա Գույումճեան։ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի տնօրէնուհի Մարթա Ասատուրեանն ալ դրուատեց Կեդրոնականի նախաձեռնութիւնը։
Վստահաբար ներկաներու յիշողութեան մէջ թարմ պիտի մնայ Կեդրոնականի ընտանիքին այս ձեռնարկը, որու շնորհիւ մեր համայնքէն ներս հերթական անգամ արժեւորուեցան Կոմիտաս Վարդապետի ժառանգութիւնն ու անանց մեծութիւնը։