ԴԵԳԵՐԱՆՔ ԵՐԱԶԻ ՄԷՋ

Երազիս մէջ մեր փողոցն էի…

Երկինքն կապոյտ էր ու խաղաղ, ինչպէս մարդոց հոգիները։ Կը դեգերէի մանկութեանս լայնարձակ, քարքարուտ ու խորտուբորտ ճամբաներուն։ Կը զգայի, լիաթոք կը շնչէի աշնանային վաղորդայն օդը։ Իմ շուրջը կը տիրէր անսահման խաղաղութիւն ու ներդաշնակութիւն, զոր երբեւէ չէի գտած իմ այս քառորդն անց երկնային կեանքին մէջ։ Կարծես ժամացոյցի սլաքները կեցած ըլլային։

Մարդոց հոգիներուն տիրած էր վայելքն ու սէրը, առյաւէտ մեզի լքած էին բոլոր տեսակի անհանգստութիւներն ու սրտի թրթիռները։ Թրթիռ, որ կը յառաջանայ պատեհ-անպատեհ առիթներու պարագային ու գրեթէ անբաժան մասն կը կազմէ մեր առօրեային։ Ան ծնունդն է վիրաւորանքի, սրդողումի, մեծամտութեան ու թերագնահատումի։ Մի խօսքով՝ երազային աշխարհն ուրիշ էր, այնտեղ երանգներն աւելի ջերմ էին, ի սպառ կը բացակայէին գոց գոյները։

Կտոր մը թարմ հաց ձեռքս, մեր տան դարպասէն դուրս եկայ ու նստայ մեր պատի տակ գտնուող նստարանին։ Ինչպէս մանկութեանս տարիներուն՝ աջ ձեռքով մեծ մօրս թխած թոնրի հացէն պուտ մը կը պոկէի ու կ՚ըմբոշխնէի աշնան արեւուն տակ։ Թէ՛ ցամաք հաց կ՚ուտէի, թէ կը ջանայի նայիլ արեւուն։ Պահ մը արեւուն հետ պայքարի մէջ մտայ։ «Ես պիտի յաղթեմ քեզի՝ արեւ։ Ես քեզմէ ուժեղ եմ։ Պիտի յաջողիմ անթարթ հայեացքով դիտել քեզ, թափանցել խորքդ», կը մրմնջայի ես։

Կարծես արեւը որոշեց զիջել ինծի. ես անթարթ հայեացքով սկսայ նայիլ անոր։ Հրակէզ արեգակին խորքը մխրճուելով հանդիպեցայ բոցավառ գոյներու։ Այնուհետեւ աչքիս առջեւ՝ շարժանկարի օրինակով, ուրուագծուեցան շարժուն պատկերներ։ Հպարտ թագաւոր մը, հեծած իր ճերմակ ձին՝ կ՚ընթանար դէպի անհուն ու կը կորսուէր ամպերուն մէջ։ Ասոր անմիջապէս կը յաջորդէր մէկ այլ պատկեր. ոսկեգանգուր մանուկ մը երկինքէն ջերմագին կը ժպտէր ինծի, կարծեմ Արա Գեղեցիկն էր։ Այդ մանուկը ինծի ժպտելով սկսաւ հեռանալ, ոտքի ելայ ու հետապնդեցի գանգրահեր մանուկը։ Ան երկինքին մէջ, իսկ ես՝ երկրի վրայ, միասին, կը զբօսնէինք համր քայլերով…

Այսպէս, երանութեան մէջ սաւառնելով հասայ մեր տունէն գրեթէ 50 մեթր հեռու գտնուող խանութը, որ տարիներ շարունակ գոց կը կենայ։ Այդ միջոցին գանգրահեր տղան՝ անէացաւ, առանց ինձմէ հրաժեշտ առնելու։ Պահ մը տխրեցայ, քանզի չէի ուզեր բաժնուիլ իրմէ։

Ինչեւէ, երբ անթարթ հայեացքս զատեցի արեգակէն, աչքիս առջեւ սեւցաւ. կեցած տեղը աչքերէս սկսաւ յորդիլ արցունք…

Ժամանակներու խաչաձեւումին իմ զգացումները, փափաքները խառնուեցան իրարու։ Մե՛րթ մանկութեանս հոտը կ՚առնէի, մերթ կը վերադառնայի իրականութիւն։ Այդ խառնաշփոթի մէջ քիչ մը հեռուն նշմարեցի մեծ մօրս ընկերուհին՝ Կրեթա տատիկը, որու յանկարծակի ու անսպասելի մահը՝ ժամանակին բաւական յուզած էր զիս։ Խաթունի պէս այդ շքեղ ու կլորիկ եօթանասունն անց տիկինը, ինչպէս միշտ, երկու ձեռքը մէջքին խաչաձեւած, հագած իր ընձառիւծի մորթի նմանութեամբ խալաթը, հաստաւուն ոսկեայ շղթան պարանոցին, որ տարեդարձի առթիւ նուէր ստացած էր զաւկէն, լայնաժպիտ՝ 32 ոսկեայ շողացող ակռաներով՝ կը մօտենար ինծի։ Ես նոյնպէս փոխադարձաբար ժպտեցայ անոր, փորձեցի հետաքրքրուիլ վերջինիս որպիսութեամբ, սակայն ան, առանց բառ մը փոխանակելու՝ ուղղուեցաւ դէպի մեր տուն՝ տատիկիս մօտ։ Ի դէպ, նշեմ, որ Կրեթա տատին իմ հանդիպած միակ կինն էր, որուն այդքան շատ կը վայելէր ոսկեայ ակռաներ, ընդհանրապէս ոսկեգոյնը անոր շատ կը սազէր։

Եթէ անկեղծ ըլլամ, առաջին անգամը չէ, որ այդ ազնուաշուք կեցուածքով տիկինը կու գայ երազս։ Յաճախ, երբ մտովի կը սաւառնիմ դէպի հեռու անցեալը, կարօտով կը յիշեմ Կրեթա տատին։

Մինչեւ մեր դարպասէն ներս մտնելը, ես երկար նայեցայ անոր ետեւէն։ Երբ ան մտաւ մեր տուն, Զաւէն պապս դուրս ելաւ ու ձայնեց ինծի.

-Արեւիկ, կը հաճիս մօտենալ։

Մեծ հայրս տեսնելուս պէս՝ սիրտս լեցուեցաւ բերկրանքով, իմ ուրախութիւնը չունէր չափ ու սահման։ Կը գիտակցէի, որ տարիներ առաջ կորսնցուցի մեծ հայրս, սակայն ուրախ էի, զայն նորէն տեսնելու համար։ Գրպանէս հանեցի իմ բջիջային հեռախօսը ու որոշեցի պահը չփախցնել եւ անմիջապէս պապիկիս հետ քաշուիլ պատկեր։ Վազելով մօտեցայ մեծ հօրս ու այդ վայրկեանին լացի ձայն մը կտրեց զիս իմ քաղցրանոյշ երազէն…

Փոքրիկ Զաւէնիկն էր, որ արթնցաւ ու կաթիկ կ՚ուզէր…

Իմ երազը մնաց կիսատ, իսկ ազդեցութիւնը դեռ կը շարունակէ ուղեկցիլ ինծի…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019