ԿԵՆՍԱՊԱՏՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ամիսէ մը ի վեր Լիբանանէն հասնող լուրերը ընկճող են եւ խիստ մտահոգիչ: Գոցուած դպրոցներ ու համալսարաններ, աշխատանքը խաթարած դրամատուներ եւ գործարաններ… Հարիւր հազարներով ցուցարարներ փողոց իջած են եւ բարեփոխումներ կը պահանջեն կառավարութենէն, կը փափաքին երկրի ղեկավարներուն հրաժարականը:

Կեանքին հունը փոխուած է երկրի մը, ուր մեծ թիւով հայութիւն կայ: Հայկական կառոյցներուն կեանքն ու բնականոն ընթացքը նոյնպէս խաթարուած է: Շատեր, չդիմանալով այս անորոշութեան, կը մտածեն գաղթելու, երկիրը լքելու եւ աւելի հանգիստ ու ապահով վայրեր տեղափոխուելու մասին: Մեծ թիւով լիբանանահայեր իրենց հայեացքը յառած են դէպի Հայաստան, ուր վերջին տասնամեակին արդէն իսկ բազմաթիւ լիբանանահայեր հաստատուած են: Որոշ տուեալներով՝ յառաջիկային լիբանանահայերու մեծ հոսքի մը կը սպասուի դէպի հայրենիք: Ասիկա մէկ կողմէն ուրախալի, մէկ կողմէն տխրութիւն պատճառող հանգամանք մըն է, որովհետեւ բնակավայրը լքելը, առհասարակ, լարում կը ստեղծէ:

Այս օրերուն էր, որ Լիբանանէն Երեւան հասաւ լիբանանահայ գործիչ, հայագէտ եւ քաղաքագէտ Տոքթոր Անդրանիկ Տագէսեանի գիրքը՝ Լիբանանի հայկական համայնքին մասին, որ 2015 թուականին տպագրուած է Պէյրութ, բայց հիմա է, որ հեղինակէն նուէր ստացանք: Այս գիրքը այժմէական մտածումներ կը հաղորդէ այսօր Լիբանանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն շուրջ եւ հայկական համայնքի տեղաշարժերուն, փոխակերպումներուն, հայապահպանութեան, հայրենիքի եւ դուրսի հետ կապի մասին ինքնատիպ աշխատութիւն մըն է, որ հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուի:

Ինչպէս հեղինակը կը նկարագրէ, լիբանանահայ կենսապատում մըն է իր կազմածը, փորձ մը նաեւ սատարելու լիբանանահայ անցեալի եւ ներկայի կշռադատման: Գիրքը կը բաղկանայ չորս գլուխներէ, որոնցմէ առաջինը կ՚ընդգրկէ լիբանանահայ համայնքը՝ 1920-1950-ի շրջանը, երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ 1950-1975-ի շրջանը, երրորդ գլուխը լուսարձակի տակ կ՚առնէ 1975-1990 թուականները եւ վերջապէս, չորրորդ գլուխը կը վերլուծէ 1990-2005 տասնհինգամեակը:

Գիրքը խորագրուած է «Լիբանանահայ հայօճախը. Գիրք Ա. Համարկումին խաչուղիները (1920-2005)» եւ դատելով խորագրէն, անհրաժեշտութիւն կայ նաեւ Բ. հատորին, որ պիտի ներկայացնէ 2005 թուականէն մեր օրերը: Արդէն իսկ գիրքի վերջաբանին մէջ Տագէսեան համառօտ անդարդարձ կատարած է 2005-2015 շրջանին, գրելով, որ լիբանանահայ 2005-2015 տասնամեակը կը յատկանշուի նախորդ տասնհինգամեակի տագնապներուն եւ Լիբանանի պատերազմի հետեւանքներուն ազդեցութեան ծաւալումով, երկրին ընկերային-տնտեսական տագնապին եւ քաղաքական անելին խորացումով, շրջանային կացութեան բարդացումին առաւել ազդեցիկութեամբ:

Հեղինակը «համայնք» եզրը գործածած է յարանուանութիւն ենթիմաստով, իսկ լիբանանահայութեան ամբողջութիւնը կոչած է հայօճախ, անոր իբրեւ բաղկացուցիչ օգտագործելով «ենթախումբ» եզրը: Իսկ «հայկական տիեզերք», «հայաշխարհ» արտայայտութիւններով ան նկատի ունեցած է աշխարհագրական մտաւոր, մշակութային եւ տնտեսական շօշափելի եւ վերացական այն տարածքները, ուր կը գործեն հայերը:

Նկարագրելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հայկական ուղեգիծը, Անդրանիկ Տագէսեան կը յիշեցնէ այն սահմանումը, որ ընտրած էին հայերը, որ է՝ դրական չէզոքութիւն:

«Հայ կուսակցութիւնները որոշեցին միացեալ եւ միասնական ըլլալու գերսկզբունքը: Այս կորիզին խարսխուելով, անոնք կտրականապէս մերժեցին պատերազմի տրամաբանութիւնը, ընդգծելով, որ ըստ լիբանանահայ փորձին՝ լիբանանեան տագնապները դժուար թէ ուժի զօրութեամբ լուծուին: Անոնք համոզում յայտնեցին, որ տարակարծութիւնները եւ հակառակութիւնները կրնա՛ն բանակցութեան միջոցով լուծուիլ: Միաժամանակ անոնք մերժեցին այս կամ այն կողմին կուսակից դառնալ: Ըստ անոնց, կռուախնձորը իշխանութեան բաժնեկցութեան վերադասաւորումն էր, ընկերային արդարութեան բարելաւումը: Ասոնք պէտք էր եւ կրնային երկխօսութեամբ ու բանակցութիւններով լուծուիլ: Հայերը պնդեցին, որ իշխանութեան վերաբաժանման գինը չէր համապատասխաներ այն բազմատեսակ վնասներուն, զորս քաղաքացիական պատերազմը կրնար բերել բոլորին գլխուն: Ներքնապէս, հայերը կը պնդէին, որ հայկական շահերու յետագայ ելակետներէն մեկնելով, Միջին Արեւելքը եւ մանաւանդ իսլամ երկիրները լաւագոյն տեղն էին պահպանելու համար հայ լեզուն եւ ինքնութիւնը, ուր կրօնքը, գրաճանաչութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը փոխկապակցուած են», կը գրէ:

Անդրանիկ Տագէսեան կը մատնանշէ, որ դրական չէզոքութիւնը յանձնառութիւն էր խաղաղ քան թէ վայրագ քաղաքականութեան եւ հարիւր առ հարիւր յաջողեցաւ եւ հայութեան պատճառեց նուազագոյն վնասները՝ շուրջ հազար հայերու սպանութիւն կամ անհետացում, 2 հազար վիրաւոր՝ 1975-76 պատերազմի տարիներուն, որ խլեց կեանքը աւելի քան 50 հազար լիբանանցիներու եւ վիրաւորեց-անդամալուծեց շուրջ 60 հազար ուրիշներ:

«Հայ կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական հաստատութիւններ շրջանցեցին պատերազմը, թէեւ ծանր վնասներու ենթարկուեցան, երբեմն՝ դիտմամբ: Միւս կողմէն, սակայն, հայութիւնը ծանրագոյնս հարուածուեցաւ արտագաղթով: 1975-76-ին շուրջ 15-20 հազար հայեր հեռացան Լիբանանէն դէպի Ամերիկաները, Եւրոպա եւ Աւստրալիա, իսկ ուրիշ 20 հազար մըն ալ արտագաղթեց մինչեւ 1980: 1983-ին համայնքին թիւը ինկաւ 175 հազարի: Գաղթը երկու ուղղութեամբ զարգացաւ.-

ա) Լիբանանի ծայրամասերէն եւ իսլամական Արեւմտեան Պէյրութէն դէպի քրիստոնէական Արեւելեան Պէյրութ, Պուրճ Համուտ եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնէական շրջան.

բ) Լիբանանէն դէպի դուրս.

Տակաւ, գաղթն ու տնտեսական մաշումը նուազեցուցին տնտեսական եւ մշակութային տարրերն ու տարածքը հայօճախին եւ յառաջացուցին յետագայ համարկումի նոր գործօններ», դրական չէզոքութեան մասին կը գրէ Անդրանիկ Տագէսեան:

Գալով հեղինակին, ան ծնած է Պէյրութ, աւարտած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: 1983 թուականին Մագիստրոս Արուեստից վկայականով աւարտած է Երեւանի    Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը: 1998 թուականին ՄԱ վկայականով աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժինը: 2002 թուականին Գիտական հետազօտութեան եւ վերլուծութեան ՄԱ վկայական ստացած է Էպըրտինի համալսարանէն: 2011 թուականին պաշտպանած է դոկտորականը՝ Սուոնզի համալսարանի Քաղ. Գիտ. բաժնին մէջ: 1983-89՝ եղած է «Զարթօնք»ի, 1991-1996՝ «Շիրակ»ի խմբագրակազմի անդամ: 1983-1993-ին դասաւանդած է Յովակիմեան, Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարաններու եւ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան մէջ: Պատասխանատու քարտուղարն է «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ին (1993) եւ տնօրէնն է      Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին, միաժամանակ լիբանանահայ պատմութիւն եւ հայ-ընկերային-քաղաքական միտքի պատմութիւն կը դասաւանդէ Հայկազեան համալսարանին մէջ: Անդրանիկ Տագէսեան նաեւ անդամ է Երեւանի Պետական համալսարանի «Հայագիտութեան հարցեր» հանդէսի խմբագրակազմին:

Խմբագրած է բազմաթիւ հատորներ, կազմած, խմբագրած է տարեգիրքեր եւ այլ հրատարակութիւններ, իսկ անձամբ հեղինակ է «Պատմութիւն ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի 1922-1937 (1993)» եւ «Վահան Պէտէլեան. Երաժիշտ-մանկավարժը (2004)» հատորներուն: Արմէն Իւրնէշլեանի հետ կազմած է «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012 մատենագիտական ցանկ» հատորը (2013):

Ահա թէ ինչ գրած է Անդրանիկ Տագէսեան իր գիրքին յառաջաբանին մէջ.

…Ակնարկ մը՝ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու եւ ժողովուրդներու վերջին հարիւրամեակի պատմութեան՝ պիտի պարզէ օրէնքի քան թէ բացառութեան կարգ անցած անկայունութիւնը շրջանին:

Քաղաքական վերաքաղի համայնապատկերը պիտի ընդրգրկէ.- Առաջին Համաշխարհային պատերազմը (1914-1918), Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրը (1916) եւ պայմանականօրէն յառաջացուցած պետութիւններ (Լիբանան՝ 1920, Սուրիա՝ 1920, Իրաք՝ 1921, Յորդանան` 1928, Պաղեստին եւ Իսրայէլ՝ 1948), Ֆրանս-բրիտանական հոգատարութիւն (1922), Լոզանի համաձայնագիր (1923), Ալեքսանտրէթի յանձնում (1939), Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմ (1939-1944), Պաղ պատերազմ եւ Սովետ-Ամերիկեան մրցակցութիւն (1948), Պաղտատի Ուխտ (1955), Սուէզի ջրանցքի տագնապ (1956), արաբ-իսրայէլեան պատերազմներ (1967, 1973): Պաղեստինեան հարցի լուծման ծուռ եւ շիտակ (միշտ անյաջող) փորձեր, Պաղեստինեան Ազատագրական պայքար, Իրանի կրօնական յեղափոխութիւն (1979), Իրան-Իրաք պատերազմ (1980-1988), Իրաքի ներխուժում Քուէյթ (1990), Իրաքի վրայ կրկնակի ներխուժում (1990, 2003), արաբ միջպետական լարուածութիւններ, նաեւ միացումի անյաջող փորձեր եւ նշանակալից այլ իրադարձութիւններ ու անոնցմէ շատերուն շարունակուող հետեւանքներն ու զարգացումները:

Մեծաթիւ են նաեւ օտար միջամտութիւններն ու ներպետական անկայունութեան պարագաները՝ պետական հարուածներ, զինուորական յեղաշրջումներ, ներքին խլրտումներ, ըմբոստութիւններ, քաղաքացիական պատերազմներ, ընկերային, տնտեսական վերիվայրումներ: Միով բանիւ, շրջանը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր մնայուն անկայունութիւն կ՚ապրի՝ տնտեսական, գաղափարական-ընկերային, մշակութային եւ ժողովրդագրական նոյնքան ազդու ցնցումներուն կողքին: Միւս կողմէն, 1920-էն եւ անկէ առաջ ծայր առած ու տակաւ թափ առնող թեքնոլոճիով, ճաշակով, կենցաղով, կանոնակարգումով, հեղինակացումով եւ ամէ՛ն ինչով արեւմտականացումը Միջին Արեւելքին՝ կը շարունակուի: Կը շարունակուի նաեւ այդ գործընթացին ոչ-միանշանակ պատշաճումը, ընդհուպ՝ մինչեւ հակադրութիւնը:

Լիբանանի հայօճախը (ինչպէս Լիբանանը՝ ընդհանրապէս), ըստ պարագաներու, կրցաւ օգտուիլ միջավայրի ապակայունութենէն, յաճախ ալ մեծապէս տուժեց անկէ: Դժուար է գրել Լիբանանի հայօճախին ամբողջական, համապարփակ կենսապատումը: Ան բազմատարր է ու բազմերես: Եղած փորձերը -այս մէկը եւս- կրնան քիչ մը աւելի հասկնալի դարձնել Լիբանանի հայօճախը: Այս հատորը կենսապատումին կը ջանան մատչիլ համարկումի պրիսմակէն, ելակէտ առնելով ինքնութիւնը:

Հատորը ջանք մըն է լիբանանահայութեան՝ վերջին հարիւրամեակի պատում մը յառաջացնելու, որուն հենքին վրայ կը ներկայացուի հայօճախին համարկումի ընթացքը: Ան կենսապատումն է արմատախլուածութենէ գաղթօճախ, ապա եւ հայօճախ անցումին, ուր համառօտակի կը ներկայացուի 1920-2005 շրջանը: Փորձած եմ հայօճախին մանաւանդ 1990-2005 տասնհինգամեակի պատկերին համառօտ վերարտադրում մը կատարել. զգացումները, ըմբռնումներն ու մանաւանդ մտայնութիւնը ներկայացնել՝ առանց ընդգրկելու 2005-էն ետք յառաջացած մտայնութիւնը:

Նման պատում մը պիտի օղակէ ժամանակակից լիբանանահայ նորահաս սերունդը իր անմիջական երէկին եւ այդ երէկին նուաճումներուն տէր կանգնեցնէ զինք:

…Այս գիրքը հաշուեյարդարի փորձ մըն է՝ առաւել յստակատեսութեան սատարող, յուսալով, որ ան կ՚օգնէ Լիբանանի հայօճախին խորքային մարտահրաւէրներուն յայտնաբերումին եւ անոնց ռազմավարական դիմագրաւումին:

Համարկում՝ integration-ը կը սահմանենք իբրեւ ենթախումբի մը գիտակցեալ, զգօն առընչումը՝ իր ազգային-քաղաքական-լեզուական-մշակութային-ընկերային-տնտեսական-կենցաղային համակարգերու ծիրէն դուրս գտնուող ուրիշ հաւաքականութիւններու համապատասխան համակարգելու: Այս առընչումով առաջին հաւաքականութիւնը ընտրովի կ՚ընդ-գըրկէ այլ հաւաքականութիւններու վերոյիշեալ համակարգերուն կարգ մը երեսակները, միշտ գերակշռութիւն վերապահելով իր սեփական ազգային-մշակութային համակարգին: Համարկումի ընթացքին ազգային-քաղաքական-լեզուական-մշակութային-ընկերային-տնտեսական-կենցաղային համակարգերու բաղադրիչները կրնան գտնուիլ փոխշփումի, փոխառընչումի, փոխընդգրկումի եւ փոխազդեցութեան տարբեր հանգրուաններու վրայ: Համարկումը առողջ կ՚ըլլայ, երբ փոխադարձ կ՚ըլլայ շփում-առընչումը: Համարկումը քարացած վիճակ չէ, այլ անընդհատ գործընթաց: Համարկումին յառաջացեալ կամ խորացեալ հանգրուանը (երբ ներկրուող տարրերը կը դառնան գերակշիռ ի հեճուկս սեփական տարրերուն) կու տայ նախանշանները հաւաքականութեան տարբեր շերտերու ձուլման ընթացքին: Համարկումին մակերեսային եւ սկզբնական հանգրուանը կ՚արտացոլացնէ սեփական պատեանի մէջ կծկը-ւած հաւաքականութիւն մը: Գիրքին մէջ անդրադարձ կը կատարուի համարկումի գործընթացը խթանող եւ/կամ խոչընդոտող գործօններու:

Ինքնութիւն՝ identity-ն կը սահմանենք իբրեւ անհատին կեանքին տուեալ հանգրուանի կենսափիլիսոփայութիւնը ձեւաւորող եւ դրսեւորող, անոր գիտակցական եւ ենթազգայական արժեհամակարգը կազմաւորող ապրըուած-ձեռք բերուած-որդեգրուած-ժառանգուած, ուստի եւ՝ իմաստաւորուած ազդակներու համապարփակ փաթէթը:

Եւ վերջապէս, ամփոփելով չորս գլուխներէ կազմուած գիրքը, Անդրանիկ Տագէսեան, ցոյց տալով հայութեան բոլոր ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները, կը խօսի նաեւ տագնապներուն եւ անկումին մասին, որ այսօր կը դիմագրաւէ հայութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան եւ առհասարակ քրիստոնէութեան ապագան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ… Հեղինակը այսպիսի մտածումներ ունի. «Վերջին տասնամեակի Միջին Արեւելքի մեծագոյն փոփոխութիւններէն կարելի է համարել փոքրամասնութիւններու նուազում-առաւել անշքացումը՝ քաղաքական-զինուորական-ընկերային-ժողովրդագրական-տնտեսական-մշակութային-արհեստակցական բոլոր բոլոր ոլորտներուն մէջ: Փոքրամասնութեանց եւ քրիստոնէական անշքացումը բարոյահոգեբանական մեծ ընկճախտ պատճառած կը թուի ըլլալ շրջանի փոքրամասնութիւններուն, ի միջի այլոց նաեւ հայութեան: Դժբախտաբար, սակայն հայկական տիեզերքին մէջ արձանագրուած դրական քայլերը, նուաճումները, չափազանց անբաւարար են սպեղանի դառնալու, ամոքելու եւ կորով ներշնչելու Միջին Արեւելքի հայութեան, հակառակ որ անոր շրջանի հայութիւնը յարաբերաբար նուազ կը տառապի, քան գաղթականութեան ցուպը ձեռք առած տեղաբնիկ գաղթականները:

Խաւարին մէջ իսկ կարելի է լոյս երազել, լոյսին տեսիլքը ունենալ:

Իսկ հայկական տիեզերքին միայն կարգ մը երեսակները մութ են: Անդին կան լուսաւոր շերտեր: Պարտինք լուսաւոր այդ գօտիները համատեղել, դարձնել ծիածան, վերածել դրամագլուխի ու հաւատքով, պայծառատեսութեամբ կերտել անոնց վրայ», կ՚եզրակացնէ հեղինակը:

Այսօր՝ Լիբանանի աննախադէպ տագնապի այս օրերուն, խիստ այժմէական է եւս մէկ անգամ թերթել Անդրանիկ Տագէսեանի լիբանանահայ կենսապատումը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019