ԿՕՇԿԱԿԱՐԸ

Ձեռքերը գրպանը դրած, մատները բանալ-գոցելով կը քալէր ձեան կարծրացած շերտին վրայէն։ Զառիվարը կ՚՚իջնէր մայթով, որ վտանգաւոր էր այդ եղանակին։

Արտաշնչածը կը սպիտակէր անմիջապէս, ծուխի պէս վեր կը բարձրանար։ Ամիս մը առաջ մահացած ծերունի հայրը կը յիշէր, որ յամառօրէն շարունակած էր ծխել մինչեւ վերջ։

Փոքր սահումներով, անոնց հետ արթնցող մեծ վախի կարճ ակնթարթներով, եւ ընկերակցող մեղմ հայհոյանքներով ձեւով մը հասաւ մինչեւ վար, «մինչեւ ոտքը սա վատ փողոցին», ինչպէս կ՚ըսէր հայրը ծերունի։ Շունչ մը քաշեց, ուղղեց տաբատն ու բաճկոնը, ամրացուց ձեռնոցները, եւ շարունակեց դէպի ձախ դարձող ճանապարհով։

Քիչ անց, վերջապէս հասաւ խանութ։

Աջ ձեռքը հանեց գրպանէն, մատները տարաւ ատամներուն, բռնեց քաշեց ձեռնոցը, կախուած պահեց բերանէն։ Ազատեալ ձեռքը տարաւ կրծքին, քիչ մը իջեցուց բաճկոնի ճեղքը, այնքան մը միայն, որ բաւարար անցք բացուեր մատներուն համար մտնել սուզուիլ ու հասնիլ գրպանին, քաշել մէջէն պղինձէ հին բանալին։ Քիթէն բերնէն դուրս եկող ամպիկին մէջէն հետեւեցաւ ձեռքին, բանալիին, մինչեւ դրան բերանը. յարմար դիրքին հասցնելով՝ ուշադիր սահեցուց ներս, երեք անգամ դարձուց ժամացոյցի ուղղութեամբ։ Ոտքերը դրան սեմի փայտին զարնելով ազատեց զանոնք ձիւնէն, ինչքան կարելի էր, եւ մտաւ խանութ։

Վառեց լամբը։ Օֆ մը քաշեց։

Դիմացը հօր նկարն էր. բարի, անմեղ, սիրալիր։ Ամէն ինչ տուեր էր իր ու քրոջ, Սոնայի համար։ Տուն, տեղ, կրթութիւն, սէր, եւ խանութն այս ահա։ Խանութն այս ուր կու գար ամէն օր, նոյնիսկ կիրակի, կօշիկ կարելու։ Խանութն այս ուր... վերջին անգամ կու գար այսօր։ Ամիսներէ ի վեր տեւած դատը հասեր էր աւարտին. պարտուեր էր։ Տարիներու ընթացքին աջ եւ ձախ կողմերէն կամաց-կամաց մօտեցեր, իրեն հասեր էին բարձրացող այդ նոր շէնքերը, ուր չես գիտեր ո՞ր կողմերէն եկած քոսթիւմաւոր մարդիկ ելումուտ կ՚ընէին ամէն օր։ Մնացեր էր խանութն իրենց, որ, սիկարէթի հանդէպ իր սիրուն պէս յամառօրէն պահեր էր հայրը։ Հիմա հասեր, սեղմեր էին զինք երկու կողմէն, պատրաստ կլանելու, պատրաստ ուտելու, փոշիացնելու ապրուստի վայր մը եւ աւելին. ընտանեկան յիշողութեան բոյն մը, պատուոյ խրճիթ մը ամբողջ։

Կօշիկները, գործիքները, այլեւայլ իրերը երէկ հաւաքեր էր արդէն։ Այսօր կը մնար պարպել, տանիլ քանի մը տուփն այդ տուն, ձիւնէ դաժան փողոցն ի վեր։ Նստաւ սեղանին, աչքով անցաւ անոր վրայ մնացած մուրճի հետքերուն, կաշիի մանր կտորներուն վրայէն։ Հանեց գրպանէն փոքր շիշ մը, բացաւ, նայեցաւ հօր նկարին. ներողութիւն խնդրեց բարձրաձայն, շիշը տարաւ շրթներուն, առաւ ումպ մը, որ չկրցաւ կուլ տալ։ Հեղուկին եկած էր հակադրուիլ ուրիշ ալիք մը, որ ներսէն կը խեղդէր։ Եւ ինկաւ սեղանին, վերջին անգամ մը արձունքովն իր լուալու համար զայն կարծես։

Մի քանի ժամ ետք զարկին դուռը։ Բացաւ։ Չնայեցաւ իսկ մտնողի երեսին։ Հաւաքեց տուփերը եւ եկաւ դուրս, առանց ետեւ նայելու։

-«նկարը մոռցեր էք, պարո՛ն…», ըսաւ ձայնը երիտասարդին։

-«անոր տեղը հոս է», ըսաւ ու քալեց։

Գիտէր, որ երկու օրէն ամէն ինչ փլէին պիտի։ Ըսեր էին նաեւ, որ «ինչ որ կ՚առնես ա՛ռ տա՛ր, մնացածը գետնին հաւասարի պիտի»։ Բայց ինչպէ՞ս հանէր հայրն այնտեղէն։ Ինչպէ՞ս նայէր անոր աչքերուն մէջ յետոյ։ Անոր տեղը հոն էր, հոն եղած էր միշտ… ու մնար պիտի։

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019