ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ
Հակադրութիւններ տեսնելու մարդ արարածի ընդհանրութեան մէջ այնքան է տարածուած, որ ամէնուր զայն ելակէտի հետ է փոխարինուած. Սեւի դէմ՝ ճերմակը, գիշերուան դէմ՝ ցերեկը, բարութեան դէմ՝ չարիքը, մահուան դէմ՝ ծնունդը… Մինչդեռ զիրար պայմանաւորող երեւոյթներ, գործառնութիւններ, իրողութիւններ են. մէկ խօսքով՝ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ: «Ե՛ւ դաշտ է արեւանիստ ե՛ւ խաւարով յղի մի անտառ»:
Այս իրականութեան մէջ կը ծնինք, կ՚աճինք, կը դաստիարակուինք, սակայն ամէն մէկ անհատ ըլլալով ուրոյն էակ, տրուածներէն կ՚ընդունի եւ կ՚իրագործէ միայն ա՛յն ինչ իր խառնուածքին յարիր է։ Այսպէս նոյն դասարանի աշակերտներէն կ՚ունենանք ե՛ւ առաջնակարգ ե՛ւ նուազ յաջողներ, մինչեւ իսկ … դասարանը լքողներ, որոնք գուցէ ա՛յլ մարզի մէջ, պիտի ըլլան առաջնակարգ, կեանքի բովին մէջ:
Հետաքրքրական օրինակ մը կարդացի.- «մենք ինքնաշարժի գործարան չենք, ուր (ըսենք) հինգ միլիոն ինքնաշարժ նոյն մակնիշով կ՚արտադրուի». այսինքն՝ մենք տարբեր ենք եւ ամէն մէկս ուրոյն անհատ: Ինչն է որ կը պակսի մեզի, պարզապէս համայնակողմ ըլլալն է, որով պիտի կարենանք տեսնել ամբողջութիւնը եւ ըսել բնութեան՝ ա՛յս է որ կայ ու մենք՝ որպէս արդիւնք՝ ենթակայ հսկայ դրուածքի մը, ընդունիլ զայն ինչպէս որ կայ: Ան ան է Դուն դուն ես, Ես ես եմ… որոնցմէ՝ ՄԵՆՔ:
Անցեալով վկայուած ու փորձարկուած բանականութեան պտուղները գործնականին մէջ կ՚ըլլան անիրագործելի՝ նոյնի՛սկ զանոնք յղացողներուն ու բարոյագէտներու կողմէ, որոնք գրութեամբ, բեմերէ եւ ընկերային թէ եկեղեցական, կ՚արտայայտուին, կը յորդորեն, կը խրախուսեն եւ սակայն գործնականին մէջ պղպջակի նման կ՚անէանան, երբ իրողական դաշտ իջնեն. եւ.- ահա կնճիռը որ պէտք է հարթուի, որուն համար դարերը բաւական չեղան։ Փաստ՝ ինչ որ հասած է մեզի անցեալէն հեռաւոր թէ մօտաւոր, եւ այսօրերն ալ պիտի միանան երէկին, ըլլալով անցեալի մէկ շարունակութիւնը, ուր սրտցաւ քաղաքացի մը պիտի կրկնէ նոյն միտքերը վերասլաց, տարբեր լեզուներով, օրինակներով ու դարձուածքներով եւ… աւարտելու համար կ՚ոգեկոչեմ Գեղամ Սեւանի գիրքերէն մէկուն խորագիրը.- «ՍԵՒ ԾՈՎԸ ՆՈՅՆՆ Է ՄԻՇՏ»: Հուսկ՝ պէտք է լողալ սորվիլ. Եթէ ցամաք է, չսողալ. այլ՝ պայքարիլ ու դիմանալ.- «ԱՊՐԻԼԸ ՅԱՂԹԵԼ Է» այս մէկն ալ նահատակ մտաւորական, բանաստեղծ, գրող Ռուբէն Սեւակէն է:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան