ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

Նոր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով դարձեալ կը դիմաւորենք Նոր տարին։ Մարդիկ ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս ետին կը ձգեն ձեռքբերումներն ու կորուստները, բայց նաեւ վերաքննելով իրենց գործած բարի արարքներն ու սխալները։ Առանց թերահաւատութեամբ կը բանանք մաքուր, սպիտակ էջ մը, որու առաջին տողերը կը տրամադրենք մեր ուրուագծած նոր հորիզոններուն, ծրագրերուն, նոր ուղիներուն, սպասումներուն՝ անդորր, խաղաղ, յաջող ու համերաշխ կեանք մը ունենալու ուղղութեամբ… Անշուշտ կարելի է երկարել ցանկը, քանի որ այն կը տարբերի անձէ անձ։ 

Եթէ հարց տանք ոեւէ մէկուն, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Նոր տարին, բոլորի պատասխանը վստահաբար կը տարբերի իրարմէ։ Նոր տարին կը նմանցնեմ շոգեկառքի մը. շոգեկառքը կը հասնի մեզ տանելու համար նորանոր հանգրուաններ, որոնք երբեմն մեզ կը մատնեն տխուր զգացումներու եւ երբեմն ալ կը պատճառեն ուրախութիւն, հրճուանք։ Կան հանգրուան-ներ, որոնցմով կը պարտաւորուինք հրաժեշտ տալ մեր կեանքի որոշ փուլերուն կարեւոր դեր ստանձնած անձերուն, մեր սիրած իրերուն եւ կան հանգրուաններ, որոնք մեր գանձանակին կը յաւելեն նորանոր փորձառութիւններ, նոր գիտելիքներ, նոր դէմքեր, յիշատակներ... Կարճ խօսքով՝ իւրաքանչիւր հանգրուան մեզի կ՚ապացուցանէ թէ՛ շնորհուած գեղեցկութիւնները եւ թէ կեանքի անգութ ու դաժան պայմանները։

Ահաւասիկ, տարուայ ամենափայլուն ու, կարելի է ըսել, ամենանշանաւոր ժամանակաշրջանը հասաւ։ Նոր տարին առիթ կ՚ընծայէ մեր հարազատ բարեկամներուն ու պարագաներուն հետ միանալու՝ մէկտեղուելու, ըստ աւանդութեան, գունագեղ խաղալիքներով տօնածառը շտկելու, մեր սիրելիներուն հաղորդագրութիւն եւ կամ զարդարուն քարտեր ուղարկելով կիսելու մեր բերկրանքը ու յայտնելու բարեմաղթանքներ։ Այս եզական տօնը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ մանաւանդ փոքրիկներու համար. ամիսներով, անգնահատելի զգացումներով կը սպասեն ու կ՚երազեն Նոր տարուայ օրը՝ որպէսզի համտեսեն համով ուտելիքներ, իրենց ընկերներուն ու ընտանիքի անդամներուն հետ համախմբուին, ունենան հաճելի ժամանց եւ ստանան նուէրներ։ Անշուշտ բախտաւոր են այն երեխաներ, որոնց կողքին են իրենց ծնողները, սակայն պէտք է չանտեսել սա իրողութիւնը, թէ այդ բախտը չունեցող բազում երեխաներ գոյութիւն ունին երկիր մոլորակին վրայ։ 

Ես ալ նոյնպէս ամիսներ առաջուընէ կը սկսէի անհամբերութեամբ, թեւատարած սպասել Նոր տարիին։ Միշտ բախտաւոր նկատած եմ ինքզինքս, որովհետեւ մաս կը կազմեմ բազմանդամ ընտանիքի մը, որոնցմէ շատերուն հետ դեռ կը բնակինք նոյն շէնքի երդիքին տակ։ Իսկ մնացեալն ալ սփռուած են աշխարհի չորս կողմերը, անոնցմէ ոմանք երբեմն առիթը կ՚ունենային մեր մօտ ներկայ գտնուիլ նոր տարուայ գիշերը։ Մեր տօնածառը զարդարուած ու շտկուած կ՚ըլլար ամիս մը առաջուընէ, որովհետեւ հայրս, մայրս, ես եւ քոյրս մեծ հաճոյքով, ուրախութեամբ ու տօնական բարձր տրամադրութեամբ կը տեղաւորէինք զարդերը եւ խաղալիքները. կարծէք մեր տան նոր շունչ մը կու գար։ 30 դեկտեմբերին եւ երբեմն աւելի վաղ կը սկսէր նոր տարուայ պատրաստութիւնները։ Մեր տան խոհարարը հայրս էր։ Հայրս ու մայրս իրարու օգնելով կ՚եփէին՝ կը պատրաստէին բազմատեսակ համով ճաշեր, որոնք կը կախարդէին համտեսողները։ Ճաշասեղանը նոյնիսկ աւելի կը հարստանար մեր հիւրասիրած ազգական եւ բարեկամներուն բերած՝ իրենց պատրաստած ուտելիքներով, անուշեղէններով, միրգերով… 

Առաւօտուն կանուխ կ՚արթննայինք մեր հոգւոյն խորքերուն մէջ զգալով մեծ ուրախութիւն։ Գոյնզգոյն լոյսերով, խաղալիքներով, զարդերով, կաղանդ պապիկներով զարդարուած մեր տան ջերմութիւնը նոյնիսկ երեւելի կ՚ըլլար փողոցէն։ Եռուզեռի մթնոլորտին մէջ, ժամեր համրելով նոր տարուայ երեկոյեան համար տենդագին աշխատանք կը տանէինք անհրաժեշտ ամէն ինչ ընելու եւ անթերիօրէն ընդունելու հիւրերը. ճաշասեղանին կը տեղաւորէինք ժամեր առաջ պատրաստուած կերակուրներու պնակները, կը հագուէինք մեր ամենագեղեցիկ հագուստները, հեռատեսիլէն կը բանայինք Նոր տարուայ առթիւ հաղորդումներ։ Շնորհք մըն էր պարգեւուած՝ տաքուկ տանիքի մը տակ, ընտանիքի անդամներով դիմաւորել Նոր տարին։ Տօնական սեղաններու շուրջ բաժակ կը բարձրացնէինք ճանապարհելու համար անցեալ տարուայ բոլոր նեղութիւնները։ Ընթրելէ յետոյ ամէնքս մէկ կը զուարճանայինք զանազան խաղերով, միասնաբար կ՚երգէինք, կը փոխանակէինք նուէրներ, կը դիտէինք ամանորեայ աւանդութիւն դարձած հրավառութիւնները, յետոյ գիրկընդխառնուելով կը շնորհաւորէինք Նոր տարին։ Քանի մը ժամուան համար կը մոռնայինք մեր բոլոր խնդիրները։

Ամէն սկիզբ վերջ մը ունի անշուշտ։ Գիշերուայ աւարտին յոգնած, սակայն խանդավառուած հոգեվիճակով մեր գլուխը կը դնէինք բարձին։ Քնանալէ առաջ հայրս իր ազնիւ յորդորներով մեզ կ՚ոգեշնչէր նորանոր նուաճումներու ձերքբերման, մեր կեանքը ուղիղ ճամբու վրայ յառաջացնելու եւ մանաւանդ ազգին ու մարդկութեան ծառայող բարեսիրտ, հասկացող, ճշմարտախօս ու անաչառ անհատներ ըլլալու համար։ Օրինակելի անձ մըն էր ան, որ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու համար ուժ կու տար մեզի։ Նա՛մանաւանդ տօնական օրերը մեր ուրախութիւնն ու հրճուանքը կը բազմապատկուէր իր փայլուն դէմքով՝ իր ամէն ինչով։  Քանի-քանի տարիներ նոյնպէս շարունակեց մեր այս ընտանեկան աւանդութիւնը։ 

Տարիներու արագ վազքով աւելի երեւելի դարձած էին ամէն մէկ տարուայ հօրս դէմքին թողած յաւելեալ խորշոմները։ Գետի մը նման կը հոսին տարիները եւ սա հարցումը կը զբաղեցնէր միտքս.

«Ինչո՞ւ կը ծերանանք»։

Արդեօք ժամանակի նախանձոտ նայուա՞ծքն է, որ մեզ կը ծերացնէ։ Ի՞նչ է ժամանակը. ան ջո՞ւր է, որ գետի մը նման արագ կը հոսի, թէ՞ գող մը՝ որ չունի շուք կամ հետք։ Չենք կրնար իմաստաւորել ժամանակը, բայց նաեւ չենք կրնար անտեսել ժամանակի ընթացքին մեր կորուստները, մեր առջեւ դրուած փորձութիւնները։ 

Վախ մը շրջապատած էր հոգիս, զինքը կորսնցնելու վախը, անգամ մը եւս իր դէմքը տեսնելու չարժանանալու վախը…

Տարիքով մեծնալ չի նշանակեր միայն ֆիզիքապէս հասուննալ։ Մեր կեանքի որոշ փուլերուն կը զուգադիպինք հակասական երեւոյթներու եւ փորձութիւններու, որոնցմէ անսասան դուրս գալու ջանալով մարդ կ՚անդրադառնայ աշխարհի իրողութիւններուն, կը զօրանայ թէ՛ միտքով, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մարմնապէս։ Երեխայ մը նոյնիսկ իյնալով կը սորվի ոտքի կանգնիլ, հետզհետէ կը սորվի նաեւ՝ նեղութիւններու դէմ անսասան մնալ։ 

Ահաւասիկ հասաւ տարի մը եւս, որ իր ուղեցոյց խօսքերէն, իր շուրջը ճառագայթող խնդումերես դէմքէն, իր ապահով գիրկէն զուրկ մնացած եմ։ Հարազատի մը վախճանումը անկասկած հոգեկան տառապանք ու անբացատրելի ցաւ կը պատճառէ, սակայն մահը կեանքի անխուսափելի ու անբաժանելի մէկ երեսակն է՝ անընդունելի իրողութիւն մը։ Գիտենք, որ արմատները թուլացող դարաւոր կաղնիներ պարտաւոր են տապալելու։ Իր առողջական վիճակը մտահոգիչ էր, սակայն արտաքինով՝ հուժկու կեցուածք ունէր։ Գիշերները գոնէ երազներուս մէջ տեսնելու փափաքով կը քնանամ, յիշողութեանս խորքին կը պահեմ անոր դիմագիծը, պատուէրները… Ամենահիասքանչ եւ կամ ամենաբազմամարդ տեղեր գտնուինք, կը զգանք առանձին եւ չենք կրնար յագեցնել մեր հոգեկան կարիքները, եթէ մեր կողքին չունենանք մեր սիրելիները։ Մեր սիրելիներու կորուստը, հեռացումը դառն կսկիծ կը պատճառեն անտարակոյս, սակայն անոնց բարի յիշատակը յաւերժացնելու համար, միշտ պէտք է ի մտի ունենանք անոնց խրատներն ու թելադրանքները, որպէսզի չմոլորինք, յաջողինք մեր կեանքի ուղիին վրայ։ Ցաւը չի վերջանար, սակայն ժամանակի թաւալումով կը սորվինք վարժուիլ՝ քայլ յարմարցնել կեանքի պայմաններուն։ 

Յամենայնդէպս, անցեալի բոլոր դժբախտութիւնները, դժուարութիւններն ու թշուառութիւնները ետին թողլով ոտք կը դնենք Նոր տարուայ շեմէն ներս՝ մանաւանդ պէտք եղած կարեւորութիւնը ընծայելով վերանորոգման խորհուրդին։ Պէտք է փոխուիլ ոչ միայն արտաքնապէս, այլ՝ ներքնապէս։ Նորոգութեան անհրաժեշտութեան անդրադարձողներ անպայման պիտի գիտակցին, թէ նորոգութիւնը կ՚արդիւնաւորուի զարգացմամբ։ 

Մեր շուրջիններու հետ յարաբերութիւնները բարելաւելով՝ մեզ վշտացնողներուն ներելով ու նոյնպէս մեր գործած յանցանքի մը համար անվերապահօրէն ներողութիւն խնդրելով, լաւատես ըլլալով ու սըր-տաբուխ ողջագուրուելով կը յառաջանանք այգաբացի մը։ Թոյլ պէտք չէ տանք յուսալքութիւններու, խոչընդոտներու, որպէսզի իրենց ծանրութեամբ ցնցեն մեր երազները իրականացնելու փափաքն ու եռանդը։

Նոր տարին դարձակէտ մը ըլլայ մեր կեանքը կարգաւորելու, հաւանական որեւէ անելէ փրկուելու ու անոնց դիմադրելու, տոկալու ուժը մեր մէջ զգալու, վերաթարմանալու, մեր կիսատ թողած գործերուն նորովի սկսելու տարին։ Պէտք է ժամանակը չմսխել, այլ՝ արժեւորել ու արդիւնաւորել զայն բեղուն գործունէութեան ձգտումով։ 

2019-ին պատահած թէ՛ դրական եւ թէ բացասական դէպքերը արձանագրուեցան պատմութեան էջերուն։ 2020 թուականը թող բոլոր մարդկութեան համար ըլլայ խաղաղութեան, համերաշխութեան, հարցերու լուծման, ջանքերու արդիւնաւորման զարթօնք մը։ 

Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորի Նոր տարին…։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019