ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՏՕՆԱԽՄԲԵՑ 2020 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը Ամանորի առթիւ հանդիսութիւն մը կազմակերպեց Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Դպրոցի սաները յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Դպրոցի ուսուցչական կազմէն Պէաթրիս Աթմաճայի եւ Ասլին Տիշճիի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր հանդիսութիւնը։

Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Զեքիեան Գերապայծառ՝ բարեմաղթանքներ փոխանցելով Նոր տարուայ առթիւ։

Հանդէսի մասնակիցները արձակուելէ առաջ զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն եւ անկեղծ բարեմաղթանքներով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020