ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կեանքի հակասութիւնները զիրար ամբողջացնող իրողութիւններ են։ Արդարեւ, ամէն նեղութիւն եւ տրտմութիւն մարդուս մէջ կը վերածուին խորհրդաւոր ուրախութեան մը՝ հեռապատկեր մը եւ մեծութիւն մը ստեղծելով անոր ներաշխարհին մէջ։ Ուստի, յայտնի իրականութիւն մըն է, թէ «բարի»ն կը կանխէ «չարիք»ը եւ կը յաղթանակէ ի վերջոյ։ Եւ այս գիտակցութիւնը ունեցող ամէն մարդ ներքին ուրախութիւն մը, հաճոյք մը կը զգայ ցաւէն։
Չարը, իրականին, անկատար, կազմաւորուելու եւ լիանալու ընթացքին մէջ բարի՛ն է։ Ուրեմն, չարը ժամանակաւոր է, ի վերջոյ բարիի փոխուելու դատապարտուած է։ Սակայն այս մտածումին հաշտ չէ՛ միտքը շատ անգամ։ Երկու ճշմարտութիւններ կան. նախ՝ բարին ու չարը կը ծնին ու կը կազմաւորուին մարդկային կեանքի նո՛յն պարագաներէն, ուրեմն ուրախութիւնը եւ վիշտը կը բխին նոյն պատճառներէն։ Երկրորդ՝ կարելի չէ չարը բարիի վերածել իր հետեւանքներուն մէջ, այսինքն ցաւը վերածել ուրախութեան։ Սակայն վեհ հոգիներ, առողջ միտքեր կրնան տխրութիւնը եւ ուրախութիւնը զիրար ամբողջացնել տալ, եւ զանոնք հանդիսացնել որպէս զիրար ամբողջացնող իրողութիւններ։ Արդարեւ, Յիսուս իր երկրաւոր կեանքին մէջ միշտ ապրեցաւ երկու զգացումներով եւ վիճակներով՝ որոնք իրարու յաջորդեցին ընդհանրապէս։ Կեանքի երկու երեսները միանգամայն ապրիլ եւ զանոնք հաշտեցնել՝ իրապէ՛ս մեծ հոգիի մը գործն է։
Արդարեւ մարդ, իր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կ՚ապրի այս երկու զգացումները միանգամայն եւ իր տրտմութիւններուն ընթացքին կը մխիթարուի՝ մտածելով գալիք ուրախութիւնները, եւ այս պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան ապրի երկու հոգեվիճակներ միանգամայն։ Բայց այս անդրադառնալու հարց մըն է, ուստի տկար հոգիներ՝ տարուած ներկայ վիճակէն, չեն անդրադառնար երկրորդին, եւ ըսենք, միայն կ՚ուրախանան կամ միայն կը տրտմին։
Աշխարհ, մարդկային կեանքին մէջ, իր տրտմութեան եւ ուրախութեան շրջանները ունի։ Ուստի, եղած են շրջաններ՝ որ մարդիկ, հաւաքաբար լեցուած են վիշտով ու ողբերգութիւններով։ Բայց եղած են նաեւ շրջաններ՝ ուր մարդիկ մոռնալ փորձած են այդ ցաւերը՝ եւ իրենց կեանքը վերածած են երջանիկ, ուրախ եւ լուսաւոր ապրումներու։ Համայն մարդկութիւնը շրջան շրջան ապրեցաւ խաւար շրջաններ եւ նաեւ՝ լուսաւոր դարեր։ Եւ մարդկութիւնը այն համեմատութեամբ կը կատարելագործուի, կը զօրանայ եւ կը հասնի իր վերջնական բարձր նպատակին, երբ անդրադառնայ այս զգացումներուն՝ ապրի զանոնք միատեղ։
Արդարեւ, իր գոյութեան գիտակցութիւնը ունենալ կատարելութիւն է, հաւատարմութիւն իր կոչումի՛ն։
Արդարեւ, կեանքը այն ժամանակաշրջանն է՝ ուր մարդ որպէս էակ գոյութիւն ունի, կայ, ուր կը բնակի եւ ըստ սուրբ գրային ասացուածքին, այսինքն սեմական ըմբռնումին, մարդ «կ՚իջեւանէ»։ Կեանքը մարդուն թաքուն կեդրոնն է, ան անհասանելի կը մնայ թէ՛ մարդկային միտքին եւ թէ «ուրիշ»ին համար։ Միայն Աստուծոյ Հոգին է, որ կրնայ զայն խորազննել, ճանչնալ եւ ուղղութիւն տալ։
Կեանքը մարդուս «որոշում»ին շրջանն է՝ թաքնուած իր հոգեկան, մտային եւ մարմնաւոր ձգտումներուն խորը։ Կեանքը շրջանն է, ժամանակն է ճշմարտութեան՝ հոն ուր մարդս ապրելու իրաւունք կը ստանայ եւ սահմանները կը սկսին «ծնունդ»ով եւ կը վերջանան «մահ»ով։ Կեանքը հանդիպաշրջանն է, ժամանակը՝ ուր Աստուծոյ պատկերին նման, մարդն ալ կ՚ապրի յարաբերումի ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Կեանքը պա՛հն է ուխտին։ Կեանքը առիթ մըն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ ուխտի յարաբերութեան։ Ան միատեղ գո՛րծն է Աստուծոյ եւ մարդուն։ Միութեան մէջ՝ ուր Աստուծոյ կամքը կը կատարուի։ Կեանքը կը բխի Սուրբ Հոգիէն ե՛ւ ամբողջովին կ՚ուղղուի դէպի Հայրը։
Կեանքը, ըսինք առիթ մը, միջոց մըն է այնքանով, որ ան «հաղորդութիւն» մը ըլլայ Աստուծոյ հետ՝ Աստուծոյ անհուն Սիրոյն մէջ…։
Կեանքին ամբողջ պարունակը՝ Աստուծոյ Սիրոյն պարունակն է։ Կեանքը Աստուծոյ Սիրոյն արդիւնքն է։
Արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրով Աստուած ամէն էակ ոչինչէն գոյութեան, այսինքն կեա՛նքի կը կոչէ։ Եւ մարդ էակը, զինք գոյութեան, այսինքն կեանքի կոչումը ընծայողին բաղձանքը իր մէջ կը պահէ։ Կեանքը, ահաւասիկ այս բաղձանքին իրականացման ժամանակամիջո՛ցն է։
Մարդ, կեանքը կ՚ապրի մեկնելով նախ արարչագործութեան իրականութենէն։ Այս իմաստով՝ կեանքը «երթ մըն է Աստուծոյ հետ»։ Ուստի Աստուած, կեանքի կոչած կենդանի արարածներուն հետ իր անքակտելի ուխտով, միշտ կը կանչէ, որ կենդանի յարաբերութեան մէջ ըլլան Իրեն հետ։ Աստուած Իր ստեղծագործութեան ծրագիրը կը վստահի մարդուն՝ անոր տուած «կեանք»ին միջոցով։
Եւ Աստուած «նոր կեանք»երու կոչերով կը նորոգէ, կենդանի կը պահէ իր խոստումը։ Այս խոստումը կը սկսի Օրէնքով եւ իր լրումին կը հասնի Քրիստոս Յիսուսով՝ «միակ Միջնորդով Աստուծոյ եւ մարդոց», ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա. ՏԻՄ. Բ 5)։ Եւ Աստուած միշտ նախաձեռնողը կ՚ըլլայ՝ մարդս կոչելով կեանքի, Ան կը խօսի մարդուն հետ «կեանք»ի մէջ, որպէս հայր մը իր զաւկին հետ…։
Եւ իրական ու կատարեալ կեանքը ահաւասիկ, ա՛յս է. ծնունդի եւ մահուան նման՝ ապրիլ թէ՛ ուրախութիւն, թէ՛ տխրութիւն, զգալ երկուքն ալ միանգամայն եւ այդ հակասական զգացումները ներդաշնակել իր մէջ։
Ուրեմն, սիրելի ընթերցող բարեկա՛մ, մարդ պէտք չէ՛ անտարբեր ըլլայ կեանքի ամէն երեւոյթներուն նկատմամբ, պէտք չէ գոցէ իր աչքն ու ականջը աշխարհի նկատմամբ եւ պէտք չէ պարտուիլ նեղութիւններէն, ցաւերէն, վիշտերէն, քանի որ յոյսը կա՛յ միշտ ուրախութեան, պէտք չէ միշտ խաւարը տեսնէ, այլ պէտք է տեսնէ նաեւ կեանքին միւս երեսը՝ լոյսը, լուսաւոր կողմը, նոյնիսկ եթէ ան շատ հեռու ըլլայ իրմէ…։
Ուրեմն, սիրելի բարեկա՛մ, երբեք մի՛ թողուր, որ կեանքի այս երկու երեսները, ըսենք՝ ծայրերը իրարմէ հեռանան։ Կեանքը հակասութիւններով եւ բոլորովին հակադիր արժէքներով լեցուն է. վիշտ ու բերկրանք, հարստութիւն ու աղքատութիւն, յաջողութիւն ու ձախորդութիւն, չարն ու բարին կը կազմեն կեանք ամբողջութիւնը, լիութիւնը, իրականութիւնը։ Առանց մէկուն եւ առանց միւսին կարելի չէ ապրիլ կեանքը՝ իր ամենալայն իմաստով։ Կարեւորը զանոնք կարենալ ներդաշնակելն է՝ ապրիլ երկու հակասական ապրումները կեանքին, եւ չնուաճիլ կեանքի ցաւերէն, բայց չչափազանցել նաեւ ամէն ուրախութիւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 25, 2015, Իսթանպուլ