ԲԱՄԲԱՍԱՆՔ՝ ԲԱՆՆ ԱՍԱՆԿ
-Բամբասկոտութիւնը ամենէն տգեղ սովորութիւնն է։
-Ո՜հ, ես ալ բնաւ չեմ կրնար հանդուրժել բամբասկոտ մարդոց,- հոգւոյն խորքէն հառաչ քաշելով, դժկամ ու անգոհ դէմքով խօսակցութիւնը պաշտպանեց երկրորդ մը։
-Յիրաւի, կան մարդիկ, որոնք իրենց բանն ու գործը թողած կը հրճուին բամբասելով մէկը,- հետաքրքրական խօսակցութեան խառնուեց երրորդ մը։
-Ա՜խր ես չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս կարգ մը մարդիկ կը սիրեն խառնուիլ կամ աւելի վատ՝ իրենց քիթը «խոթել» ուրիշի մը գործերուն մէջ,- ոգեւորուեցաւ առաջինը։
-Զոր օրինակ, ես երբեւէ չեմ համարձակիր մէկու մը մասին բամբասել…- մէջբերեց խօսակիցներէն մին։
Համաշխարհային ջերմացման պատճառաւ ձմրան ամիսներուն այլեւս սովորական երեւոյթի մը վերածուած է տաք եղանակը։ Պուրակի մը մէջ նստարանին նստած, վայելելով շողացող արեգակի հոյլ ճառագայնթներուն ջերմութիւնը, աննկատ՝ բամբասանքէն, կը բամբասէին քանի մը երիտասարդ կանայք։ Անոնցմէ ոչ մէկը նշմարեց, որ ինք այդ պահուն կը զբաղի չսիրած սովորութեամբ։
Յիրաւի, իւրաքանչիւր անձի համար տանելի չէ բամբասանքը, սակայն անկարելի է, որ չբամբասէ։ Նկատած էք, թէ մեծաւ մասամբ, բամբասել, բամբասանք, «բամբասկոտ» ածականէն կը տարակուսին իրենք իսկ բամբասկոտները։ Ե՞ս, հարկաւ։
Կամ ալ ո՞վ կրնայ համարձակիլ բամբասկոտի մը դէմքին շպրտել իր բնութագիրը. թերեւս ո՛չ մէկը։ Մենք ուշադիր մտիկ կ՚ընենք վերջիններս, այնուհետեւ ծածուկ զանոնք կը պիտակաւորենք համապատասխան ածականով մը։
Գիտեմ, որ շատեր բամբասանքը կը նկատեն որպէս բացասական տեղեկատուութեան կամ ապատեղեկատուութեան տարածում։ Բաց աստի, ան կրնայ առիթ հանդիսանալ խռովութիւններու եւ գժտութիւններու, կամ առնուազն այդպիսի տրամադրութիւններու ստեղծման։
Իսկ ո՞րն է իմ կարծիքը։
Իմ կարծիքը կը տարբերի։ Ըստ իս, բամբասանքը դրական նշանակութիւն ունի հասարակութեան մէջ խումբերու կապը պահպանելու, հաղորդակցելու համար։ Իսկ այս չարախօսութեան հետ մեր յարաբերութիւնները նախանձելի չեն։ Ես կը փորձեմ հնարաւորինս խոյս տալ նմանատիպ մարդոցմէ ու խօսակցութիւններէ։
Շատ կը սիրեմ բամբասանքը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ բամբասելը։ Ինծի համար բամբասանք կը նշանակէ՝ բանն ասանկ է։ Ան համեմունք մըն է, որ իւրայատուկ բոյր կը պարգեւէ մեր շփումներուն։ Բամբասանք բառին որպէս հոմանիշ ես կ՚ընտրէի՝ հետաքրքրուիլն ու հետաքրքրասիրութիւնը։ Ա՜խր ծանօթ մը հանդիպած ատեն ինչպէ՞ս չհետաքրքրուիլ նախ վերջինիս որպիսութեամբ, այնուհետեւ անոր եւ քու ընդհանուր ծանօթներուն ու բարեկամներուն։
Գիտէ՞ք, որու հետ կը սիրեմ բամբասել։ Իմ դասընկերներուս։ Բաց աստի, շատ կը սիրեմ մտիկ ընել իմ մանկութեան ջերմաշունչ թաղամասին մէջ մինչեւ օրս բնակող մեր դրացիներու բամբասանքը։
Դասընկերներուս հետ հազուադէպ մէտեղուելով լիաթոք կը խնդանք ու կ՚ուրախանանք, իսկ երբ բանը հասնի բամբասանքին՝ մթնոլորտը կը շիկանայ.
-Գիտես մեր դասարանի «Ա.» ամուսնացաւ։ Կը յիշէք վերջինս դպրոցական տարիներուն որքան ինքնամփոփ աշակերտուհի մըն էր։ Միշտ կը նստէր վերջին նստարանին ու չէր շփուեր մէկու մը հետ, շատ ամաչկոտ էր։ Դասընկերներուն ալ բարեւած ատեն այտերը կարմրաւուն երանգ կը ստանային։ Ո՞վ կը պատկերացնէր, թէ մեր դասարանէն առաջինը կ՚ամուսնանայ այդ ամօթխած աղջիկը,- ձայնին մէջ զարմանքը շեշտած կը նկատէր մեր ընկերուհիներէն մին։
-Տեսնես մեր միւս ընկերները ինչո՞վ կը զբաղին,- կը հարցնեմ ես։
-Վերջերս իմ տունդարձի ճանապարհին պատահական հանդիպեցայ «Ռ.»ին։
-Մեր դասարանի գանգրահե՞րը։
-Այո՛, այո։ Երկար զրուցեցինք, ըսաւ որ նպատակ ունի առաջադրելու իր պատգամաւորական թեկնածութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
-«Ռ.» առաջին դասարանէն սկսեալ շատ աշխատասէր ու նպատակասլաց էր. կը ձգտէր դէպի բարձունքներ։ Ուրախ եղայ իմանալով, որ ան կրցաւ հասնիլ իր բաղձանքին,- գոհունակութեամբ շտապեցի այդ վարկեանին հասունցած իմ ուրախութեամբ կիսուիլ ես։
-Ճամբորդասէր «Մ.» ալ կը պտտի բոլոր աշխարհը։ Այժմ ալ իր կնոջ հետ հասած է Մալտիւներ,- կը շտապէ վերջին լուրերը մեզի հետ կիսուիլ մեր դասարանի չարաճճին։
Այնուհետեւ խօսակցութեան նիւթ կը դառնային մեր ուսուցիչները, դպրոցի տնօրէնը եւ ուրիշներ։ Բամբասանքով համեմուած զուարճախօսութեան ընթացքին կը յիշենք մեր դպրոցի պահակը՝ պահապան հրեշտակը, որ խնդումերես տարեց կին մըն էր։
Իսկ երբ քանի մը տարի անց կը հանդիպիմ մեր հին դրացիներուն, նախ կը հետաքրքրուիմ, թէ սա ընթացքին ինչպիսի՞ փոփութիւններ եղան իր կեանքին մէջ, այնուհետեւ, թէ մեր թաղամասէն ո՞վ ամուսնացաւ, դժբախտաբար ո՞վ աչքերը գոցեց կեանքին, որո՞ւն երեխան ծնաւ կամ ուրիշ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան մեր մանկութեան անկիւնին մէջ՝ իմ բացակայութեան ընթացքին։ Շատ կը սիրեմ, երբ մեր դրացիներէն գիրուկ տիկին մը, ամէն անգամ բարի ժպիտը դէմքին, հայեացք նետած հեռու անցեալին հանգիստ, առանց վարանելու ինծի սիրով կը պատմէ տարիներու անցուդարձը…
Ահաւասիկ ցամքեցաւ իմ բամբասանքի աղբիւրը։
Այսօրուայ համար այսքանը կը բաւէ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ