ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ժողովուրդը Սուրբ Սարգիսի տօնը նշած է բազում սովորութիւններով: Այդ օրը կը կազմակերպուէին զանգուածային ուխտագնացութիւններ դէպի Ս. Սարգիսին նուիրուած սրբավայրեր, որոնց թիւը բաւական շատ էր Հայաստանի մէջ: Այստեղ սուրբի յիշատակին համար մոմեր կը վառէին, կ՚աղօթէին: Ս. Սարգիսի ուխտէն վերադարձողը ճանապարհին մէկուն հանդիպելով սովորականի պէս չէր բարեւեր, այլ կ՚ըսէր. «Խաչը քեզ ողջոյն ղարկէ», իսկ հանդիպողը կը պատասխանէր՝ «Ողջ մնաս» բարեմաղթութեամբ:
Ս. Սարգիսին նուիրուած այդ սրբավայրերուն մէջ քիչ մը ջուր կը լեցնէին խաչին վրայ եւ այդ խաչլուայի ջուրով ու մեղրով կը պատրաստէին փոխինդէ կլոնդակ, որով կը լուծէին պահսքը:
Ս. Սարգսի տօնի նուիրական ուտեստը փոխինձն (խարկած ալիւրով, իւղով ու խաղողի ռուպով պատրաստուած ուտելիք) էր եւ խաշիլը (խարկած ալիւրով, ծեծած ցորենով, իւղով ու թանով պատրաստուած ուտելիք), որոնց գործածութիւնը նախընթաց հինգ օրերու ընթացքին կ՚արգիլուէր:
Շաբաթ առաւօտեան Ս. Պատարագ կը մատուցուէր եւ գրեթէ բոլորը եկեղեցի կ՚երթային: Ջաւախքի մէջ, օրինակ, այդ Պատարագը կը մատուցէր ոեւէ գերդաստան, որ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիի փրկութեան նպատակով հոգեհաց կու տար բոլոր չափահաս, մասնաւորապէս՝ տարեց մարդոց:
Սովորոյթին համաձայն, այդ շաբթուան ընթացքին մարդիկ ծանր գործեր չէին ըներ, ո՛չ ճախարակ կը մանէին, ո՛չ բուրդ կը գզէին եւ ոչ ալ լուացք կ՚ընէին: Կիները, մանաւանդ՝ աղջիկները, գլուխները չէին լուար, որպէսզի «Ս. Սարգիսի ձին չսայթաքէր օճառաջուրի վրայ»: Պահքի օրերուն աղջիկներն ու երիտասարդները հինգ օր կը հրաժարէին սովորական կերակուրէն՝ գոհանալով չոր հացով, որ կ՚ուտէին արեւամուտէն ետք: Միայն նման ժուժկալութեամբ կարելի էր արժանանալ սուրբի բարեգթութեան: Մէկ շաբաթ շարունակ, բացի պահք պահելէն, երիտասարդներու խօսակցութեան առարկան Ս. Սարգիսն էր: Տարիքոտ կանայք՝ մայրերն ու մեծ մայրերը կը պատմէին, թէ ինչպէս իրենք տարիներ առաջ մասնակցած էին Ս. Սարգիսի տօնին: Պահքի ուրբաթ օրը Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ բոված ցորենը երկանքով կ՚աղային, փոխինդ կը պատրաստէին ու շաղելով խաղողահիւթով, կը ճաշակէին: Ուրբաթ օրը պահքի վերջին օրն էր եւ հարսնցու աղջիկ ունեցող մայրերը այդ գիշեր յատուկ երգեր կ՚երգէին:
Այդ գիշեր երիտասարդները, յատկապէս աղջիկները, աղի բլիթ կ՚ուտէին, որպէսզի երազ տեսնեն: Անոնք կը հաւատային, որ Ս. Սագիսը այդ գիշեր կ՚որոշէ իրենց բախտը եւ ան, որ երազին մէջ ջուր տայ խմելու, պիտի դառնայ իրենց ապագայ զուգընկերը:
Ուրբաթ երեկոյեան գրեթէ բոլոր տանտիկինները ամանով չոր փոխինձ կը դնէին տան կտուրին կամ դրան ետեւ, մոմեր կամ կանթեղ կը վառէին, յուսալով, որ Ս. Սարգիսը պիտի այցելէ իրենց տուն՝ իր ձիու պայտին հետքը ձգելով փոխինդին վրայ: Պայտի հետքը երազանքներու իրականացման խորհրդանիշ էր: Տանտիրուհին այս փոխինդէն ետք խաշիլ կ՚եփէր, որ կը ճաշակէին տան բոլոր անդամները:
Ս. Սարգիսի տօնին երեխաները կը բարձրանային երդիքներու վրայ եւ երգելով անցքէն գուլպաներ կամ քսակներ կ՚իջեցնէին՝ նուէրներ ստանալու ակնկալութեամբ, որ գրեթէ միշտ կ՚իրականանար: Տանտիկինները սովորաբար անոնց մէջ կը դնէին այդ տօնի ծիսական կերակուրներէն եւ քանի մը մանր դրամ:
Շաբաթ առաւօտեան տեղի կ՚ունենար «աղջիկ ժողվրտանք»ը, երբ հարսնցու աղջիկները կը հաւաքուէին որեւէ տեղ, կը շնորհաւորէին զիրար, կը պատմէին ու կը մեկնաբանէին տեսած երազները: Այնուհետեւ կը սկսէր հացկերոյթը: Ատիկա հարսնցու աղջիկներուն ուրախութիւնն էր, անոնց հանգիստի տօնը, որ կը տեւէր մինչեւ երեկոյ: Անոնք կը պարէին, կ՚երգէին, կը կատակէին: Փեսացու տղաները այդ օրը կ՚աշխատէին ներկայ ըլլալ աղջիկներու հաւաքատեղիին մօտ: Երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը կ՚ուզէր տեսնել իր հարսնցուն, հանդիպիլ հաւնած աղջկան, քանի որ մեծերը Ս. Սարգիսի տօնին մեղմօրէն կը վերաբերէին այդ հանդիպումներուն:
Ս. Սարգիսի տօնի սովորոյթներէն էր նաեւ սուրբի անունը կրողներու անուանակոչութիւնը նշելը, անոնց նուէրներ մատուցելը, յատուկ հիւրասիրութիւն կազմակերպելը, այդ օրը ծնածները սուրբի անունով կոչելը:
Ս. Սարգիսի տօնէն մինչեւ Բուն բարեկենդան ժամանակահատուածը կը համարուէր հարսանեաց արարողութիւններու մեծ շրջան: Գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ հարսանիքներու նկատելի մասը կը կատարուէր այդ ժամանակաշրջանին:
Հարթակ
- 11/30/2024