ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Յստակ է, որ Լիբանանի նոր վարչապետ Հասսան Տիապ կանգնած է բաւական կարեւոր շրջափուլի մը առջեւ։
Երկու ամիս առաջ նշանակուած վարչապետը, որ կը գլխաւորէ անկախներու կառավարութիւն մը՝ տակաւին կը սպասէ, որ արաբական աշխարհի գլխաւոր խաղացողները իր ձայնը լսեն, անսան իր կոչերուն ու աւարտին՝ այլեւս ընդունին իր այցելութիւնը։
Վերջին օրերուն Պէյրութի զարգացումներուն հետեւողները կը վկայեն, թէ վարչապետ Հասսան Տիապ կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնէ առիթ տալով Համաշխարհային դրամատան պատասխանատուներուն, որպէսզի իրենց մասնագիտական տեսակէտը բերեն, նաեւ առաջարկներ ընեն, թէ Լիբանան ինչ մեթոտներով պիտի կարողանայ դուրս գալ մասնաւորապէս տնտեսական հարթութեան վրայ երեւցած եւ աճած տագնապէն։ Խնդիրը հիմա քաղաքական պայքար չէ, որովհետեւ նոր կառավարութեան վստահութեան քուէն տուած քաղաքական կողմերը մեծ հաշուով կը կազմեն մեծամասնութիւն, իսկ այն ուժերը, որոնք դէմ են այս կառավարութեան, հակառակ իրենց ներկայացուցչական կշիռին, դանդաղօրէն սկսած են դառնալ փոքրամասնութիւն։
Կշիռը բաւական փոխուած է. յստակ է նաեւ, որ մօտիկ անցեալին Լիբանանի համար որեւէ ձեւով պայքար տանող սիւննի աշխարհին համար այդ երկիրը առաջուան «հմայք»ը չունի։
Խօսքս անշուշտ սիւննիներու յառաջատար համարուող նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու վերջինիս գլխաւորած «Ալ Մուսթաքպալ» խմբակին մասին է, որ ինչ-ինչ պայմաններու բերումով կը բոլորէ ներքին տարակարծութիւններու բաւական վճռորոշ փուլ մը եւ հասած է այն օրուան, թէ պարտաւոր է վերատեսութեան ենթարկել իր քաղաքական հասկացութիւններն ու ընդհանուր գործելաոճը։
Ի դէպ, այստեղ չմոռնամ յիշատակել, որ Սաատ Հարիրի բոլորին կողմէ «սպասուած» իր ելոյթը, որ կայացաւ 14 փետրուարին, կ՚աւարտէր ցոյց տալով բաւական թուլացած դիրքեր։ Խօսքը այն մասին էր, թէ Հարիրի իր արտասանած խօսքին մէջ (որ կը հնչէր իր հօր՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 15-րդ տարելիցի կեդրոնական հանդիսութեան) կը յայտնէր ներանձնական դիրքերէ ու կը գոհանար պախարակել բոլոր այն անհատներն ու կողմերը, որոնք դաւաճանած էին իրեն։
Հարիրի խոցուած էր, այդ մէկը անշուշտ հասկնալի է, աւելի խոցելին սակայն անոր իր վաղուան ընելիքներուն մասին չկարենալ խօսիլն էր, կամ աւելի խորքային առումով իր շփոթահար վիճակը, որ շատ հաւանաբար միայն տնտեսական բնոյթ չի կրեր, այլ ունի բազմերես շերտեր։
Այս բոլորը նշելէ ետք հարկ է յիշեցնել, որ ինչպէս զանազան առիթներով ու, յատկապէս այս սիւնակով գրած եմ, թէ Լիբանանը այսօր կարիքն ունի ամենէն աւելի արաբական նեցուկին, առանց որուն ալ պիտի չկարողանայ դուրս գալ երկիրը «արիւնագամ» ընող տնտեսական-ելմտական տագնապէն։
Այս կէտին Հարիրի կարեւոր դեր ունի կատարելիք, համոզելու համար Լիբանանի վաղեմի սիւննի գործընկերները, թէ Լիբանան պիտի փոխէ իր ընդհանուր կեցուածքը եւ առաջուան նման լիբանանցի, մասնաւորապէս, շիի կարեւոր ու մեծ չափով գործիչներ «վրան բաց» եւ սուր քննադատութիւններ ու մեղադրանքներ պիտի չնետեն սիւննի աշխարհի «տէր» հռչակուած տէրութեանց դէմ։
Այս բոլորին մէջ ալ աւելի քան յստակ է, որ մէկ կողմէ Լիբանանի նախագահին ու անոր փեսային (նախագահի հաւանական թեկնածու եւ երկրի արտաքին գործոց փոխ-նախարար՝ Ժըպրան Պասիլ), միւս կողմէ Սաատ Հարիրիին միջեւ առկայ սուր տարակարծութիւնն ու երկուստեք արտայայտուող բաւական սուր եւ յամառ կեցուածքները մեծապէս կը վնասեն Լիբանանի ներքաղաքական իրավիճակի վերակայունացման։ Այս մէկը իր հերթին պիտի ազդէ, որ Լիբանանէն ձեւով մը հեռացած արաբական տէրութիւնները շարունակեն հեռու եւ անտարբեր մնալ այդ երկրէն։
Այս բոլորի լոյսին տակ, յստակ է նաեւ, որ Արեւմուտքի կողմէ գործադ-րըւող ճնշումները, որոնք առաջին հերթին կը միտին ծունկի բերել «Հիզպուլլահ»ը, պիտի շարունակուին, այդպէսով երկիրը ամէն օր աւելի մօտեցնելով ընդհանուր քաոսի դրոյթներուն՝ յատկապէս տնտեսական առումով, եւ երկիրը տանելով դէպի ընդհանուր սնանկացում։
Ամէն պարագայի խիստ շահեկան պիտի ըլլայ սոյն յօդուածը կարդացողներուն համարլսել նաեւ նոր ու թարմ տեսակէտ մը Պէյրութի Այնճար հայկական աւանէն մեր հայրենակից Եսայի Հաւաթեանէն։ Ըստ անոր՝ Լիբանանը կը շարունակէ մնալ «հրաշքներու երկիր». այն իմաստով, որ մետասաներրորդ պահուն եւ հրաշքի համազօր եղելութեամբ մը տագնապներու մէջ «կորած» երկիրը կրնայ դարձեալ ոտքի կանգնիլ եւ փիւնիկի մը նման մոխիրներէն դուրս գալ...
Մնացեալը հարցազրոյցին մէջ։
ՏԵՍԱԿԷՏ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ
-Ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ այսօր Լիբանանի մէջ եւ ի՞նչ են ընդհանուր դժուարութիւնները։
-Այսօր, Լիբանանի իրավիճակը կը նմանի հիւանդի մը իրավիճակին՝ որ ուղեղային ծանր կաթուած առած է եւ փոխադրուած է հիւանդանոց: Կը գտնուի վերահսկողութեան բաժանմունքին մէջ: Մասնագէտ բժիշկները հիւանդին վիճակը անյոյս կը նկատեն՝ մինչ դուրսը սպասող հարազատները չեն ընդունիր բժիշկներու այս եզրակացութիւնը, կ՚աղօթեն, որ Աստուած փրկէ իրենց հիւանդը։ Դժուարութիւնները հիմնականին մէջ տնտեսական են: Դրամատուները ի վիճակի չեն վերադարձնելու քաղաքացիներուն գումարները: Դրամատուները դադրած են օտար դը-րամանիշով փոխանցումներ կատարելէ արտերկիր, լիբանանեան թղթոսկին շատ բան կորսնցուցած է իր արժէքէն:
Հետեւաբար, այս բոլորին որպէս արդինք՝ երկրին մէջ կը տիրէ սոսկալի անգործութիւն, աղքատութիւն եւ սղաճ, ինչ որ կը սպառնայ երկրի գոյութեան:
-Առօրէական հիմնական դժուարութիւնները ի՞նչ են, սովորական քաղաքացին ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ։
-Քաղաքացին կը գտնուի «միշտ գինով» վիճակի մէջ՝ առանց խմելու: Չի գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ընէ: Մեծ վախ կ՚ապրի, որովհետեւ լրիւ անապահով վիճակի մէջ է տնտեսապէս ու ամէն վայրկեան կրնայ գործէ արձակուիլ: Կրնան իր գործատէրերը կէս ամսավճար վճարել իրեն... Կրնայ իր աշխատած հիմնարկը փակուիլ... Այս բոլորին վրայ կ՚աւելնայ ամէն օր արձանագրուող սղաճը՝ տոլարի արժէքի բարձրացումով, որ սարսափելի վիճակի կը մատնէ քաղաքացին: Ապրուստի հոգը կը ճնշէ իւրաքանչիւր լիբանանցիի՝ ամբողջութեամբ մղելով զինք յուսահատութեան:
-Շատեր կ՚ըսեն, որ եթէ իրավիճակը այս հունով ընթանայ, ապա Լիբանանի մէջ սովի մթնոլորտ պիտի տիրէ. կա՞յ այդ վտանգը։
-Չեմ խորհիր, որ սովի վախ կայ, չնայած այդ մասին բաւական կը խօսուի: Քաղաքի բնակիչները կրնան ուտելիքի դժուարութեանց մատնուիլ, սակայն Լիբանանի գիւղացիները բաւական պարէն ունին եւ կրնան ամիսներով դիմանալ:
-Կայ տեսակէտ, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական-ելմտական դժուարութիւնները առընչուած են արտաքին քաղաքական ուժերու եւ աւելի ճիշդը Արեւմուտքի կողմէ իրականացուող ճնշումներուն հետ։ Համաձայն է՞ք այս մօտեցման եւ կրնա՞ք բացատրել, թէ ինչո՞ւ։
-Բնականաբար Լիբանանը կը գտնուի բազմաթիւ երկիրներու հետաքրքրութեանց եւ ազդեցութեանց ծիրին մէջ, զարմանալի չէ, որ շարք մը երկիրներ կը հետապնդեն իրենց շահերը Լիբանանի մէջ, ինչ որ կրնայ նոյնիսկ ներքին բախումներու առիթ ստեղծել։ Արեւմուտքէն ճնշումներ կա՞ն, անպայման: Արտաքին քաղաքական ուժեր որոշ ծրագիրներ կը հետապնդե՞ն Լիբանանի մէջ, անպայման: Սակայն բոլոր մասնագէտները համամիտ են, որ ստեղծուած տագնապը լիբանանցիներու ձեռքով ստեղծուած է՝ փտածութիւն, չարաշահում, կառավարելու ապիկարութիւն…
-Այս ամբողջ թոհուբոհին եւ մտավախութիւններու մթնոլորտին մէջ, ինչպիսի՞ տրամադրութիւններ կը տիրեն լիբանանահայութեան մօտ։ Ի՞նչ կը մտածէ գաղութի երիտասարդ տարրը։
-Բնականաբար, երկրին այս վիճակը, որ ահազանգային է, ունի իր ժխտական ազդեցութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն վրայ: Լիբանանահայութիւնն ալ կը գտնուի արտակարգ իրավիճակի մէջ: Կան երկրէն վերջնականապէս մեկնողներ, յատկապէս երիտասարդներ, կան առժամաբար ուրիշ երկիր գործի մեկնողներ, կան իրենց աշխատանքը վերադասաւորողներ եւ կայ անգործներու մեծ թիւ մը, որ շուարած է եւ տակաւին որոշում չէ առած, թէ ի՞նչ քայլ պիտի առնէ… Շա՜տ դժուար վիճակ է, ամբողջովին անորոշ հեռանկարով:
-Այս բոլորով հանդերձ յոյսի եւ լաւատեսութեան նշոյլներ կա՞ն Լիբանանի մէջ, տրուած ըլլալով, որ այդ երկիրը, բազում անգամներ կարողացած է պայքարիլ դժուարութիւններու դէմ ու այդ դժուարութիւններէն նորէն յառնել եւ փիւնիկի նման վերապրիլ։
-Լիբանանը անկանխատեսելի երկիր է՝ վկայ իր պատմութիւնը: Լիբանանցիներն ալ բաւական հնարամիտ եւ խելացի ժողովուրդ են եւ պէտք է կարենան դուրս գալ այս փոթորիկէն: Ե՞րբ , ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ գինով լիբանանցիները պիտի յաջողին շրջանցել այս փոթորիկը, կարելի չէ կանխատեսել։ Լիբանացին ապրեցնողը այսօր այդ յոյսն է՝ առանց որուն Լիբանանը ապագայ չունի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան