ԳՈՐԳԻ ԳԻՒՏԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Գորգը՝ որ անհրաժեշտ ծածկոց մըն է գետնի կամ պատի՝ առաւելապէս բուրդէ հիւսուած, կը գործածուի տուներու մէջ եւ գրեթէ ամէն տունի մէջ կան գորգեր, որոնք անբաժան տարրերն են տան մը կահաւորման։
Ստորեւ կը ներկայացնենք շահեկան յօդուած մը՝ «Հայկական գորգի հնարք»ի մասին, գրի առնուած արեւելեան գորգերու մասնագէտ Յ. Փ. Միւթէվէլեանի կողմէ։
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ պարունակող այս յօդուածը կը ներկայացնենք նոյնութեա՛մբ։
ԳՈՐԳԻՆ ՀՆԱՐՔԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Դարեր առաջ, Արարատեան երկրին մէջ կը բնակէին Վարպետ Գուրգէն եւ իր կինը Աննա։ Անզաւակ էին եւ արհեստով ջուլհակ։ Այր ու կին, իրենց բախտին հետ հաշտուած եւ կարկահլարած էին կողք կողքի…։ Նաշխուն շալեր, անկողնի ծածկոցներ եւ կապերտներ կեանք կ՚առնէին անոնց հնարագործ մատներէն։ Երբեմն մրցումի կ՚ելլէին սրախօսութիւնով եւ սիրախօսութիւնով զեղուն ապրումներու մէջ… եւ այսպէս, համբերութիւն պահանջող իրենց զբաղումը կը թեթեւնար, մագոգի միօրինակ ճօճումի ձանձրոյթը համ ու համեմ կը դառնար այր ու կնոջ աշխատանքին մէջ…։
Վարպետ Գուրգէն անուանի էր Հայաստան աշխարհի մէջ եւ դրացի երկիրներուն մէջ. բոլոր ջուլհաները գլուխ կը հակէին անոր ձեռքէն ելած գործերուն առջեւ, բայց ինքը շատ գոհ չէր իր ձեռակերտներէն, որովհետեւ երբ գարնան դաշտ ելլէր եւ տեսնէր փռուած կանաչութիւնը անոնց մէջ նախշուած գունագեղ ծաղիկները, կը սքանչանար անոնց վրայ։ Կը մտածէր եւ ինքնիրեն կը մռլտար. «Ինչո՞ւ հողին տակէն դուրս ցցուին այս գեղեցկութիւնները եւ մեր կապերտին տակէն նոյնը չըլլայ…»։ Այս բարի նախանձը կը կրծէր զինքը եւ կ՚ուզէր մրցումի ելլել Արարչութեան հետ…։
Օր մը, կնոջ յայտնեց այս մտատանջութիւնը։ Աննա զարմանքով դիտեց անոր կնճաւոր ճակատը եւ յարեց. «Լա մարդ խելքի՞դ եկար, ինծի հետ կը մրցիս բայց Աստուծո՞յ հետ ալ…»։
Գուրգէնի ցաւը կը կրկնապատկուէր կնոջ արտայայտութենէն, կ՚ուզէր քաջալերական խօսք լսէր իր կողակիցէն։
Անգամ մը, երբ հեգնանքի վերածուեցաւ իր հոգեվիճակը, դուրս ելաւ, բակին դուռը ճռնչաց իր միտքն ու սիրտը ճզմող մտածումին հետ։ Պարտէզ իջաւ, նստաւ խնձորենիին տակ, դարձեալ դիտեց մարգին մէջ գլուխ ցցող լելակներն ու մեխակները, դարձեալ ապրեցաւ հոգեթով եւ հոգեխէթ պահեր…։ Րոպէ մը, վերացած եւ անզգալաբար ոտքի ելաւ, քայլեց մեքենաբար. մտաւ ու նստաւ կարկահին առջեւ, կարմիր թել մը անցուց հէնքերուն ընդմէջէն, դարձուց ետեւ, առջեւ, կապեց, կտրեց բայց թելերը փոխանակ ցցուն կենալու նստած մեռած վիճակ մը կը ստանային…։
Աննա ճաշի կանչեց զինքը։ Ան լռութիւն պահեց, ի վերջոյ ոտքի ելաւ եւ դարձեալ իր կնոջ հեգնանքին նշաւակ չդառնալու համար սեղանատուն մտաւ։ Կէս ծամուած պատառները զիրար կը հրմշտակէին կոկորդն ի վար։ Գրեթէ անխօս սեղանէն ելաւ եւ մտաւ կարկահարան։
Դարձեալ կապեց ու քակեց։ Հէնքին թելերը, մատներուն սպառնալիքին տակ կը թրթռային իր սրտի տրոփումին հետ։ Արդար զայրոյթ մը կը ցնցէր իր էութիւնը, բայց եկաւ րոպէ մը, ուր բուրդէ թելերը յաղթահարուեցան եւ տեղի տուին, որ կապերը նստէին հէնքին վրայ ցցուն եւ որ ցուցնէին նախիշն ու ծաղիկը…։
Վարպետին հնարագործ մատներուն տակ, կապերը կը շարուէին հլու հնազանդ, բայց չէր խտանար, որ պատկեր մը ներկայացնէր։ Քովի սեղանին վրայ տեսաւ իր տախտակէ սանտրը, մեքենաբար առաւ եւ զարկաւ կապերուն վրայ, «Շնթռկեցէ՛ք. խտացէ՛ք»։ Սանտրին հարուած մականը հնազադեցուց գունաւոր կապերը, որոնք կ՚ըլլային իրարու նեցուկ, նկարչի մոգական վրձինին պէս կեանք կու տային երանգին։ Վարպետ Գուրգէն ոտքի ելաւ այլայլած եւ պոռաց. «Աննա՜ շուտ հոս եկո՜ւր»։
-Վերջապէս եղաւ, օրերու նշանը դուրս ելաւ, որ գլխուս գար այս փորձանքը…
-Նայէ՛, ցցուած են, քեզի պէս ծաղիկ են, քեզի պէս մարալ են…։
Աննա տեսաւ դաշտի լելակը, հէնքին վրայ դրոշմուած…
-Գուրգէ՛ն…
Այր ու կին գիրկընդխառնուեցան։
Աննայի մէջ իր զղջումը ամոքող ուրախութիւն մը լեցուեցաւ։ Անոնք մոռցան ամէն բան եւ սկսան ծրագրել, կապերտին տեղ նորահնար ձեռակերտին ձեռնարկելու գործը։ Որոշեցին նախ «Խորան» մը կերտել եւ նուիրել Մայր Տաճարին եւ ապա՝ «Նոյեան Տապանը Արարատի վրայ», իրականացաւ իրենց իտէալն ու փափաքը։ Տարածուեցաւ համբաւը նոր գիւտին եւ հիւսքը կոչուեցաւ «ԳՈՐԳ» - «Գուրգէն»ի կրճատուած ձեւին տակ։
Վարպետ Գուրգէն աշխարհին տուած եղաւ տաքուկ գորգին վայելքն ու գեղեցկութիւնը միանգամայն…։
Գորգին արուեստը տարածուեցաւ նախ Արարատեան աշխարհի մէջ եւ ապա Հայոց միջոցաւ մտաւ Պարսկաստան, Միջագետք, Եգիպտոս, Հնդկաստան եւ այլ արեւելեան երկիրներ։ Բայց եւ այնպէս, մինչեւ հիմա Հայկականը - Արմինիըն. Քոքաս - անունով կը մնայ անզուգական եւ յարգարժան, գորգի ճարտարարուեստին մէջ։
«Անգլիական Համայնագիտարան»ին մէջ, քով քովի դրուած են Հայ ազգային տարազով աղջիկ մը եւ գեղեցիկ գորգի մը պատկերը, որոնք կը նկատուին իրարու լրացուցիչ…։
Ներկայիս, Եւրոպական եւ Ամերիկեան բոլոր կեդրոն քաղաքներու մէջ կ՚արտադրուին ձեռակերտ եւ մեքենակերտ գորգեր, որոնք առեւտրական մարզին մէջ լուրջ կշիռ կը ներկայացնեն ամէնուրեք։
Հայազգի վարպետ Գուրգէն կ՚անմահանայ իր բարերար հնարքով, որ մարդկութիւնը վայելէր նկարչագեղ գորգերու տաքուկ մթնոլորտը…։
Այսպէս եղաւ գորգի գիւտին ամփոփ պատմութիւնը։
Արեւելեան գորգերու համեստ
մասնագէտ մը՝
Յ. Փ. ՄԻՒԹԷՎԷԼԵԱՆ
Նիկոսիա - Կիպրոս, 1973
***
Եւ ո՜րքան հաճելի է եւ շահեկան՝ գիտնալ՝ մեր գործածած եւ օգտուած առարկաներուն պատմութիւնը։ Ահաւասիկ, «գորգ»ին պատմութիւնը որ կը նոյնանայ «Գուրգէն վարպետ»ի հետ…։
- Ծանօթագրութիւն.- Ստորեւ կը ներկայացնենք Յ. Փ. Միւթէվէլեանի յօդուածին մէջ օգտագործուած կարգ մը բառերուն բացատրութիւնը։
Ջուլհակ = կտաւագործ, ոստայնակ։ «Çulha»։
Կարկահլարած = ասեղնագործութեան յատուկ փայտէ կազմածը գործածող. «կարկահ» = «Kergef»։
Նաշխուն = նախշուն = զարդարուած, սիրուն, գոյնզգոյն թելերով հիւսուած։
Կապերտ = բուրդէ շինուած երկու երեսով գոյնզգոյն օթոց կամ հասարակ գորգ. «Kilim»։ «Կապերտ» կը նշանակէ նաեւ՝ լաթի կտոր, քուրջ «yama»։
Զեղուն = լեփլեցուն, առլի, յորդ։
Մագոգ = ոստայնակի ճախարակ, կկոց, բարաբ «mekik»։
Նախշուիլ = գոյնզգոյն թելերով հիւսուիլ, զարդարուիլ. «nakşetmek»։
Կնճաւոր = դէմք, ճակտի ակօս, խորշոմ, խորշեր ունեցող. ճակտի կնճիռ, փոթ, ծալք ունեցող. «kırışık»։
Ճռնչել = ճռինչ՝ ժանգոտած անիւի ձայն, ճռնչիւն արձակել. «gıcırdamak»։
Հոգեթով = հոգեզմայլ
Հոգեխէթ = հոգին տարակոյսի մատնող, երկբայութիւն ստեղծող։
Րոպէ = պահիկ, վայրկեան։
Հէնք = հենք = կտաւի երկայնութեան ձգուած թել, կտաւցու թելին երկայնքը։ «Առէջ» հիւսեղէնի երկայնքի թելերը։
Շնթռկիլ = պառկիլ (անասունի պէս)։
Մարալ = եղնիկ, այծեամ։ Ածական՝ գեղեցիկ, սիրուն։
***
Եւ ո՜րքան հետաքրքրական է «գորգ» բառը նոյնացնել «Գուրգէն» անուան հետ։
«Գորգ»ին մերձիմաստ բառերն են՝ «կապերտ», «օթոց», «խալիչա»։
Հրաչեայ Աճառեան իր «Հայերէն արմատական բառարան»ին մէջ «գորգ»ի մասին սապէս կը գրէ.
«ԳՈՐԳ - խալի, tapis - Երզն, քեր, ուրիշ օրինակ չկայ, սրանից են կազմուած նոր գրականում - գորգավաճառ, գորգագործ, գորգագործարան։ Հիւնք. գործ բառից։ Verka. - կերպաս - բառը։ Պատահական նմանութիւն ունի արաբ. - kurr - . - կապերտ - բառի հետ. (Կամուս, թրք. թրգմ. Բ. 96)»։
Իսկ Հայր Մկրտիչ Աւգերեանի «Նոր բառգիրք Հայկազեան լեզուի»ի մէջ, «Գորգ. քուրջ, կապերտ, խալի, կապերտ եւ գորգ, բիր եւ մահակ» գրուած է։
Հետաքրքրական է «գորգ»ը նմանցնել «Գուրգէն» անուան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 16, 2020, Իսթանպուլ