ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Աւագ չորեքշաբթին յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած ըսաւ.- Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէսզի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէսզի երկրի վրայ լոյս տան։ (ԾՆՆԴ. Ա 14-15)։

Եւ այսպէս եղաւ։

Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար եւ պզտիկ լուսաւորը գիշերուան իշխելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ։ Եւ Աստուած երկնքի հաստատութիւններուն մէջ դրաւ զանոնք, որպէսզի երկրի վրայ լոյս տան։ Եւ ցորեկուան ու գիշերուան իշխեն եւ լոյսը խաւարէն զատեն։

Աստուած տեսաւ, որ բարի են։

Եւ իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։ (ԾՆՆԴ. 16-19)։

Արդարեւ, Աստուած երկնքի հաստատութիւններուն լոյս տալով՝ Արդարութեան Արեգակի՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը տուաւ։

Ուստի «Աւագ չորեքշաբթի»ն պատկերն է չորրորդ ժամանակաշրջանի, երբ Աբրահամ ստացաւ Իսահակի ծննդեան աւետիսը (ԾՆՆԴ. ԺԷ), հրեաները Եգիպտոսէն դուրս եկան (ԵԼՔ. ԺԲ 14), Վկայութեան Խորանը պատրաստուեցաւ (ԵԼՔ. ԺԲ 25-27), եւ Իսրայէլի որդիները Աւետեաց երկիր փոխադրուեցան (ՅԵՍՈՒ, Գ-Դ)։

Աւագ չորեքշաբթի օր կը յիշատակուի նաեւ այն կինը՝ որ թանկագին իւղով օծեց Քրիստոսի գլուխը։

«Մինչ Յիսուս Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնին տան մէջ սեղան բազմած էր, կին մը եկաւ, որ ազնիւ եւ սուղ նարդոս իւղի շիշ մը ունէր, եւ շիշը կոտրելով՝ իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն։

«Աշակերտներէն ոմանք ընդվզեցան եւ ըսին.

«Ինչո՞ւ այդպէս վատնել անուշահոտը. կարելի էր զայն աւելի քան երեք հարիւր արծաթ դահեկանի ծախել եւ աղքատներուն տալ։

«Եւ կը յանդիմանէին կինը։

«Յիսուս ըսաւ անոնց.

«Ձգեցէ՛ք, ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք զինք, քանի լաւ բան մը ըրաւ ինծի։ Աղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք եւ երբ որ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք գործել, բայց զիս միշտ չունիք ձեզի հետ։ Այս կինը ի՛նչ որ կրնար՝ ըրաւ. իմ մարմինս սկիզբէն օծեց թաղումիս որպէս նշան։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 6-13, ՄԱՐԿ. ԺԴ 3-9), (ՅՈՎՀ. ԺԲ 1-8)։

(Ծանօթագրութիւն.- Նարդոս = Հնդկական բոյսէ մը պատրաստուող անուշահոտ իւղ մը, որ շատ յարգի էր հիներուն մօտ)։

Արդարեւ, Սիմոն բորոտի տունը, ուր տեղի ունեցաւ ընթրիքը, Բեթանիայի մէջ, կատարուեցաւ Յիսուսի օծումը այս ընթրիքի ընթացքին։

Սիմոնի սեղանին գլխաւոր բազմականներէն էր Ղազարոս յարուցեալը, ինչ որ նոյնիսկ հացկերոյթին նպատակն ալ կը ցուցնէ։

Այդ օծումը զոր երեք աւետարանները կը պատմեն, բացի Ղուկասէ, բաղդատելով մեղաւոր կնոջ օծման հետ, զոր Ղուկաս միայն կը պատմէ եւ միւս երեքը չեն պատմեր, կը կարծուի, թէ միեւնոյն իրողութիւնն է։ Այդ կարծիքը յառաջ կու գայ այն սխա՛լ տեսութենէն, զոր քանիցս մատնանշուած է, իբր թէ իրողութիւն մը կամ գործողութիւն մը, դէպք մը կամ քարոզութիւն մը, պէտք չէ երբեք Յիսուսի կեանքին մէջ երկու անգամ տեղի ունեցած ըլլայ, եւ թէ նմանները պէտք է նոյնանան, պէտք է նոյնացնել, պարագաները բռնազբօսելով կամ Աւետարանն ալ փոփոխելով։ Ուստի, նման իրողութիւններ կրնան տեղի ունենալ տարբեր պարագաներու մէջ, եւ թէ նմանները երբեք նոյնացնելու ճիգ պէտք չէ՛ թափել։

Այս իմաստով յիշեալ երկու օծումները՝ մեղաւոր կնոջ օծումը (ՂՈՒԿ. Է 36-50) եւ Յիսուսի օծումը (ՄԱՏԹ. ԻԶ 6-13) բոլորովին տարբեր իրողութիւններ են՝ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պարագաներու մէջ պատահած…։

Բեթանիայի ընթրիքին ընթացքին Մարիամին կատարած օծումը «չափազանցուած պատիւ» մը երեւցած էր շատերուն, իբր «անխորհուրդ շռայլութիւն» մը։

Եթէ առաքեալներուն դիտողութիւնները իրաւցնէ միամիտ եւ անկեղծ նախանձախնդրութեան խօսքեր էին, սակայն նոյն արդարացումը չէր իրականանար Իսկարիովտացի Յուդային համար։

Այդ դիտողութիւնը իր ընկերներէն Յովհաննէս աւետարանիչն է որ կ՚ընէ. «Յուդա», կ՚ըսէ, «բնաւ աղքատի հոգածութենէն չէր շարժուեր, ան մեզի պէս աղքատներու համար գթութիւն ընելու նպատակ չունէր. որովհետեւ ան մեր արկղակալն էր, հասարակաց քսակը անոր ձեռքն էր, եւ ինչ դրամ որ մեզի կը հասնէր՝ իրեն քով կը պահուէր՝ բայց ան հաւատարիմ չէր իր պաշտօնին, այլ մեր պահեստի դրամին ալ խարդախութիւն կը խառնէր, որովհետեւ անհաւատարիմ գող մըն էր»։

Երբոր այսպէս ամէնքը բեթանիացի Մարիամին ըրածը կը քննադատէին, եւ նարդեան իւղին շռայլուելուն վրայ դիտողութիւններ կ՚ընէին, եւ մինչեւ իսկ Մարիամին վրայ կը բարկանային եւ կը զայրանային, Յիսուս հարկ սեպեց Մարիամին ըրածը պաշտպանել, թէ՛ եղելութիւնը ինք իր մէջ կշռելով եւ թէ՛ անոր խորհրդական իմաստ մը տալով։ «Սն կնոջ», կ՚ըսէ, «ինծի ըրած պատուասիրութեան յարգը կ՚ուզէք նուազեցնել, աղքատսիրութեան նպատակ մը մէջտեղ նետելով։ Աղքատներուն օգնելու գաղափարը ես եմ ձեզի թելադրած, եւ իրաւացի է անոր հետեւելնիդ, բայց երբեք չեմ ըսած, թէ աղքատներու օգնելէն զատ ուրիշ բարեգործութիւն չի կրնար ըլլալ։ Մարդու Որդւոյն ընծայուած պատուասիրութիւնն ալ բարի գործ է. եւ այն ալ իր տեղը ունի, մանաւանդ որ իմ ատենս հասած է, եւ իմ մահս մօտալուտ է, եւ քիչ օրէն այլեւս չկամ եւ եթէ ոք ուզէ ալ՝ ինծի պատուասիրութիւն ընելու առիթը պիտի չգտնէ։ Ընդհակառակը, աղքատները կան ու կը մնան, եւ բնաւ պիտի չպակսին, եւ երբ ալ ըլլայ՝ անոնց աղէկութիւն կրնաք ընել. մինչ ինծի նորէն պատուասիրութիւն ընելու առիթն ալ պիտի չգտնաք, եթէ ընել ալ ուզէք։ Ուրեմն քանի որ իմ ժամանակս նեղ է, ինծի ընելիքնիդ լրացուցէք, եւ յետոյ՝ երբ ալ ուզէք՝ աղքատներուն ընելիքնիդ կրնաք կատարել։ Մանաւանդ որ այս օծումը՝ որով Մարիամ զիս ուզեց պատուել եւ մխիթարել, ինծի համար վերջին անգամ կատարուած օծում եղաւ. վասնզի ինչպէս ըսի, իմ մահս մօտալուտ է։ Մեռելներու վրայ կատարուած պատանքի օծումը առատօրէն կ՚ըլլայ, եւ Մարիամ առատ օծումով իմ պատանքի օծումը կանխաւ ըրած եղաւ։ Հետեւաբար բնաւ իրաւունք չունիք անոր ըրածը քննադատել, եւ զինք պախարակել. ընդհակառակը շատ նշանաւոր եւ շատ խորհրդաւոր գործ մը ըրած եղաւ, եւ իր անունը կցեց իմ երկնաւոր պաշտամանս նուիրական վախճանին։ Այնպէս որ՝ ո՛ւր որ Աւետարանը քարոզուի եւ մահս պատմուի եւ փրկագործութիւնս հռչակուի՝ աշխարհիս ամէն կողմերը, այդ կնոջ ըրածն ալ միասին պիտի պատմուի եւ հռչակուի, եւ իր անունը գովութեամբ եւ պատուով պիտի քարոզուի ամէն տեղ եւ ամէն ատեն»։

Սկզբնաղբիւր.-

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «ՀԱՄԱՊԱՏՈՒՄ», 1911։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 31, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020