«ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱՊՐԻՄ»
Կը շարունակենք պատասխանններ գտնելը բոլորս հետաքրքրող հարցումին: Այս գրութեամբ մէջբերումներ պիտի կատարենք դարձեալ Նոր կտակարանէն:
Եւ այսպէս.
• Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք. «Բազմաթիւ նեղութիւններ պէտք է կրենք՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնելու համար» (Գրծ 14.22). այս համարով ապրելու տարբեր ձեւի ընկալում մը կը տրուի մեզմէ իւրաքանչիւրիս. այսպէս, Աստուծոյ Արքայութիւն մտնելու համար մարդ պէտք է բազմաթիւ նեղութիւններ կրէ: Շատերու համար այս համարը կրնայ խրտչեցուցիչ ըլլալ, բայց այդպիսին չէ, ընդհակառակը, այս համարը գրաւական մըն է մեզի համար՝ Աստուծոյ Արքայութիւն մտնելու՝ բազմաթիւ նեղութիւններու հանդիպելէ ետք: Իսկ նեղութիւնները՝ եթէ հոգեւոր ակնոցով փորձենք նայիլ ու հասկնալ, ապա ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ չարին կողմէ մեր դէմ եղած տարբեր տեսակի յարձակումները, որոնց պատճառը շատ յաճախ մեր՝ Աստուծմէ հեռանալն է, հոգեւոր կեանքին մէջ նահանջ արձանագրելն է:
• Հռոմայեցիներուն նամակին մէջ կը կարդանք. «Աստուած մե՛զ եւս արդար պիտի համարէ մեր հաւատքին համար, որովհետեւ կը հաւատանք Իրեն՝ որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, որ Իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ արդարացնելու համար» (Հռ 4.24-25). այս համարներուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած մեր հաւատքին համար՝ թէ կը հաւատանք, որ մեռելներէն յարուցանեց Տէր Յիսուսը, արդար պիտի համարէ: Իսկ Տէր Յիսուս յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ արդարացնէ: Հետեւաբար, կ՚ապրիմ/ինք, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ արդար համարուինք եւ արժանի ըլլանք Աստուծոյ ներկայութիւնը ժառանգելու եւ վայելելու:
• Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ կը կարդանք Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ: Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ որեւէ բանի գերին դառնամ: Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սակայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պիտի խափանէ: Բայց նոյնը չէ մարմինին պարագան: Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին: Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ Իր զօրութեամբը» (Ա. Կր 6.12-14). այս հատուածին վերջին մասով դարձալ կը խօսուի մեր յարութեան մասին, թէ ինչպէս Աստուած մեզի եւս յարութիւն պիտի տայ, սակայն այդ յարութեան արժանի ըլլալու համար պէտք է նախապատրաստութեան ճանապարհ մը անցնինք: Սրբազան առաքեալը հետաքրքրական կերպով կը խօսի՝ բացատրելով մեզի, թէ մարդուն համար ամէն բան արտօնուած է՝ որովհետեւ Աստուած ազատութիւն շնորհեց մարդուն, բայց ինչպէս առաքեալը կը յիշեցնէ՝ ամէն բան օգտակար չէ մեզի, աւելին՝ պէտք չէ գերին դառնանք որեւէ մէկ բանին: Եւ կու տայ կերակուրին ու ստամոքսին օրինակը, որոնք իւրաքանչիւր մարդու կեանքին համար անհրաժեշտ են, բայց ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ՝ Աստուած այդ երկուքն ալ պիտի խափանէ, բայց մարմինը՝ ոչ: Աւելի՛ն, խօսելով մարմինին մասին՝ կ՚ըսէ, թէ պէտք չէ զայն պոռնկութեան համար գործածենք, այլ՝ զայն նուիրենք Տիրոջ, այսինքն՝ մեր մարմինները Տիրոջ ծառայութեան նուիրենք, որովհետեւ մեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են (Ա. Կր 6.15), հետեւեաբար պէտք է զգուշութեամբ վարուինք մեր մարմիններուն հետ, անսալով առաքեալին թելադրութեան. «Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք: Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ: Չէ՞ք գիտեր, որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին, որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Գիտցէք, որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց: Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա. Կր 6.18-20). ահաւասիկ ապելու այլ պատճառ մը. հեռու մնալով մեղքերէն եւ յատկապէս պոռնկութենէն եւ մեղքի ցանկացած գերութենէ, պէտք է այնպէս ապրինք՝ որպէսզի մեր միջոցով Աստուած փառաւորուի:
• Կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին մէջ կը կարդանք. «Ուստի, այս մարմինին մէջ մնանք թէ հեռանանք, մեր միակ ձգտումն է՝ Աստուծոյ հաճելի ըլլալ: Որովհետեւ բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր մարմինով ընդունի հատուցումը երկրի վրայ իր կատարած բարի կամ չար գործերուն» (Բ. Կր 5.9-10):
• Գաղատացիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք. «Բայց հիմա որ հաւատքը եկաւ, այլեւս դաստիարակի պէտք չունինք, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով՝ բոլորդ ալ Աստուծոյ որդիներ եղաք։ Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ Հրեայի եւ Հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք: Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք՝ կը նշանակէ, թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ» (Գղ 3.25-29). ինչո՞ւ ապրելու ամենէն զօրաւոր պատասխաններէն մին, կ՚ապրինք՝ որովհետեւ ո՛չ թէ մենք է, որ կ՚ապրինք, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ՚ապրի մեր մէջ:
• Եփեսացիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք, թէ մարդ ի՛նչ ձեւով պէտք է ապրի ճշմարիտ կեանքը. «Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ» (Եփ 4.22-24):
• Փիլիպպեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք. «Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը` Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ Իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ Իր իշխանութեան ենթարկել» (Փլպ 3.20-21). կ՚ապրինք երկրի վրայ, բայց՝ երկնաքաղաքացիներ ենք, հետեւաբար այս դիտանկիւնէն նայինք, այլ պատասխան մը եւս կ՚ունենանք մեր տուած հարցումին:
• Կողոսացիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք. «Եւ Որդին մեզ փրկեց, Իր զոհագործական մահուամբը թողութիւն տալով մեր մեղքերուն» (Կղ 1.14). կ՚ապրինք, պէտք է ապրինք, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին փրկեց մեզ եւ խաչին վրայ զոհագործումով թողութիւն տուաւ մեր մեղքերուն:
• Թեսաղոնիկէցիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ կը կարդանք. «Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ կը հաւատանք՝ թէ Աստուած Յիսուսի ձեռքով եւ Անոր հետ վերստին կեանքի պիտի բերէ անոնք՝ որ Անոր հաւատացին եւ մեռան» (Ա. Թս 4.14):
• Ա. Տիմոթէոսի նամակին մէջ կը կարդանք. «Մէկ բան որոշ է, եւ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու համար. եւ առաջին մեղաւորը ես եմ» (Ա. Տմ 1.15). այս գիտակցութեամբ պէտք է ապրինք, որ Տէր Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու համար, իսկ առաջին մեղաւորը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրն է:
• Բ. Տիմոթէոսի նամակին մէջ կը կարդանք.
«Մէկ բան որոշ է.
Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝
Իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։
Եթէ համբերենք՝
Իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։
Եթէ զԻնք ուրանանք՝
Ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ՝
Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝
Ինք հաւատարիմ կը մնայ,
որովհետեւ չի կրնար Ինքզինքին հակասել» (Բ. Տմ 2.11-13):
• Տիտոսին ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք. «Որովհետեւ Քրիստոս Իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ Իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):
• Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք. «Իսկ առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ: Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ Ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք, որ զԻնք կը փնտռեն» (Եբր 11.6):
• Յակոբոս առաքեալին նամակին մէջ կը կարդանք. «Ինծի մտիկ ըրէք նաեւ դուք՝ որ կ՚ըսէք. “Այսօր կամ վաղը այսինչ քաղաքը պիտի երթանք եւ տարի մը հոն մնանք, առեւտուր պիտի ընենք եւ շահինք”: Միթէ գիտէ՞ք վաղը ինչ պիտի ըլլաք: Ձեր կեանքը մշուշին պէս է, որ կարճ ժամանակ մը կ՚երեւի եւ ապա կ՚աներեւութանայ: Փոխանակ ըսելու՝ “եթէ Տէրը կամենայ՝ կ՚ապրինք եւ այսինչ կամ այնինչ բանը կ՚ընենք”, ամբարտաւան կերպով կը յոխոռտաք: Բայց այդպէս յոխոռտալը սխալ է: Հետեւեաբար, ով որ շիտակը գիտէ եւ չ՚ըներ՝ մեղք է, որ կը գործէ» (Յկ 4.13-17):
• Պետրոս առաքեալին առաջին նամակին մէջ կը կարդանք. «Որովհետեւ Աստուծոյ կենդանի եւ մշտըն-ջենական խօսքով վերստին ծնաք, դուք, իբրեւ զաւակները ո՛չ թէ մահկանացու ծնողքի մը, այլ՝ անմահին» (Ա. Պտ 1.23). այն գիտակցութիւնը, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը երկինքի մէջ ունի Անմահ Ծնողք մը, մեզ կը մղէ ապրիլ այնպէս՝ հասնելու համար այդ Ծնողքին հանդիպելու եւ վայելելու Անոր ներկայութիւնն ու քաղցրութիւնը:
• Յովհաննէս առաքեալին առաջին նամակին մէջ կը կարդանք. «Գիտցէ՛ք սակայն, աշխարհն ալ կ՚անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը ինք՝ յաւիտեան կը մնայ» (Ա. Յհ 2.17). հետեւաբար ապրի՛նք՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, որպէսզի յաւիտենականութեան արժանանանք:
• Յուդա առաքեալին նամակին մէջ կը կարդանք. «Սակայն դուք, սիրելինե՛ր, իրարու հոգեւոր աճումին օգնեցէք ձեր սուրբ հաւատքով։ Սուրբ Հոգիին օգնականութեամբը աղօթեցէք, եւ դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք, սպասելով որ մեր Տերը Յիսուս Քրիստոս Իր ողորմութեամբ յաւիտենական կեանքը տայ ձեզի» (Յդ 20-21). մեր կեանքը միայն մեզի համար պէտք չէ ապրինք, այլ՝ մեր նմաններուն համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
25 մայիս 2020, Վաղարշապատ