ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ԵՒՍ ԴԱՏ ԿՐՆԱՅ ԲԱՆԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մ տուած հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը յայ­տա­րա­րեց, թէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը կրնայ Թուր­քիա­յէն պա­հան­ջել վե­րա­դար­ձը՝ իր բռնագ­րա­ւեալ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ին տուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց, թէ ներ­կա­յիս ա­պա­գայ դա­տա­կան դի­մու­մի հիմ­նա­ւոր­ման վրայ աշ­խա­տանք կը տա­նին ի­րա­ւա­բան­ներն ու պատ­մա­բան­նե­րը։

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը յի­շե­ցուց, որ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թիւն­նե­րը ար­դէն իսկ դա­տա­կան դի­մում­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած են՝ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն պա­հան­ջե­լով վե­րա­դարձ­նել ի­րենց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Ըստ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, նոյն­պէս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծինն ալ կրնայ նման դի­մում մը ներ­կա­յաց­նել։ «Սա գոր­ծըն­թաց մըն է, որ կը պա­հան­ջէ բա­ւա­կան ջանք ու ե­ռանդ՝ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու, ա­նոնք ի յայտ բե­րե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­ւա­բա­նա­կան ձե­ւա­կեր­պում­նե­րով հիմ­նա­ւոր կեր­պով Թուր­քիոյ դա­տա­կան ա­տեան­նե­րուն դի­մում­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ ա­ւել­ցուց, թէ ար­դէն իսկ տրուած են հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րը, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րուին խնդրոյ ա­ռար­կայ կա­լուած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թե­րը։

Ծա­նօթ է, որ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը վեր­ջերս Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ դատ բա­ցած էր՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի եւ մայր տա­ճա­րի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջե­լով։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւնն ալ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ հան­դէս կու գայ հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի նուազ է։ Ներ­կա­յիս այս շար­քը հա­մալ­րել կը պատ­րաս­տուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը եւ «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Սա դրա­կան է այն ա­ռու­մով, որ մենք կը հա­ւա­տանք, թէ այս խնդրի բարձ­րա­ձայ­նու­մը հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նայ Թուր­քիոյ ազ­գաբ­նակ­չու­թե­նէն ա­ւե­լի լայն շրջա­նակ­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց հեր­թին պի­տի բարձ­րաց­նեն ի­րենց ձայ­նը՝ դա­տա­պար­տե­լու դա­րաս­կիզ­բին գոր­ծուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ նաեւ պա­հան­ջե­լու, որ­պէս­զի Թուր­քիան զայն ճա­նչնայ ինքն իսկ դա­տա­պար­տէ եւ նաեւ ար­ձա­գան­գէ մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան։ Մենք կը հա­ւա­տանք, որ Թուր­քիան այ­լընտ­րանք չու­նի, քան ա­ռե­րե­սուե­լու իր պատ­մու­թեան, ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ վե­րա­կանգ­նե­լու ար­դա­րու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ»։­

Իր կար­գին, Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին հա­մար դա­տա­րան դի­մած Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ այս օ­րե­րուն հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւե­լեան Թե­մ, ուր խօ­սած քա­րոզ­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին ըսած է հե­տե­ւեա­լը. «Մե­զի հա­մար մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը շրջա­գիծ, թուա­կան եւ վայր չի ճանչ­նար։ Մեր նպա­տակն է հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ հա­տու­ցու­մը»։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015