ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ»Ը

Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց ե­րաժշ­տա­կան խան­դա­վառ ձեռ­նարկ մը։ «Դուն ալ մաս­նակ­ցէ, դուն ալ նուա­գէ» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կերպուած ե­րաժշ­տա­կան մա­րա­թոն մըն էր այս մէ­կը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։ Հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեայ յո­բե­լա­նի շրջա­նին ի­րա­կա­նա­ցուած ծրագ­րի մը հի­ման վրայ կը շա­րու­նա­կուի այս ե­րաժշ­տա­կան մա­րա­թո­նը։ Այդ շրջա­նին ար­ձա­նագ­րուած դրա­կան ար­դիւն­քը խրա­խու­սա­կան հա­մա­րուած է Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քին կող­մէ, որ ո­րո­շած է յի­շեալ նա­խըն­թա­ցը ար­ժե­ւո­րե­լով շա­րու­նա­կել այս գոր­ծը։

Ու­րեմն ե­րէ­կուան ե­րաժշ­տա­կան մա­րա­թո­նը ե­կաւ հա­մալ­րել շար­քը՝ որ­պէս 2015-ի օ­ղա­կը։ Ձեռ­նար­կը սկսաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ներ­կայ էին նաեւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տքթ. Գա­րուն Գո­վան եւ Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քէն այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Օ­րուան ողջ տե­ւո­ղու­թեան, ըստ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին, շուրջ 200 մա­նուկ­ներ կամ պա­տա­նի­ներ տո­ղան­ցե­ցին բե­մին վրայ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով նուագ­ներ, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու։ Օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին հան­դէս ե­կան հինգ-եօթ եւ ութ-ի­նը տա­րե­կան տղա­քը, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս կը յա­ճա­խեն մեր վար­ժա­րան­նե­րը։ Կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն տասն եւ տասն­մէկ-տաս­ներ­կու տա­րե­կան­նե­րու խում­բե­րը գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը, իսկ յետ­մի­ջօ­րէէն սկսեալ մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րը բեմ ա­ռին տաս­նե­րեք-տասն­վեց տա­րե­կան տղա­քը։

Ընդ­հա­նու­րին մէջ ե­րեք հա­մեր­գի ձե­ւա­չափ ու­նէր այս նա­խա­գի­ծը, որ կեան­քի կո­չուե­ցաւ Սե­ւան Չա­վու­շեա­նի, Մու­րատ Ճա­ւա­քի, Է­սատ Ալ­փա­յի, Ա­րի Հէր­կէ­լի, Գա­րին Սուս­մա­քի, Մա­րի Ար­զու­մա­նի եւ Գար­մէն Տէ­միր­ճիօղ­լու ջան­քե­րով։ Ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ եւ Վազ­գէն Պա­րըն։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015