ՄԻԱ՛ՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՒԻՆԻԼ
«Ծառին մի՛ կռթնիր, կը փտի, մարդուն մի՛ վստահիր, կը մեռնի, բազկատարած Աստուծոյ դիմէ, քեզ միայն Ա՛ն կը տեսնէ»։
ՄԷՎԼԱՆԱ ՃԵԼԱԼԷՏՏԻՆ ՐՈՒՄԻ
Ո՜րքան սփոփարար, ո՜րքան մխիթարական, ո՜րքան հանդարտեցուցիչ է Աստուծոյ ապաւինիլ, Աստուծոյ վստահիլ, քանի որ Պետրոս Առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք եւ կ՚ըսենք «Հայր մեր…», ասիկա կ՚արտայայտէ վստահութիւն մը։ Համարձակիլ ամենայն վստահութեամբ մօտենալ Հօր եւ ինքզինք ապահով զգալ. ահաւասիկ անշեղ պարզութիւն, որդիական վստահութիւն, զուարթամիտ ապահովութիւն, խոնարհ յանդգնութիւն, սիրուած ըլլալու ստուգութիւն։ Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքնիրեն։ Չի տար անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան։ Զայն կը պահէ Աստուած միշտ գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։ Ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեա՛ն։ Ուստի, Աստուած Արարիչ է ե՛ւ Նախախնամ. մարդուս ամենավստահելի երկնաւոր Հա՛յրը։ Եւ ամէն անգամ որ մենք կը սկսինք մեր աղօթքին «Հայր մեր…»ով, արդէն ցոյց կու տանք Անոր ամենավստահելիութիւնը եւ կ՚ընդունինք, թէ Ան է մեր ապաւէնը մի՛շտ։
Արդարեւ, Աստուած կ՚իրականացնէ Իր ստեղծագործութեան-արարչագործութեան «ծրագիր»ը, որ կը բովանդակուի Աստուածային Նախախնամութեան մէջ։ Այս ալ կը նշանակէ, որ Աստուած Իր Նախախնամութեամբ Իր ծրագիրը կը կատարելագործէ։ Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ կատարելութիւնը եւ լաւութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքերէն չէ ելած բոլորովին աւարտած։ Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ի՛նչ որ ստեղծած է։ Ան ամենակարող է եւ այս իսկ պատճառով վստահելի եւ ապաւինելի է առանց որեւէ վարանումի եւ տարակոյսի։
Աստուածային Նախախնամութեան հոգածութիւնը վստահելի է եւ ապաւինելի, քանի որ ան «տեսանելի», «շօշափելի» է եւ «անմիջակա՛ն»։
Արդարեւ, Սաղմոսերգուն իրաւացիօրէն կ՚ըսէ. «Տէրը իմ հովիւս է, իմ պակասս չըլլար…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ)։ Պէտք է մարդ վստահի եւ ապաւինի Հովիւին, որ մի՛շտ կը հոգայ զինք։
Աստուածաշունչի վկայութիւններու մէջ կը տեսնենք, որ Սուրբ Հոգին, գլխաւոր հեղինակը Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա արտայայտուելու նախնական կերպ մը չէ, այլ խորունկ միջոց մը յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ եւ այսպէսով՝ մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։ Ուստի սաղմոսներուն աղօթքը ամենամեծ դպրոցն է այս վստահութեան։ (ՍԱՂՄ. ԻԱ, ԻԳ, ԼԱ, ԼԴ, ՃԲ, ՃԼԷ, եւ այլն)։
Յիսուս կը խնդրէ որդիական թողլքում մը՝ հանդէպ երկնաւոր Հօր նախախնամութեան, որ կը հոգայ նուազագոյն կարիքները Իր զաւակներուն. «Դուք ուրեմն մի՛ մտահոգուիք եւ մի՛ ըսէք՝ ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք… Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր այս բոլոր կարիքները։ Դուք փնտռեցէք նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այս ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՏԹ. Զ 31-33), (ՄԱՏԹ. Ժ 29-31)։
Ուստի Աստուած գերիշխան Տէ՛րն է Իր ծրագրին։ Սակայն անոր իրագործումին համար, Ան կ՚օգտագործէ նաեւ արարածներուն գործակցութիւնը։
Արդարեւ, ո՛վ որ «Աստուած» կ՚ըսէ, կ՚ըսէ Էակ մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդար եւ վստահելի՛։ Հետեւաբար մենք պէտք է անհրաժեշտաբար ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական հաւատք եւ յոյս։ Ան ամենակարող է, բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Ո՞վ պիտի կարենար իր բոլոր յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Ասոր համար Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը կը գործածէ այս բանաձեւը. «Ես եմ Տէրը»։
Աստուած կրնայ ապագան յայտնել Իր մարգարէներուն կամ նաեւ ուրիշ սուրբերու։
Քրիստոնեայ ուղիղ կեցուածքը սակայն կը կայանայ ապագային նկատմամբ ինքզինք վստահութեա՛մբ Նախախնամութեան ձեռքերուն յանձնելու մէջ եւ այս մասին մէկդի դնելով ամէն վատառողջ հետաքրքրութիւն։
Անհեռատեսութիւնը կրնայ պատասխանատուութեան պակաս մը գոյացնել։
Այս ուղղութեամբ, Աստուած «փորձել»ը կը կայանայ Անոր բարութիւնը եւ Ամենազօրութիւնը խօսքով կամ արարքով փորձի ենթարկելու մէջ։ Այսպէս է որ սատանան կ՚ուզէր մղել Յիսուսը, որ Ինքզինք վար նետէր Տաճարէն եւ այս արարքով զայն բռնադատել որ գործի անցնէր։ Յիսուս կը հակադրէ անոր Աստուծոյ խօսքը. «Պիտի չփորձես քու Տէր Աստուածդ» (Բ ՕՐ. Զ 16)։
Աստուած փորձելու այս մարտահրաւէրը վիրաւորա՛նք է հանդէպ յարգանքին եւ վստահութեան, զորս պարտինք մեր Արարիչին։ Ան միշտ կը բովանդակէ տարակոյս մը նկատմամբ Անոր սիրոյն, Անոր Նախախնամութեան եւ Անոր զօրութեա՛ն։
Եւ ուրեմն վստահինք Աստուծոյ, ապաւինինք Անոր մեր բոլոր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մէջ. Ան անպայմա՛ն պիտի հասնի՝ մեզ փրկելու մեր նեղութիւններէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/29/2025
- 04/29/2025