ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (44)

Առաւօտ կանուխ աչքերը բացաւ Զանան։ Կայծակնային արագութեամբ յիշեց երէկ պատահածը, սիրտն ինկաւ կծիկ։ Գլուխը դարձուց աջ՝ անկողնի կողքի սեղանիկին, ձեռքը նետեց ու վերցուց հեռախօսը այնտեղէն։ Պատգամ մը կար. բացաւ զայն։

«Զան, էսօր արեւմարին. Վարդավառի լիճ»

Տողերը լոյսը չբացուած՝ ժամը չորսի կողմերն էր գրեր Նորան։

Ամբողջ գիշեր անկողնին մէջ գալարուեր էր, լացը պահեր էր կոկորդէն ներս, խեղդեր էր գրեթէ ինքզինք, միայն թէ սենեկակից մեծ մայրիկն իր չէր լսեր... Քունը չէր տաներ, չէր տաներ զինք հանգիստի. մտքերն ու խուճապը պատեր էին ամէն մէկ բջիջը մարմնին։

Որոշման մը եզրին էր կանգներ։

Կամ պիտի մոռնար Զանան...

...արդէն տարի մըն ալ չէր եղած իրականութեան մէջ... յետոյ՝ ինչ ալ ըլլար փոքր էր իրմէ... տեղացի ալ չէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի մնար, ետ պիտի չերթա՞ր... միթէ՞ սխալմունք մը չէր, արկած մը չէ՞ր աս ամէնը դեռ սկիզբէն...

Ինքզինք համոզելու փորձեր կ՚ընէր, բայց կը զղջար անմիջապէս. կը գիտակցէր լաւապէս, որ սիրտը չէր կանգներ այդ մտքերու ետին։

Կամ ալ պիտի հաշտուէր այն մտքին հետ, որ այս սենեակը, ուր պառկած էր հիմա, այս տունը, մեծ մայրիկն ու ընտանիքը թերեւս վաղը ընդմիշտ պիտի ձգէր... «կամ նա, կամ մենք», միակ բառերն էին որ իր հետ կիսեր էր հայրը այս երկու օրուայ ընթացքին։ Ու չէր կրնար, դարձեալ, արցունքները ներս պահել...

Հեռախօսը անկողնէն դուրս բռնած՝ մէյ մ՚անոր վրայ Զանային կը նայէր, մէյ մըն ալ անկէ ետեւ երեւցող քնաթաթախ դէմքին մեծ մօր։ Յետոյ կը դառնար միւս կողմ, եւ այսպէս՝ գալարումներ, գալարումներ... տեղաշորերը խոնաւ էին արդէն, քրտինքի եւ արցունքի մէջ։

Յետոյ պահ մը, գրեթէ ուշաթափ, քունի անցաւ։ Մի քանի վայրկեան անց սակայն, խեղդուելու զգացում մը արթնցաւ, թռաւ վեր, նստաւ տեղը։ Երազին մէջ Զանան կամուրջէն վար կը նետուէր... եւ ինք կ՚իյնար անոր հետ, վզէն բռնած կ՚երթար մինչեւ վերջ...

Հեռախօսն առաւ ու գրեց։

Վարդավառի լիճը յարմար էր. դժուար, թէ որեւէ ծանօթ տեսնէր զիրենք։ Հանդիպէին այնտեղ երեկոյեան, արեւմարին, գրկէին զիրար, ու զրուցէին, միասնաբար որոշէին։

Բայց նախ՝ գրկէին զիրար...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020