«Ո՛Չ» ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԵԼ ԱՇԽԱՐՀԸ

Ներկայ դարուն անհրաժեշտ ու հրատապ լուծման կարօտ, մարդկութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մին է մանկական ամուսնութիւնները։ Կարգ մը երկիրներու մէջ օրէնքով սահմանուած ամուսնութեան նուազագոյն տարիքը 18-էն ցած է, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ ալ թոյլ կը տրուի մինչեւ 18 տարեկան ամուսնանալ ծնողներու համաձայնութեամբ, յղութեամբ կամ այլ յատուկ հանգամանքներով։ Մշակութային աւանդութիւններ կարգ մը երկիրներու կամ ժողովուրդներու մէջ կրնան աւելի ազդեցիկ ըլլալ՝ քան պաշտօնական իրաւական օրէնքներ։ Վաղ տարիքին ամուսնութիւններու թիւը բազմաթիւ է, սակայն աւելի շատ է թիւը մանկահասակ հարսերու, որոնց մեծամասնութիւնը սերած է ծանր ընկերային եւ տնտեսական պայմաններով ընտանիքներու մէջ։ 

Զանազան մշակոյթներու, կրօններու, ժողովուրդներու մէջ, նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին կարելի է գտնել տարատեսակ պատկերացումներ, թէ ո՞ր ամուսնութիւնը պէտք է համարել չափազանց վաղ եւ ինչո՞ւ։ Ժամանակակից պատկերացումներով, դարեր շարունակ մանկական ամուսնութիւններ կնքուած են մասնաւորապէս քիչ զարգացած երկիրներու մէջ։ Դեռահասներու յղութիւնը կրնայ նաեւ վնասներ հասցնել երկիրներու տնտեսութիւններու վրայ, եթէ 18 տարեկանը չլրացուցած անձեր լքեն դպրոցը. անոնք ո՛չ միայն կը լքեն ուսումնառութեան հնարաւորութիւնները, այլեւ՝ իրենց հմտութիւնները կորսնցնելով կը պարտադրուին միայն տնային պատասխանատուութիւնները իրականացնելու։ 

Ներկայիս ամենամեծ թիւով մանկական ամուսնութիւն կնքուած երկիրներու շարքին է Մալավին, ուր 18 տարեկանէ վար աղջիկներու շուրջ 46 տոկոսը արդէն ամուսնացած է եւ ունի զաւակ(ներ)։ Թէեւ 2017 թուականին 18 տարեկանը չլրացուցած անձերու ամուսնութիւնը պաշտօնապէս արգիլուած է, սակայն տակաւին առկայ է երկրէն ներս վաղ տարիքի ամուսնութիւններ։ 

Թերեզա Քաչինտամոթօ Մալավիի 300 ցեղախումբերէն մէկուն առաջնորդն է։ Ցեղախումբերու առաջնորդները կը նկատուին մշակութային աւանդութիւններու պահպանիչները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք կրնան փոփոխութեան ենթարկել նաեւ այդ աւանդոյթները՝ ներառեալ մանկական ամուսնութիւններ։ Թերեզա երբ առաջին անգամ այցելեց Տետզա շրջանը, ուր ան պիտի սկսէր պաշտօնավարել, տեսաւ, թէ 12-13 տարեկան աղջիկներու մեծամասնութիւնը լքած էին դպրոցը եւ ամուսնացած։ Անոնք դեռ շատ երիտասարդ էին «մայր դառնալ»ու համար։ Այս դառն իրողութիւնը կսկիծեց Թերեզայի սիրտը եւ սկսաւ աշխատանքի ձեռնարկել շրջանի մանուկ «հարս»երու եւ «փեսայ»ներու համար։

Եթէ Թերեզայի պաշտօնավարած շրջանէն ներս որեւէ գաւառապետ թոյլ տայ 18 տարեկանը չլրացուցած անձի մը հետ ամուսնութեան, անոնք անմիջապէս կը պաշտօնազրկուին։

Թերեզա Քաչինտամոթօ իր պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ զանազան միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ կը պայքարի վաղ տարիքի ամուսնութիւններու դէմ եւ բազմաթիւ ծրագրեր իրականացուած են, որպէսզի երեխաներ շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը։ Թերեզայի նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ Մալավիի իշխանութիւնները 2017 թուականին երկրի տեսակէտէ պատմական եւ կարեւոր քայլ մը առնելով սահմանեցին օրէնք մը, որով ամուսնութեան նուազագոյն տարիքը բարձրացուեցաւ 15-էն 18 տարեկանի։ Սակայն, դժբախտաբար, ըստ նոյն օրէնքին՝ տակաւին 18 տարեկանէ վար քաղաքացիներու ամուսնութիւնը կը թոյլատրուի ծնողներու համաձայնութեամբ։ 

Թերեզայի նախաձեռնութեամբ, ծնողներու կողմէ լքուած, առանձին թողուած երեխաներու համար հիմնուած են պանդոկներ, հիւրանոցներ, որոնք իրենց յաճախելիք դպրոցներուն մօտ տեղակայուած են։ 

Քաչինտամոթօ մինչեւ այսօր, բառին բուն իմաստով դուռ-դուռ պտտելով օգնութեան ձեռք երկարած է աւելի քան 3 հազար ընտանիքի։ Ըստ իրեն, մանկական ամուսնութիւնները կանխելու միակ ճանապարհն է երեխաներու կրթութիւնը եւ ծնողներու իրազեկումը՝ ուսման կարեւորութեան մասին։ Ան նաեւ ահազանգ կը հնչեցնէ այն իրողութեան, թէ առանց լաւ դաստիարակուած եւ կրթուած երեխաներու, աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելը եւ բոլորի փայլուն ապագայ մը ունենալը անհաւանական ու անկարելի կը դառնայ։ Այս պատճառով է, որ պէտք է «ոչ» ըսուի մանկական ամուսնութիւններուն։

«Ոչ» մը միայն կրնայ փոխել ամբողջ աշխարհը… 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020