ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՉԱՐԸ

Յաճախ կը հարցուի.- Եթէ Աստուած՝ բարեկարգ եւ բարի աշխարհին Արարիչը, Իր բոլոր արարածներուն Նախախնամն է, ապա ուրեմն ի՞նչու համար «չար»ը գոյութիւն ունի։

Նոյնքան ստիպեցուցիչ որքան անխուսափելի, նոյնքան կսկծալի որքան խորհրդաւոր այս հարցումին ո՛չ մէկ աճապարուած պատասխան բաւարար է։ Քրիստոնեայ հաւատքին ամբողջութիւնն է, որ կը հանդիսանայ այս հարցումին պատասխանը, որ է արարչագործութեան բարութիւնը, մեղքին եղերականութիւնը, Աստուծոյ համբերատար սէրը որ կ՚ընդառաջէ մարդուն՝ Իր կնքած ուխտերով, Իր Որդիին փրկչական Մարդեղութեամբ, Հոգիին պարգեւովը, Եկեղեցւոյ ժողովումով, սուրբ խորհուրդներուն զօրութեամբ, կոչուածութեամբ երանաւէտ կեանքին, որուն իրենց հաւանութիւնը ընծայելու կանխաւ հրաւիրուած են «ազատ արարած»ները, բայց որմէ կրնան ահաւոր խորհուրդով մը նաեւ խոյս տալ։ Ուստի, քրիստոնեայ պատգամէն չկա՛յ անցք մը, որ մասամբ պատասխան մը չըլլայ չարին հարցին։

«Որովհետեւ Ամենակալն Աստուած գերազանցօրէն բարի ըլլալով, բնաւ թոյլ պիտի չտար որեւէ չարիք գոյութիւն ունենար Իր գործերուն մէջ, եթէ միանգամայն այնքան հզօր եւ բարի չըլլար՝ չարէն իսկ բարիք քաղելու», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Այսպէս կարելի է ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերել, թէ Աստուած Իր ամենազօր նախախնամութեամբ կարող է Իր արարածներուն պատճառած չարին հետեւանքներէն բարիք քաղել, նոյնիսկ «բարոյական չարիք»էն։

Աստուած Իր Իմաստութեամբ եւ Իր անսահման Բարութեամբ, ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը «յառաջընթացութեան մէջ», ուղղուած դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։

Աստուծոյ ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաեւ՝ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաեւ կործանումներ։ Այս իմաստով, ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ «ֆիզիքական չարիք»ը, այնքան ատեն որ արարչագործութիւնը տակաւին չէ հասած իր կատարելութեան։ (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։ Հրեշտակները եւ մարդիկ իմացական եւ ազատ արարածներ ըլլալով, ընթանալու են դէպի իրենց վերջնագոյն վախճանը, քանի օժտուած են «ազատ կամք»ի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։

Քանի որ անոնք օժտուած են ազատ կամքի ընտրութեամբ, կարող են իբր այդ՝ նաեւ «ճամբէն շեղիլ»։ Եւ իրապէս ալ անոնք մեղանչեցին։ Այսպէս է, որ «բարոյական չարիք»ը, որ ֆիզիքական չարիքէն անբաղդատելիօրէն աւելի ծանր է, մտաւ աշխարհ։ Աստուած ո՛չ մէկ կերպով, ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ անուղղակի, պատճառն է բարոյական չարիքին։ (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։

Սակայն Աստուած՝ Արարիչ եւ Նախախնամ, Իր արարածին ազատութիւնը յարգելով՝ թոյլ կու տայ բարոյական չարիքին, բայց միանգամայն գիտէ խորհրդաւոր կերպով բարիք քաղել անկէ։

Ժողովրդական յայտնի խօսքն է՝ չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք։ Հասարակաց իմաստութեան այս արտայայտութիւնը արդէն կը ցոլացնէ ճշմարտութիւնը։ «Ամէն ինչ կը գործակցի բարիքին անոնց, որոնք կը սիրեն Աստուած», կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՀՌՈՄ. Ը 28)։ Արդարեւ, սուրբերուն վկայութիւնը չի դադրիր հաստատելէ այս ճշմարտութիւնը։

Ազատութիւնը մարդս «բարոյական անձ» կ՚ընէ։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, «հայրն է իր արարքերուն»։ Մարդկային արարքները, որոնք ազատօրէն ընտրուած են յետ խղճի քննութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։ Անոնք «բարի» են կամ «չար»։ Այս ուղղութեամբ, սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները. զոր օրինակ՝ միջավայրը, ընկերային ճնշումը, ստիպում կամ հակադրանք գործելու, որոնք անոր շրջանակը կը կազմեն։

Կան արարքներ, որոնք իրենք իրենցմէ եւ յինքեանս, անկախաբար պարագաներէն եւ դիտաւորութիւններէն, ծանրօրէն արգիլուած են իրենց առարկային պատճառով. այսպէս՝ հայհոյութիւնը եւ սուտ երդումը, մարդասպանութիւնը եւ պոռնկութիւնը։

Արտօնուած չէ՛ չարիք մը ընել անկէ բարիք յառաջ բերելու համար։ Այս սկզբունքը կ՚ենթադրէ նաեւ՝ նպատակը միջոցը չ՚արդարացներ։

Ընտրանքին առարկան կրնայ ինքնին ապականել գործին ամբողջութիւնը։ Տուեալ վարուելակերպեր կան, զոր օրինակ՝ շնալը, որոնց հետեւիլը սխա՛լ է, քանի որ զանոնք ընտրելը կամքի անկարգութիւն է. բարոյական գէշութի՛ւն է։

Բարի դիտաւորութիւն մը ո՛չ բարի, ո՛չ ալ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը՝ որ յինքեան անբարեկարգ է։ Այսպէս՝ արդարանալի չէ դատապարտութիւնը անմեղի մը իբրեւ օրինաւոր միջոց փրկելու ժողովուրդը։ Աւելցուած յոռի դիտաւորութիւն մը յոռի կը դարձնէ արարք մը՝ որ ինքնին կրնայ բարի ըլլալ, ինչպէս ողորմութիւնը. (ՄԱՏԹ. Զ 2-4)։

Աստուած Տէրն է աշխարհի եւ պատմութեան։ Բայց Անոր նախախնամութեան ճամբաները յաճախ անյա՛յտ են մեզի։ Միայն աւարտին՝ երբ վերջ գտնէ մեր մասնակի իմացութիւնը, երբ տեսնենք Աստուած «դէմ առ դէմ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 12), այն ատեն լիովին պիտի ճանչնանք ուղիները, նոյնիսկ չարին եւ մեղքին եղերականութիւնը։ Արդարեւ «Ան է որ կը խնամէ մեզ» եւ ամէն ինչ կը յանգի բարի՛ին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2020, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020