ԵՐԵՒԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋԸ
Ոմանք անոպայ մարմաջ մը ունին երեւելու։ Բայց դիրքը, աստիճանը, տիտղոսը՝ արժանիքի ո՛չ գրաւականը եւ ոչ ալ վկայականն է։ Որ մէկը տիտղոսով կը սոնքայ, ուրիշ մէկը՝ իր փառքովը։ Անարժանը երբ փառք եւ պատիւ կը մուրայ, կ՚անարգուի, իսկ արժանաւորը արդէն ո՛չ փառքի եւ ոչ իսկ պատիւի պահանջքը կը զգայ, քանի որ ան աւելիով ունի եւ կը վայելէ փառքը եւ պատիւը։
Անկարող ըլլալը երբեք յանցանք չէ, քանի որ ամէն մարդ որոշ տարողութիւն մը եւ յատկութիւն մը ունի. բայց անկարողութիւնը ջնարակել եւ փայլեցնել կարողութեան կեղծիքով, ահաւասիկ ասիկա աններելի եւ անարգելի մեղանչում է եւ վիրաւորանք կը պատճառէ մարդկային արժանապատուութեան։
Յաւակնիլ մեծութիւն՝ եւ միանգամայն միայն գաճաճ մը ըլլալ՝ իրապէս շատ ամօթալի երեւոյթ մըն է։ Գիտնական ձեւանալ առանց գիտութեան լուրջ պաշարի, ինքնախաբէութիւն է եւ խաբէութիւններու կարգին մէջ՝ ամենէն զզուելի՛ն։ Ճշմարիտ մըր-ցակցութիւնը հաւասարներու մէջ կ՚ըլլայ եւ անհաւասարներ չեն կրնար իրարու մրցակից ըլլալ, ինչ որ բնութեան հակառակ երեւոյթ մըն է։ Ասիկա ամէն մարզի մէջ բնական եւ բանաւոր օրէնք մըն է, եւ թերեւս գերազանցապէս ընկերային կեանքի մէջ եւ անհատական յարաբերութիւններու շուրջ։
Ամենէն բանաւոր եւ արդիւնաբեր մրցակցութիւնը մարդուն իր իսկ «Ես»ին հետ մրցակցութիւնն է. մարդ եթէ «մեծ» է, արդէն յայտնի է եւ մրցելու պահանջքը չունի, բայց եթէ «փոքր» է, այն ատեն մրցելու պէտքը կը զգայ, իր կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «մեծութիւն»ը ցոյց տալու, «մեծ» երեւելու համար։ Իրական մեծերը անոնք են, որոնք մրցելու եւ իրենքզիրենք «մեծ» ցոյց տալու, «մեծ» երեւելու պահանքը երբեք չեն զգար։ Իրական «մեծ»ը տեսնելու համար կը բաւէ շուրջը դիտել, ուշադրութեամբ դիտել մանաւանդ, քանի որ իրական մեծը միշտ կը ծածկէ ինքզինք, անձայն է եւ շատ անգամ անտեսանելի՛։
Իսկ այն որ «փոքր» է, զբաղած է ինքզինք ցոյց տալու բոլորին, երեւելու որպէս «մեծ», բայց երբ ան «փոքր» է, ո՛չ մէկ բան զինք կրնայ «մեծ» ընել, թերեւս «մեծ» ցոյց տալ ժամանակի մը համար։ Մինչդեռ «փոքր»ը փոխանակ երեւելու համար ժամանակ վատնելու, «մեծ» երեւելու հարցով զբաղելու, «մեծ» ըլլալու եթէ աշխատի, մեծ ըլլալու պայմանները եթէ լրացնէ՝ կրնայ մե՛ծ մարդ ըլլալ…։
Կան «փոքր» մարդիկ, կան նկարագրով «փոքր» մարդիկ, որոնք կը վառին երեւելու մարմաջով մը առանց սակայն ցոյց տալու որեւէ մեծութեան եւ արժանիքի ապացոյց։ Հսկայ ծառ մը խորհեցէք, եւ պարզ խոտ մը. այդ ծառը չեղած, խոտը ի՞նչ իրաւունք ունի հսկայ ծառին պատիւին արժանանալու։ Կարելի՞ է խորհիլ հսկայ ծառի մը եւ պարզ խոտի մը մրցակցութիւնը, երբ յայտնի եւ բացայայտ է ամէն բան։ Բայց սովորական է մարդկային կեանքի մէջ այսպիսի սնափառութիւններու երեւոյթը, ինչպէս տեսնուած է միշտ մարդկային պատմութեան մէջ։
Բայց ինչո՞ւ մարդոց այս անդիմադրելի մարմաջը «մեծ երեւել»ու, եւ ինչո՞ւ չերեւիլ այնպէս՝ ինչպէս որ են իրականութեան մէջ։ Ինչո՞ւ մարդիկ, ընդհանրապէս մեծի դիմակով կ՚երեւին, եւ ինչո՞ւ չեն համարձակիր երեւելու առանց դիմակի եւ ինչո՞ւ չեն ըսեր համարձակութեամբ. «Ահաւասի՛կ, ես այս ձեր տեսած մարդն եմ»։ Ճշմարտութիւնը ինչո՞ւ անհանգիստ կ՚ընէ այդ դիմակաւոր մեծամիտները, ճշմարտութիւնը ընդունիլ եւ ճշմարտութիւնը ցոյց տալ՝ ճշմարիտ կերպով երեւիլ այդքա՞ն դժուար է։ Այդքան դժուա՞ր է եղածին պէս երեւիլ, ճշմարտութեան մէջ ապրիլ…։
Ասիկա նկարագրի եւ ընկերային վարմունքի հարց մըն է. եղածէն տարբեր երեւիլ ոմանց համար ապրելակերպ մը, կեանքը վարելու ձեւ մը, ճամբայ մըն է։ Կարելի՞ է սրբագրել։ Եթէ մարդ զօրաւոր կամք ունի՝ ինչո՞ւ չէ. այո՛, կարելի է։ Սակայն մարդուն իր սովորութիւններէն եւ վարժութիւններէն հեռանալ դիւրին չէ, մանաւանդ որ անոնք իրեն շահ մը, օգուտ մը, կեանքի դիւրութիւն մը կ՚ապահովեն։ Բայց բարոյական դիմակի մը ետին՝ դիմակաւոր ապրիլ որքա՞ն տանելի է, որքա՞ն կարելի է տեւականացնել. ի վերջոյ դիմակազերծ պիտի չըլլա՞ն «բարոյական դիմակ»ով ապրողներ։
Մինչդեռ երբ մարդ ճշմարտասէր ըլլայ՝ համեստ եւ հաշտ ինքնիրեն հետ, որքա՜ն հարցեր ընկերային, որքա՜ն խնդիրներ մարդկային փոխյարաբերութիւններու նկատմամբ, կարելի կ՚ըլլայ լուծել եւ ապրիլ խաղաղ միջավայրի մը մէջ։
Ճշմարտասէր ըլլալու համար մարդ պէտք է համեստ ըլլայ, հաշտ ինքնիրեն հետ եւ ներքին խաղաղութիւն, եւ անշուշտ, ինքնավստահութիւն ունենայ։ Ինքնավստահութիւնը նախապայման է ճշմարտութիւնը առանց ծածկելու ցոյց տալու։ Բայց պէտք չէ ինքնավստահութիւնը շփոթել ինքնահաւանութեան հետ, որ ամէն չարութեան աղբիւրն է։ Ինքնավստահութիւնը առաքինութիւն մըն է, իսկ ինքնահաւանութիւնը՝ մոլութի՛ւն։
Երկու տեսակ ինքնահաւանութիւն կայ. մարդ կա՛մ յանձնապաստան կ՚ըլլայ իր կարողութիւններուն յուսալով կարենալ առանց ուրիշներու օգնութեան ապրիլ, կա՛մ հաշիւ կ՚ընէ աստուածային ամենակարողութեան եւ ողորմածութեան վրայ, յուսալով փառքը ընդունիլ առանց արժանիքի։
Ինքնաճանաչումը՝ չափաւորութիւնը, չափը եւ կշիռը գիտնալը եւ ըստ այնմ վարուիլը առաքինութիւն մըն է։ «Ողջախոհութիւնը մեզ կը վերակազմէ. ան կը տանի մեզ այն ներքին միութեան՝ զոր մենք կորսնցուցած էինք տարտղնուելով», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ուստի, մարդ անգամ մը եւս խորհելու է իր բարոյական դիմակը վա՛ր առնելու մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 19, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024