ԲԱՂՐԱՄԵԱՆԸ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏՈՒՆ

-Մամա, ծիւ գացի ոչ, (Մամայ, լողի չերթանք): Զաւէնիկը այնքան ալ մեծ հաճոյքով չի յաճախեր լողի. տակաւին շատ պզտիկ է, դժուար կու գայ:

-Ո՛չ, չենք երթար,- կը պատասխանեմ ես:

-Շուշի գացի:

-Շուշի երթա՞նք:

-Ըհը,- կը պատասխանէ Զաւէնիկ:

Շուշին Բաղրամեան պողոտան է: Այստեղ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան երեք կարեւորագոյն օղակները՝ Ազգային ժողովի շէնքը, Նախագահական նստավայրը, որ յայտնի է նաեւ «Բաղրամեան 26» անունով, եւ Սահմանադրական դատարանը: Ազգային ժողովի ճիշդ դիմացն ալ հպարտ կը կենայ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ շէնքը: Բաց աստի, հայոց մայրաքաղաքի նշանաւոր պողոտային վրայ կը գտնուին Սիրահարներու այգին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը, ձին հեծած մարշալ Բաղրամեանի շգեղագոյն արձանը: Այստեղ կը գտնուին նաեւ հայ մեծերու առանձնատուներ...

Այս օրերուն մեր երկրորդ տունը, մեր երկրորդ հասցէն դարձած է Բաղրամեան պողոտան: Բաղրամեան առաջնագիծ: Զաւէնիկ այլեւս գիտէ, որ մանկապարտէզէն վերջ գործ ունի ընելու. պիտի երթայ Շուշի: Շուշին իրեն կը սպասէ: Այստեղ կ՚որոշուի Հայաստանի ու Արցախի, հայոց պետականութեան վաղուայ օրը:

Զաւէնիկը աշխուժօրէն կը մասնակցի հանրահաւաքներուն: Եղանակային պայմանները բնաւ կարեւոր չեն. ցուրտ է, սառնամանիք է, կ՚անձրեւէ, ձիւն կը տեղայ... Մեր վիրաւոր հայրենիքը ունի մեր կարիքը, մենք ալ պարտաւոր ենք անոր սատար կանգնելու: Զաւէնիկը նոյնիսկ վատառողջ վիճակով հայրենիքի պաշտպաններու շարքերուն մէջ է: Իմ փոքրիկ հրեշտակին ըսած եմ՝ երթանք, որպէսզի Շուշին գայ: Այդ օրուընէ ի վեր, ամէն անգամ կ՚ըսէ. երթանք Շուշի: Իսկ ինչո՞ւ հենց Շուշի: Անունը Զաւէնիկ ընտրած է: Պատերազմէն վերջ յաճախ կ՚ըսէր Շուշի, բերդաքաղաք երթալ կ՚ուզէր:

Ես կուսակցական մը չեմ: Իմ ընտանիքը նոյնպէս: Մենք Բաղրամեան կ՚երթանք, սատարելու համար ո՛չ թէ անձերու, այլ՝ մեր հայրենիքին:

Հայեր միացէ՛ք, միացէ՛ք հայեր,

Արցախն է ձեզ կանչում, օգնութեան հասէք...

Երեսուն տարի անց այս երգի բառերը կրկին օրհասական դարձած են: Այսօր ո՛չ միայն Արցախը, այլեւ՝ Հայաստանը ունի համայն հայութեան աջակցութեան կարիքը: Իսկ մենք մեր աջակցութիւնը կրնանք ցուցաբերել մեր ներկայութեամբ: Հարկ եղած պարագային համալրելով «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» շարքերը: Բազմահազարանոց ցոյցերու մասնակիցներու նպատակը մին է՝ ժամ առաջ փրկել երկիրը դէպի կործանում տանող ազգադաւ իշխանութիւններու ճիրաններէն:

Բաղրամեան պողոտայէն ես կ՚առնեմ Արցախիս կարօտը: Այնտեղ հաւաքուածները հայրենասէր մարդիկ են, որոնք կը տառապին Արցախի ցաւով եւ խիստ մտահոգուած են Հայաստանի ապագայով: Այստեղ ես ինքզինքս կը զգամ ինչպէս տանը՝ սիրուած ու յարգուած, ուշադրութեան արժանացած: Այստեղ մեծ ակնածանք կայ արցախցիներու նկատմամբ. երբ կ՚իմանան արցախցի ես, իրենց աչքերը պահ մը փայլի, այնուհետեւ կը տամկանայ, բառերն ալ կը խեղդուին կոկորդի մէջ: Բերանի փոխարէն կը խօսին տամուկ աչքերը. երկվայրկեաններ տեւող լռութիւնը դարեր շուռ կու տայ եւ կը խլացնէ ականջներ:

Սպեղանի մըն է Բաղրամեան պողոտան, ուր կը բուժուին մեր վիրաւոր հոգիներն ու սրտերը: Փետրուարի 24-ին տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին ես սորվեցայ կրկին լսել Արցախ բառը: Սեպտեմբերի 27-էն վերջ, առաջին անգամ սորվեցայ ունկնդրել հայրենասիրական երգերու՝ առանց յուզմունքի: Այդ օրը Ազատութեան հրապարակի մէջ ուղեկցուող երգերու հետ անթիւ ու անհամար արցունք թափեցի: Թափուող ամէն մէկ արցունքի կաթիլի հետ հոգիս կը խաղաղէր, իսկ այսօր առանց աւելորդ յուզմունքի կ՚ունկնդրեմ վերջերս Արցախին նուիրուած երգերուն: Բաղրամեան պողոտայի մէջ կ՚ապրի հայու անկոտրուն ոգին, այստեղ կը բաբախի հայոց աշխարհի սիրտը: Մենք կա՛նք եւ պէտք է ըլլանք:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:

Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ մեր սրբազան հայրենիքներու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021