ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՍԷՐ
Մարդասիրութիւնը կը բխի հայրենասիրութենէ:
Եթէ անձ մը հայրենասէր չէ՝ չի կրնար ըլլալ մարդասէր:
Պարզապէս մորթապաշտ ու ինքնասէր մըն է:
Աշխարհի հարստութիւններու զգալի մասը իրենց ափին մէջ պահած որոշ ուժեր այսօր մարդկութեանը կ՚ուղղորդեն դէպի համաշխարհայնացում: Սա աղէտաբեր որոգայթը ունի զգլխիչ բաղադրիչներ. այլեւս երկրագունդի երեսին գոյութիւն պիտի չունենան սահմաններ: Մարդը պիտի դառնայ աշխարհի քաղաքացի, աշխարհը պիտի դառնայ մարդու տունը: Այլեւս Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր ճանապարհորդելու նպատակաւ մարդիկ ստիպուած պիտի չըլլան ստանալու մուտքի արտօնագիր, կամ՝ մերժուելու: Այլեւս պիտի վերանան ազգերը, մշակոյթներն ու կրօնները: Բոլոր մարդիկ իրարու հաւասար պիտի ըլլան: Աշխարհի զարդը պիտի դառնայ մարդը՝ առանց ազգութեան: Թերեւս հանդերձեալ կեանքը կ՚ուզեն տեղափոխել երկիր:
Ակամայ կը թուի գայթակղեցուցիչ: Սակայն այս մէկը լոկ որոգայթ մըն է՝ լարուած Սատանայի, չար ուժերու կողմէ: Արտաքնապէս հիւթեղ, գեղեցիկ ու ախորժելի կարմիր խնձոր մըն է, ներսը փտած: Թերեւս դրախտի մէջ Եւային ու Ադամին գայթակղած նոյն խնձորէն:
Այս ծուղակին մէջ առաջինը ինկան պարապ ու աննպատակ կեանք վարողներ, որոնք իրենց սեփական անձերէն այն կողմ կը տեսնան ոչինչ: Ասոնք մեծաւ մասամբ ոչ մէկուն կու տան վնաս, ինչպէս մայթին կամ ճամբեզրին աճող խոտն ու մոլախոտը: Կ՚ուզեն աշխարհը ըլլայ իրենց տունը, համայն մարդկութիւնը իրենց բարեկամը: Երբեւէ, աշխարհի ոչ մէկ անկիւնին տեղի ունենան պատերազմներ ու մարդկային արհաւիրքներ: Այս կարգի մարդիկ երկու ձեռքով ու ոտքով պատրաստ են համաշխարհայնացումի: Սակայն չեն գիտակցիր, որ ասիկա լոկ պատրանք մըն է, որոգայթ մը՝ լարուած սատանայի կողմէ:
Միւս կողմէ, աշխարհի երեսին ասոնք իրենց փափաքին կրնան հասնիլ միայն ընդունելով ու փառաբանելով զԱստուածն ու Յիսուս Քրիստոսը, ապրելով հաւատքով ու սուրբ պահելով Տիրոջ պատուիրանները: Ինչեւէ վերադառնանք մերօրեայ իրականութեան՝ բզկտած ու քարուքանդ եղած Հայաստան ու Արցախ:
Մեր սրբազան հայրենիքը այսօր յայտնուած է համաշխարհայնացումի տարրերով արբեցած, կուրացած ուժերու ձեռքին: Սատանայի ծառաները հեռացնելը բաւական խրթին է մեզի համար, քանզի մենք տակաւին չենք զղջացած, ապաշխարած ու դարձած դէպի Աստուած, Յիսուս Քրիստոս: Ըստ համաշխարհայնացում քարոզողներու՝ հայրենասէր մարդը արիւնարբու մըն է, որ կը տենչայ դիմացինի մահը յանուն հողակտորի մը: Անոնց համար գոյութիւն չունի հայրենիք հասկացողութիւնը։ Բաց աստի, զայն կը համարեն դատարկաբանութիւն մը, չէ՞ որ համայն աշխարհ կը պատկանի մարդկութեան: Անոնք ինքզինքնին հռչակած են խաղաղութեան մարտիկներ, իսկ իր հողն ու ջուրը սիրողը, փայփայել ուզողը՝ անտաշ մարդասպան մը:
Չարաչար կը սխալիք: Ձեր մէջ ի սպառ կը բացակայի մարդասիրութիւնը: Ձեր այդ ընթացքով հայ ազգը ունեցաւ հազարաւոր զոհեր, հարիւրաւոր անյայտ կորածներ ու գերիներ, տասնեակ աստիճանի հաշմանդամներ: Մեր քաղաքին մէջ նուազած են զոյգ ոտքերը: Ամէնուր երեւան կու գան միոտանի, մի ձեռանի, կամ առանց ձեռքերու գեղեցկադէմ երիտասարդներ, մատղաշ հոգիներ, որոնք չհասցուցին իրենց զաւակներու հետ ոտնագնդակ խաղալ, սիրելիներուն հետ ճեմել պարտէզներուն մէջ, իրենց առջինեկները իրենց գիրկը առնել, կուրծքին սեղմել...
Դուք մարդասէր չէք: Մարդասէրը հայրենասէրն է: Եթէ մարդ չի սիրեր իր սեփական հայրենիքը, ինչպէ՞ս կրնայ դրմացինը սիրել: Դուք պարզապէս թուլամորթ մորթապաշտներ էք, որոնք պատրաստ են յանուն իրենց անձի փրկութեան ամէն ստորութեան: Հայրենասէրն է մարդասէրը: Հայրենիք սիրողը իր կեանքը կը զոհէ, յանուն ուրիշներու կեանքի փրկութեան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024