ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ համայնքի վերջին օրերու հրատապ նիւթերու շուրջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ ծնունդ առած լուրջ տարակարծութիւններուն եւ զուգահեռաբար ծագած փոթորկալի մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով իր վերաբերմունքը յայտնեց համայնքային շրջանակներու նկատառման։

Այս յայտարարութեան մէջ մեղադրական շեշտով քննադատական ակնարկութիւններ կատարուած են թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ թէ Պետրոս Շիրինօղլուի հասցէին։ Շիրինօղլու քննադատուած է «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» կոչուած հարթակին վրայ արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց գործունէութիւն մը չկազմակերպելով եւ համատեղ շարժումներու ուղղեալ բոլոր ջանքերը խափանելով։

Նորին Ամենապատուութեան պարագային ալ նշուած է, որ վիճելի ընտրութիւնով մը եւ ժողովուրդի կարեւոր մեծամասնութեամբ պաշտօնի կոչուելէ վերջ իր առաջին ու միակ նպատակը պէտք է ըլլար՝ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման վրայ կեդրոնանալը։ Մինչդեռ, աշխարհական վարիչներու առկայ պարապութիւնը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փորձած է լրացնել իրեն մերձաւոր ու ոչ-ընտրուած վարչայիններով։ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը այդ անունները որակած է արատաւոր եւ յայտարարած է, որ կը մերժէ այս անհեռատես ղեկավարութիւնը։

Այս փուլին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ ամբողջ եռանդը շարժման պիտի անցընէ առկախեալ ընտրութիւններու իրականացման համար եւ համապատասխան սպասումի մէջ է համայնքային բոլոր վարիչներու կամ ղեկավարներու պարագային։ Խնամակալութիւնը սա կը համարէ գործօն մը, որով աւելի լուսաւոր ապագայ մը կրնայ կառուցուիլ համայնքին համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021