ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՀԱՅ ԿԱՅ… ՆՈՅՆԻՍԿ` ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ

Երբ այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութենէն հայերու գաղթի մասին մտահոգիչ թիւեր կը հրապարակուին, հետաքրքրական է անդրադառնալ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ (անցեալին կամ ներկայիս) հայերու յայտնաբերումին մասին եւ մանաւանդ շեշտել, որ առանց կազմակերպուած ազգային հաւաքական կեանքի՝ շատ դժուար կ՚ըլլայ գոյատեւելը:

«Վայս Արապիա» կայքը հրապարակած է Տանա էլ Շէյխի յօդուածը 1940-ական թուականներուն Կազզէ գաղթած հայ լուսանկարիչի մը մասին, որուն թոռը հաստատուած է Փարիզ եւ վերջերս մեծ հօր լուսանկարները յայտնաբերելով՝ Գահիրէի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպած է: Յօդուածագիրը զրուցած է անոր հետ:

*

ԿԱԶԶԷԻ ՎԵՐԱԳՏՆՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՆ ԱՆՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ ՅԱՅՏՆԻ ԿՈՂՄԸ

1940-ական թուականներուն լուսանկարիչ Գեղամ Ճղալեան Կազզէ քաղաքին մէջ բացաւ առաջին լուսանկարչատունը: Անոր պատկերները ցոյց կու տան քաղաքին մէջ կեանքը՝ նախքան պատերազմէն այլափոխուիլը:

Աւելի քան 1700 տարի Սուրբ Երկիրը հայկական փոքր համայնքին տունը եղած էր: Չորրորդ դարուն հայ քրիստոնեաներն ու վանականները քաղաքին մէջ ուխտագնացութիւններ կատարելէ ետք բնակութիւն հաստատեցին Երուսաղէմի մէջ:

Ժամանակի ընթացքին անոնք ստեղծեցին իրենց շրջապատը, որ այսօր յայտնի է որպէս Հայկական թաղ: Երուսաղէմի պաղեստինահայ համայնքը բազմացաւ ցեղասպանութենէն ետք:

1940-ականներուն երուսաղէմաբնակ լուսանկարիչ Գեղամ Ճղալեան, որ Մեծ եղեռնի ժամանակ փախած էր Հայաստանէն, տեղափոխուեցաւ Կազզէ, որ այն ժամանակ պարզապէս պաղեստինեան քաղաք էր Միջերկրական ծովու ափին:

Ութսուն տարի եւ բազմաթիւ պատերազմներէ ետք Կազզէն եւ անոր շրջակայքը դարձած են երկրի ամենէն բնակուած վայրերէն մէկը:

Տեղւոյն բնակիչներուն մեծամասնութիւնը գործազուրկ է, իսկ ջուրը, ելեկտրականութիւնը, սնունդը եւ դեղօրայքը սահմանափակ են:

Բացի ատկէ, անշուշտ, անոնք չեն կրնար հեռանալ:

Բայց նախքան Կազզէի եօթնամեայ շրջափակումը եւ «Համաս»ի իշխանութեան գալը՝ քաղաքը ունէր մշակութային բոլորովին այլ ինքնութիւն եւ զգացողութիւն, որոնք յաւերժացած են Ճղալեանի լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակի միջոցով:

Անոր 36-ամեայ թոռը՝ Գեղամ Ճղալեան Կրտսերը, Ֆրանսայի մէջ գեղարուեստական ղեկավար, տեսողական արուեստագէտ եւ ձեւագէտ է: Ան վերջերս Եգիպտոս գտնուող իր հօրենական տան մէջ գտած է երեք տուփեր, որոնք կը պարունակէին իր մեծ հօր փորձապակիները (լուսանկարչական ժապաւէններու նեկաթիւները) եւ հին լուսանկարներ:

Գեղամ Ճղալեանի մահէն քառասուն տարի ետք, անոր աշխատանքը այժմ կը ցուցադրուի «Աքսես արթ սփէյս» կեդրոնին մէջ, Գահիրէ, այն քաղաքը, ուր Ճղալեաններու ընտանիքին մէկ մասը փախած է 1967-ի վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին:

Ճղալեան նախընտրեց մնալ իր սիրելի քաղաքին մէջ: Անոր նկարները կը ցոլացնեն Կազզէի բնակիչներու համեմատաբար անհոգ կեանքը 1940-ականներէն մինչեւ 1970-ականները: Բոլորն ալ հազուագիւտ նկարներ են:

Լուսանկարներու բոլոր թուականները հանուած են, որպէսզի ներկայացնեն Կազզէի «ժամանակաւոր կասեցուած» տարբերակը, ինչպէս կ՚ըսէ Գեղամ Կրտսերը, որուն հետ «Վայս Արապիա» կայքի թղթակիցը հանդիպած է ցուցահանդէսին ընթացքին եւ զրուցած՝ անոր ընտանիքի բարդ յարաբերութիւններուն, գաղթի եւ ինքնութեան մասին:

ՎԱՅՍ- Այս ցուցահանդէսը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար անձնական մակարդակի վրայ:

ԳԵՂԱՄ ՃՂԱԼԵԱՆ- Ցուցահանդէսը շատ իւրայատուկ է, գրեթէ բուժիչ: Երբ գտայ այս արխիւները հայրիկիս մօտ, այնպէս զգացի, թէ հնագէտ մըն եմ, որ յայտնաբերած է պատմական կարեւոր արուեստի իր մը: Ինծի համար անմիջապէս պարզ չէր, թէ որքա՛ն կարեւոր են այս պատկերները, բայց ես գիտէի, որ անոնց մէջ բան մը կայ: Ես անհամբեր կ՚ուզէի ճանչնալ մեծ հայրս: Ես անկէ ժառանգած էի լուսանկարուելու իմ կիրքս: Այդ պատճառով ես շարունակեցի «պեղումները», եւ ինչպէս կը տեսնէք, անոր լուսանկարները սքանչելի յայտնագործութիւն են: Ան վաւերագրած է Կազզէի մէկ երեսը, որ բոլորովին կը տարբերի անկէ, որ մենք կը տեսնենք այսօր:

-Տուփերը ե՞րբ գտաք եւ ի՞նչ պատահեցաւ:

-Տուփերը գտայ 2018-ին: Այդ ատենէն ի վեր ես բախած եմ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց շարքին՝ լուսանկարչութեան պահպանման ասպարէզին մէջ փորձառութիւն չունենալս: Հիմա իսկ ես կը փորձեմ վերագտնել մեծ հօրս մնացեալ արխիւները Կազզէի մէջ, որպէսզի անոնք միացնեմ Գահիրէի մէջ գտածիս հետ: Ես յոյս ունիմ, որ կը կարողանամ իրականացնել ատիկա:

-Ինչպէ՞ս էր քու յարաբերութիւնդ մեծ հօրդ հետ:

-Ես զինք բնաւ չեմ տեսած: Ան կը շարունակէր ապրիլ Կազզէի մէջ եւ կեանքէն հեռացաւ 1980-ականներու սկզբին: Տեսողական արուեստի հանդէպ մեր ընդհանուր կիրքէն բացի՝ ես շատ կ՚ուզէի, որ զինք ճանչնայի, որովհետեւ Կազզէէն եկած մարդիկ դրական կ՚արձագանգեն, երբ կ՚ըսեմ, որ ես անոր թոռն եմ: Մեծ հայրս հիմնադրած է քաղաքին մէջ առաջին լուսանկարչատունը, եւ անոր անուան յիշատակումը տակաւին ուժեղ յոյզեր կը յառաջացնէ յիշողութիւններուն մէջ այն մարդոց, որոնք այդ ժամանակ այնտեղ կ՚ապրէին:

-Հայրդ չէ՞ր ըսած այդ տուփերուն մասին։

-Հայրս նախապէս երբեք չէր յիշատակած տուփերը: Ան մոռցած էր անոնց մասին: Այդ տուփերուն յայտնաբերումը փոխեց իմ կեանքս: Ես աւելի տեղեակ եղայ իմ ընտանեկան ժառանգութեանս մասին եւ աւելի խոր սկսած եմ ընկալել իմ ինքնութիւնս: Այս լուսանկարները հիմնականին մէջ Կազզէին իսկական պատկերը վերադարձնելու միջոց են. քաղաքը արժանի է իր պատմութիւնը այլ կերպ պատմելու:

-Ի՞նչ սորվեցար մեծ հօրդ մասին այս լուսանկարներուն ընդմէջէն:

-Այս լուսանկարները ինծի համար աւելի հարցումներ կը յառաջացնեն, քան կը պատասխանեն: Ես կը նայիմ լուսանկարներուն եւ կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ հայ գաղթական մը որոշեց հաստատուիլ Կազզէի, այլ ոչ թէ Երուսաղէմի մէջ: Հետաքրքրական է՝ ինչպէ՞ս արաբերէն հազիւ խօսող մարդ մը կը շահի մարդոց այդքան բարձր վստահութիւնը եւ սէրը:

-Մեծ հայրդ ինչպէ՞ս համարկուած է Կազզէի բնակչութեան:

-Մեծ հայրս ցեղասպանութենէն փրկուած էր: Ընտանեկան պատմութիւններու համաձայն, ան Հայաստանէն փախած է՝ որպէս աղջիկ ծպտուած, որովհետեւ նախ սպաննած են տղաները: Իր պատանութեան տարիներուն տեղափոխուած է Կազզէ՝ լուսանկարչատուն մը բանալու համար, այլ հայ լուսանկարիչէ մը Երուսաղէմի մէջ արհեստը սորվելէ ետք: Ան լուսանկարած, վաւերագրած է Նակպան (կամ՝ Աղէտը, Պաղեստինի աւելի քան 7 հարիւր հազար բնակչութեան գաղթը 1948 թուականի պաղեստինեան պատերազմէն ետք), վեցօրեայ պատերազմը, գաղթակայանները եւ բոլոր ողբերգութիւնները, որոնց մէջէն անցաւ Կազզէի ժողովուրդը:

-Ի՞նչ յիշողութիւններ ունի ընտանիքդ վեցօրեայ պատերազմէն:

-Իմ ընտանիքս դառն յիշողութիւններ ունի վեցօրեայ պատերազմէն: Մեծ մայրս Գահիրէի մէջ էր, երբ պատերազմը սկսաւ: Ան կ՚այցելէր հօրս եւ հօրեղբօրս, որոնք կ՚ուսանէին հոն: Ատկէ ետք անոնք երեք տարի չկարողացան վերադառնալ Կազզէ՝ տեսնելու մեծ հայրս, եւ այդ ժամանակէն ի վեր այցելութիւնները աւելի նուազ դարձան:

1980-ականներու սկիզբին Կազզէ ճամբորդելէ ետք, հայրս Եգիպտոս վերադառնալու ատեն հետապնդուեցաւ: Իսրայէլցի զինուորը այնքան վատ կը վերաբերէր անոր հետ, որ ան երդում ըրաւ այլեւս երբեք չվերադառնալ Կազզէ, եւ այդպէս ալ եղաւ: Այս դրուագը կարծես կնքեց Կազզէէն անոր յուզական անջատումը: Թերեւս այդ պատճառով ան մոռցաւ երեք տուփերուն մասին:

-Մարդիկ ի՞նչ կարծիք ունին այս ցուցահանդէսին մասին:

-Կազզէն միշտ յառաջացուցած է մարդոց հետաքրքրութիւնը, յատկապէս՝ օտարերկրացիներու, որոնց շարքին՝ Եգիպտոսի բազմաթիւ դիւանագէտներու: Անոնք յաճախ ցնցուած են, որ Կազզէն իսկապէս այսպիսի տեսք ունէր: Ընկերային ցանցերու միջոցով Կազզէէն բազմաթիւ մարդիկ իրականութեան մէջ ճանչցած են իրենք զիրենք, կամ ընտանիքի անդամները՝ մեծ հօրս լուսանկարներուն մէջ: Անոնք կապ հաստատեցին ինծի հետ եւ աւելին պատմեցին այն մասին, թէ ինչպէ՛ս լուսանկարուած են, եւ որոնք են նկարին մէջ պատկերուած մարդիկը: Ասիկա գրեթէ նման էր հաւաքոյթի:

-Ո՞ր լուսանկարը ամենէն սրտամօտն է քեզի:

-Այս մէկը:

Ասիկա մեծ հօրս շուքն է աւազին վրայ, եւ այս իմ հօրաքոյրս է՝ մէկ ձեռքը հօրս ուսին: Անոնք խաղաղ, ոտաբոպիկ կը շրջագային աւազին վրայ, երբ ծովը կը շոյէ անոնց ոտքերը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021