ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի թան­գա­րա­նը ստա­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած է գոր­ծել Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թ. Բա­ղի­շե­ցի Կո­լոտ Պատ­րիար­քին ա­նուան ձօ­նուած թան­գա­րա­նը, ո­րուն ներ­կա­յիս շնոր­հուած է պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճակ։ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի ա­ւար­տին, պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տած են թան­գա­րա­նի ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ պաշ­տօ­նա­գի­րը։ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան, որ թան­գա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տուն է, այդ վկա­յա­գի­րը ստա­նա­լով փո­խան­ցած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց եր­կար սպա­սու­մէ մը վերջ ա­պա­հո­վուած այս ձեռք­բե­րու­մին հա­մար եւ իր հայ­րա­կան շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յղեց թան­գա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015